Գրիգոր Պալեան (1764 - Կ.Պոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն - 1831, Կ. Պոլիս), հայ ճարտարապետ։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հայազգի ընտանիք Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին։ Անոնց շառաւիղները (Ժը.-Ժթ. դարերուն)՝ եղած են օսմանեան արքունի ճարտարապետներ։ Պալեան գերդաստանը շատ հին ծագում ունի եւ միշտ նշանաւոր դիրք մը գրաւած է, սակայն կարելի չէ եղած կատարեալ տոհմագրութիւն մը կատարել անոնց մասին: Ժէ. դարէն ետք շատ քիչ վաւերական տեղեկութիւններ մնացած են։ Այդ օրերուն Մարաշի եւ Սիսի մէջտեղ Պալի անունով գիւղ մը կը գտնուէր (արդի Պէլէն Քէօյը), որուն իբր նահապետեր կ'իշխէին Պալեանները։ Սեն-Մարդէն իր Հայոց պատմութեան մէջ կը հաստատէ, թէ Ժգ. դարու կիսուն Պալեանները իրենց անունը տուած են այդ գիւղին, զոր իրենք հիմնած էին։ Այդ թուականէն մինչեւ 1683 Պալեան անունը չէ յիշուած Պոլսոյ պատմութեան մէջ։ Ճիշդ այդ թուականին երբ Մեծ-Եպարքա Գարա-Մուսթաֆա փաշա իր յաղթական բանակով Վիեննա կը հասնէր, Պալի Պալեան Պէլէն քէօյի թաղապետը կը միանայ Սուլթան Մեհմետ Գ․ի ճարտարապետին, որ Հայ մըն էր եւ կ'ամուսնանայ անոր աղջկան հետ։ Պալի Պալեանի աները որոշ ժամանակ մը ետք կը մեռնի առանց արու ժառանգորդի եւ արքունի ճարտարապետութեան պաշտօնը կը վիճակուի Պալիի, որ կը կառուցէ բազմաթիւ շէնքեր ու եկեղեցիներ։ 46 տարի ծառայելէ ետք կը մեռնի եւ իրեն կը յաջորդէ իր Մինաս զաւակը, որ իբր արքունի ճարտարապետ կը ծառայէ Սուլթան Ահմէտ Գ․ի եւ Մահմուտ Ա․ի ու կը մեռնի 1703-ին արքունի ճարտարապետութիւնը փոխանցելով իր զաւկին Մակարին։ Ան Պալեաններուն մէջ առաջին նշանաւոր հանդիսացողը կ'ըլլայ։ Յանդուգն, գործունեայ եւ խելացի ըլլալով, Մակար քիչ ժամանակուան մը ընթացքին արտակարգ փայլք մը կու տայ արքունի ճարտարապետութեան պաշտօնին եւ երկրին ամէնէն նախանձելի պաշտօնեան կը դառնայ։ Բաւական ետք ան այդ դիրքը կը պահէ մեծ ծառայութիւններ մատուցանելով։ Բայց իր Թշնամիները անարգ միջոցներու դիմելով կը յաջողին Սուլթան Մահմուտ Ա.ի վստահութիւնը խախտել եւ աքսորման հրամանագիր մը ձեռք բերելով Մակարը քշել Բաբերդ։

Արքունի ճարտարապետութիւնը կ'անցնի իրենց ազգականներէն մէկուն, մինչեւ որ Սուլթանին անկեղծ խորհրդատուները կը յաջողին աքսորի հրամանը ետ առնել տալ։ Երբ Սուլթանին նոր հրամանը կը հասնի, Մակար հաստատուած էր Բաբերդի Լուսաք գիւղը, ուր իր զաւակին Գրիգորի կը սորվեցնէր ճարտարապետական արուեստը։ Մակար մեծ պատիւներով կ'առաջնորդուի Պոլիս եւ անմիջապէս կը ստանձնէ իր նախորդ պաշտօնը։ Կ'ըսուի, թէ շատ կարեւոր շէնքեր շինած է, մասնաւորաբար մզկիթներ, որոնցմէ յայտնի չէ, թէ որո՛նք են իր ձեռակերտները։ Ծերութեան, հանգստեան կը կոչուի եւ արքունի ճարտարապետութիւնը իր զաւակին կը ձգէ, երթալով Բաբերդ, զոր շատ սիրած էր, հոն կը մեռնի խոր ծերութեան մէջ։

