Դահոյկը բարձր մակարդակի մարզաձեւ մըն է:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Նախապատմական շրջանէն մարդիկ ձիւնին վրայէն կը սահէին իրենց հօտերուն հետեւելու համար: Ապա դահոյկի այս սովորութիւնը կը շարունակուի հիւսիսի երկիրներուն մէջ:

Դահոյկի մասին ամէնէն հին տեղեկութիւնները հիմնուած են հնագիտական ​​ապացոյցներու վրայ: Երկու շրջաններ կը ներկայացնեն դահոյկներու եւ անոնց օգտագործման ամէնէն վաղ ապացոյցները.

 
  1. Ժամանակակից Չինաստանի Ալթայիք շրջանին մէջ (Altaic), 5000-ամեայ նկարներ կան, որոնք կը յուշեն դահոյկներու օգտագործումը:
  2. Հիւսիսային Ռուսաստանի մէջ յայտնաբերուած են դահուկանման առարկաներու ամենահին բեկորները, որոնք օգտագործուած են Ք.Ա. 6300-5000 թուականներուն, Մոսկուայի Սինտոր լիճին մէջ[1]:

ԺԹ. դարուն է, նորվեկիացի Սոնտրը Նորհայմ զայն իսկական մարզաձեւի կը վերածէ: Զառիվայրները իջնելու եւ կտրուկ շրջադարձի համար ան կը շինէ աւելի կարճ եւ կեդրոնը աւելի նեղ դահոյկներ: Ան նոյնիսկ կը շահի դահոյկի առաջին մրցումը 1869-ին:

Կարճ ժամանակ ետք, դարձեալ նորվեկիացի, հետախոյզ Ֆրետիոֆ Նանսէն Կրինլենտի մէջ դահոյկով կը կտրէ 500 քմ: Անոր այս քաջագործութիւնը դահոյկը հռչակաւոր կը դարձնէ[2]:

Դահոյկը շատ մեծ տեղ կը գրաւէ նաեւ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մէջ:

Փետրուար ամսուն, ամէն երկու տարին անգամ մը, Ալպեան դահուկելու աշխարհի ախոյեանութիւնը կը կազմակերպուի:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել