Գրիգոր Ֆըչըճեան

Գրիգոր Ֆըչըճեան, հայ գրագէտ եւ բժիշկ։

Գրիգոր Ֆըչըճեան
Ծննդավայր Պոլիս
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն Բժիշկ, գրագէտ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գրիգոր Ֆըչըճեան ծնած է Պոլիս։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ուրկէ անցած է Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է 1947-ին։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Պոլսոյ բժշկական համալսարանին մէջ, եւ վկայուած՝ 1955-ին, որպէս բժիշկ։ Զինուորական պարտականութիւնը լրացնելէ եւ տարի մը Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցին մէջ պաշտօնավարելէ ետք գաղթած է Ամերիկա:

1958-էն սկսեալ իր բժշկական ասպարէզը ի գործ կը դնէ Նիւ Եորքի, Քենսասի, Տիթրոյթի եւ Թորոնթոյի հիւանդանոցներուն մէջ, միեւնոյն ատեն հետեւելով մասնագիտութեան։1968-ին Բիթսպուրկ-Բենսիլվանյայէն կը վկայուի որպէս մանկանց հիւանդութեանց մասնագէտ, եւ ապա կը հաստատուի Միշիկըն, ուր կը հիմնէ իր սեփական դարմանատունը։

Ամուսնացած է Սիլվա Փանոսեանի հետ, որ նոյնպէս մասնագէտ բժիշկ է մանկնաց հիւանդութեանց։ Իրենց որդին՝ Սեւան մագիստրոսի վկայական ստացած է Գլիվըլէնտ եւ Իսթմըն երաժշտական համալսարաններէն։

Գ.Ֆըչըճեան գրել սկսած է փոքր տարիքէն, Կեդրոնական վարժարանի գրասեղաններու վրայ։ Մնայուն աշխատակիցը եշած է Տիթրոյթի Պոլսահայ Մշակութային Միութեան «Միութիւն» հանդէսին, ուր ստորագրած է քերթուածներ, պատմուածքներ եւ երգիծական գրութիւններ։

Գործեր

Խմբագրել

Ցարդ հրատարակած է բանաստեղծութեանց հինգ գրքոյկներ. «Թուղթէ Գնդակը» (1977), «Ռատիոաքթիվ» (1980), «Չաստուածները կը Ննջեն» (1986), «21-րդ Դար» (1989), եւ «Արկածախնդրութիւն» (1994):

Տօքթ.Ֆըչըճեան կը մշակէ արդի բանաստեղծութիւնը՝ պարզ, գունագեղ իւրայատուկ ոճով եւ հիւմըրով։ Կու տայ իրական կեանքէ պատկերներ եւ Մայր Հայրենիքէն ներշնչուած գողտրիկ ու թախծալից տաղեր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։