Գրիգոր Փափազեան

Գրիգոր Փափազեան (նաեւ՝ Գրիգոր Տուտի, Գրիգոր Տուտի Փափազեան, 1893, Պանտրմա-20 դեկտեմբերի, 1965, Ալճերիա), հայ բժիշկ, հասարակական եւ ազգային գործիչ։

Գրիգոր Փափազեան
Ծնած է 1893
Ծննդավայր Պանտրմա
Մահացած է 20 Դեկտեմբեր 1965(1965-12-20)
Մահուան վայր Ալճերիա
Այլ անուններ Գրիգոր Տուտի, Գրիգոր Տուտի Փափազեան
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1893-ին Մարմարա ծովուն ասիական ափին գտնուող՝ Պանտրմա քաղաքին մէջ։ Արձանագրուած է Գրիգոր Տուտի կամ Գրիգոր Տուտի Փափազեան։ Աւարտած է Կ. Պոլսոյ՝ Գատըգիւղ թաղամասի, Մխիթարեան վարժարանը։ 1917-ին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։

1917-ին զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ զինուորական բժիշկի հանգամանքով մասնակցած՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին։ Գերի ինկած է անգլիական բանակին եւ տարուած է Եգիպտոս։ Պատերազմի աւարտէն ետք ազատած է գերութենէն եւ վերադարձած՝ ծննդավայրը, որ գրաւուած էր Յունաստանի կողմէ։ Քեմալական արշաւանքին սկզբնական շրջանին, շատերու հետ ինքն ալ ապաստանած է Յունաստան։ Հաստատուած է Թրակիոյ՝ Ալեքսանդրապոլիս (Տէտէ Աղաճ) քաղաքին մէջ, ուր երկար տարիներ մասնակցած է հայ համայնքի ազգային, կրթական, հասարակական եւ կուսակցական (ՀՅԴ) կեանքին։ Եղած է սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն։

1945-ին ընտանիքով գաղթած է Փարիզ, ուր սակայն, իբրեւեւ բժիշկ աշխատելու իրաւունք չէ ունեցած։ 1960-ական թուականներու սկիզբներուն տեղափոխուած է Ալճելիա։ Ալճելիա մայրաքաղաքին մէջ իբրեւ քաղաքապետական բժիշկ աշխատած է։

Մահացած է 20 Դեկտեմբեր 1965-ին Ալճերիոյ մէջ՝ 72 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Գէորգեան Կարօ, Ամէնուն տարեգիրքը, ԺԳ. տարի, 1966, Պէյրութ, 1967։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։