Գրիգոր Պալեան ճարտարապետութեան արքունի հրովարտակը կը ստանայ Սուլթան Համիտ Ա.էն։ Իրմէ կը սկսի Պալեաններուն անունին կապուած հսկայ շէնքերու կառուցումը։ Ինք գիտակից արուեստագէտ մըն էր եւ միանգամայն մտերիմը Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի։ Ան մեծապէս տիրացած էր Սուլթանին վստահութեան եւ այն աստիճան մեծ դիրք բռնած էր պալատին մէջ, որ եւրոպական տէրութիւններու դեսպանները՝ միջազգային խնդիրներու կարգադրման համար, իր գրասենակը դեսպանական ժողովներու գումարման վայր մը դարձուցած էին։ Եէնիչէրիներու խիստ օրերուն եւ երկու Սուլթաններուն յաջորդաբար գահընկեց եղած եւ սպաննուած ատեն, կրցած է իր դիրքը անխախտ պահել, մի միայն իր խելացութեամբ։ Ինք Սուլթան Սելիմ Գ.-ի Խոհրդատուն եղած է եւ բարենորոգման ծրագիրներու պատրաստութեան մէջ լայն բաժին մը ունեցած, որուն շնորհիւ Թուրքիա աւելի յառաջդիմած պիտի ըլլար, եթէ Եէնիչերիներու շարժումը չտապալէր Սուլթանը եւ զայն սպաննելով անոր հետ մէկտեղ չխեղդէր սկսած գեղեցիկ գործը։

Ինքն է, որ Սուլթան Մահմուտի ներկայացուցած է Գազէզ Արթինը եւ երբ այս վերջինը կ'աքսորուի Կեսարիա, կարճ ժամանակ մը ետք Ամիրային բարեխօսութեամբ, կրկին Պոլիս կը կանչուի եւ աւելի մեծ պատիւով կը հաստատուի իր պաշտօնին վրայ։ Մեծ դեր խաղացած է նաեւ Ազգային շրջանակներուն մէջ, մասնաւորաբար Հայ-Հռոմէականներու հետ միութեան գործը յաջողեցնելու համար։ Դերկոմս Տը Քասիթօ կը հաստատէ, թէ Սարգիս պէյի Բերայի տան մէջ տեսած է Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի գահակալութեան երկրորդ տարւոյն մէջ տրուած հրամանագիր մը, որ Գրիգոր խալիֆային կ'արտօնէր ձիով պտըտելու եւ իբր հետեւորդ երկու սպասաւոր ունենալու, նաեւ երկզուգանի կառք մը պահելու, մօրուք ձգելու եւ վայելելու շարք մը առանձնաշնորհումներ, որոնք այն ատեն Քրիստոնեաներուն համար ազնուականութեան տիտղոսներ էին եւ շատ դժուար ձեռք կը բերուէին։

Ստեղծած կառոյցներ Խմբագրել

Գրիգոր Ամիրա շինած է մեծ թիւով պալատներ ու շէնքեր, որոնցմէ կարեւորներն են․

  1. Սարայ Պրունի պալատը (այրած 1875-ին):
  2. Պէշիկթաշի հին պալատը (արդի Տոլմա պաղչէն):
  3. Պէյլէր Պէյի հին պալատը, որ յետոյ կ'այրի Եէնիչէրիներու ձեռքով։
  4. Արնաւուտ քէօյի Սուլթանուհիներու պալատը։
  5. Տէֆթէրտարի պալատը։
  6. Թօփհանէի մզկիթը։
  7. Սկիւտար Սէլիմիյէ զօրանոցը։
  8. Զարպհանէն։
  9. Տաուտ փաշայի զօրանոցը։
  10. Պոլսոյ հրդեհի աշտարակը։
  11. Այնալը քաղաքի քէօշքը։
  12. Սուլթան Մահմուտի համբաւաւոր «պէնտերը»

Յետ Մահու Խմբագրել

Գրիգոր Պալեան կը մեռնի 1823-ին, ծառայելով չորս վեհապետներու, որոնք են՝ Համիտ Ա., Սելիմ Գ., Մուսթաֆա Դ. եւ Մահմուտ Բ.։ Իր մահէն ետք օտարազգիներ կը սկսին հետամուտ ըլլալ այդ բարձր պաշտօնին, բայց Պէզճեան Յարութիւն ամիրա՝ Գրիգոր Պալեանի քաջարուեստ ճարտարապետին մահէն քանի մը օր ետք, կը մտնէ Սուլթանին սենեակը եւ ոտքերուն իյնալով կը յիշեցնէ երկարատեւ եւ հաւատարիմ գործունէութիւնը հանգուցեալին, որ իր բոլոր գործերուն մէջ խելացի էր եւ ուղիղ ու միշտ վեհափառ Սուլթանին անձնուէր, յետոյ կ'ըսէ․ «Փոխարէն իր հարազատ աշխատութեան, ով գթասիրտ տէր, մեծ շնորհ մը պիտի ընես ազգիս, եթէ հրամայես յաջորդել իր զաւակներուն իրենց հօր պաշտօնին մէջ», եւ ուրիշ այս տեսակի աղաչողական խօսքերով Արքային գութը կը շարժէ, զոր կը հրամայէ կայսերական ճարտարապետութեան պաշտօնը տալ Գրիգոր ամիրայի որդւոյն՝ Կարապետին եւ փեսային՝ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվէրեանին։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Alyson Wharton, The Architects of Ottoman Constantinople։ The Balyan Family and the History of Ottoman Architecture, I.B. Tauris, coll. « Library of Ottoman Studies », 2015, 288 p. (ISBN 978-1780768526)

Արտաքին յղումներ Խմբագրել