Գրիգոր Կերկերեան
Հայր Գրիգոր Կերկերեան (1911 - 1988), հայ պատմաբան։
Գրիգոր Կերկերեան | |
---|---|
Ծնած է | 1911 |
Մահացած է | 1988 |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Կիւրին, Սեբաստիա: Ան եղած է իր ծնողներու 16 զաւակներէն ամենափոքրը եւ փրկուելով ստոյգ մահէ, աւագ եղբօր հետ կերպով մը հասած է Պէյրութ, ուր իր մանկութիւնը անցուցած է որբանոցի մէջ:
1925-ին ընդունուած է Զմմարի վանքի դպրատունը: 1930-ին, աւարտած է Պէյրութի Ս. Յովսէփի անուան համալսարանը, հուսկ, հետեւելէ ետք Հռոմի Լեւոնեան հիմնարկի Աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։
1937-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն վարդապետ եւ հաստատուած Գահիրէ, ուր ձեռնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դոկտորականի իր թեզի պատրաստութեան, ողջ կեանքը նուիրելով այդ նիւթի ուսումնասիրութեան: Իր հետազօտութիւններուն ընթացքին հանդիպած է քիւրտ Մուսթաֆա Փաշային (Նեմրութ Մուսթաֆա Փաշա), որ 1919-1922 եղած է երիտթուրք պաշտօնեաներու դատական գործերը քննող ռազմական առաջին դատարանի (Divani Harbi Օrfi) դատաւորներէն մէկը եւ նախընթաց ձերբակալութեան մը ենթարկուած ըլլալուն համար, վախնալով նոր ձերբակալումէ փախած էր Գահիրէ, երբ 1922-ին թուրք ազգայնականները գրաւած էին Պոլիսը:
Գրիգոր Կերկերեանի հանդիպումը Օսմանեան նախկին դատաւորին հետ բեկումնային եղած է[1]: Մուսթաֆա Փաշա իրեն հաղորդած է, թէ Պոլսոյ դատավարութեան փաստաթուղթերուն կարեւոր մէկ մասը կը պահուին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ։ Կերկերեան այցելած է այս արխիւը եւ այդ տեղի նիւթերը ընդօրինակած է ժապաւէնի վրայ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ԳՐԻԳՈՐ ԿԵՐԿԵՐԵԱՆԻ ԱՐԽԻՒԸ՝ ՀԻՄՔ ՓՐՈՖ. ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄԻ «ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐ -ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ-» – Գանձասար»։ արտագրուած է՝ 2023-07-14
- ↑ «Կերկերեանի արխիւը կը լուսաբանէ ցեղասպանութիւնը | Ակօս»։ Agos։ 2018-05-12։ արտագրուած է՝ 2023-07-14