Գրիգոր Այգունի (Հաճնլեան)

Գրիգոր Այգունի (1886, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1928, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), երգահան։

Գրիգոր Այգունի
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1928
Մահուան վայր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Օրբերլինի կոնսերվատորիա?
Մասնագիտութիւն ջութակահար, երաժշտութեան դասախօս
Աշխատավայր Սեթլմենթ Մյուզիկ դպրոց?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Տարսոն 1886 թուականին, որդի Սարգիս Հաճընլեանի։ Նախ տեղւոյն նախակրտարանը յաճախելէ ետք՝ տասը տարեկան հասակին կը մտնէ Տարսոնի Գոլէճին նախակրթարանը, եւ ինը տարի ուսանելէ ետքը, 1905 թուականին ընթացաւարտ կ'ըլլայ գօլէճէն, ուր 3 տարի ուսուցչութեամր կը զբազի՝ գրլխաւորաբար երաժչտութեան եւ մարմնամարզի ճիւզերուն մէջ։ Կանուխ տարիքէն մասնաւոր հակում մը ցոյց կու տայ երաժչտութեան, որով յետոյ յաջողութեամբ կը վարէ գոլէճին 25 հոգինոց նուագախումբը։ Կը փորձէ նաեւ եղանակներ չարադրալ եւ ղաչնաւորել։

1909 թուականին, Կիլիկիոյ աղէտին, երբ Հայաստանէն ետքը կիլիկիոյ Հայութիւնն ալ կու տար Տիկին Մարիամի հետ՝ կ'ապաստանի Տարսոնի գոլէճը իբրեւեւ ամերիկեան հաստատութիւն։

Այգունի մօրը խորհրդով 1909 թուականին կը մեկնի Ամերիկա ու չիտակ Օպըրլին՝ հետեւելու երաժչտութեան, ուսկից 1912 թուականին ընթացաւարտ կ'ըլլայ, 1914 թուականին իբրեւեւ ջութակի ուսուցիչ կը հաստատուի Սիրէկիւզ Ն. Ե., ուր հետժետէ ղիրք կը չինէ, կ'ունենայ բազմաթիւ աչակերտնետ։ Նոյն ատէն 8 տարի կը պաչտօնավարէ տեղւոյն «Music Seltlement School»-ին մէջ, ձեռնհասօրէն վարելով նաեւ դպրոցին օրքէսթրան, կու տայ պարբերական նուագահանդէսներ ու կը գնահատուի՝ իբրեւեւ վարիչ, ջութակի ուսուցիչ եւ երաժշտագէտ։ Մահացած է 1925 Նոյեմբեր 28-ին։

Այգունիի գործերն են Հայրենի Երգեր, զոր կազմեց Կ. Հ. Փայէլեանի ընկերակցութեամբ, ունեցաւ բարեփոխեալ երկրորդ տբագրութիւնը, հեղինակած է նաեւ «Practical Method for the Young Violinist» ջութակի մեթոտը՝ որ մեծ սպառում ունեցած է։ Ունի բազմաթիւ հեղինակու ջութակի մեթոտ որ մեծ սպառում ունեցած է, ունի նաեւ բազմաթիւ հեղինակութիւններ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Գր. Հ. Գալուստեան՝ Հ. Կոչնակ 1929 էջ 787։
  • Հայ հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարտ, Պոտուրեան, 1938, Պուքրեշ, Ա. հատոր, էջ 72։