Գրիգոր Եսայեան, (1883, Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), ուսուցիչ եւ գրող։

Գրիգոր Եսայեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, գրագէտ

Ընթացաւարտ եղած է Ետի Քէոյի որբանոցէն եւ Կալաթա Սարայի Լիսսէէն։ Ազգային դպրոցներու մէջ դասաւանդած է թուաբանութիւն եւ ֆրանսերէն։ Ռաղըպ փաշայի Էրէյլիի ածխահանքերուն պաշտօնեայ եղած է։ Պոլսահայ հանդէսներու մէջ Գրիգոր Նոր ծածականունով բանաստեղծութիւններ հրատարակած է։ Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյս»-ը ու Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»-ը ֆրանսերէնի թարգմանած է։ Իր քերթուածներէն յիշատակելի է «Ջրանուշներ»։

Աղբիւր Խմբագրել