«Դաշինք», գրական-քաղաքական օրաթերթ։ Հրատարակուած է 19091915 թուականներուն եւ 1919 թուականին, Զմիւռնիոյ մէջ, իբրեւ շարունակութիւն «Արեւելեան մամուլ»-ի (1871 —1909 թուականներուն)։ Խմբագիր՝ Ս․ Պարթեւեան։ «Դաշինք» ռամկավար կուսակցութեան դիրքերէն անդրադարձած է արեւմտահայութեան հասարակական-քաղաքական խնդիրներուն, լուսաբանած գաւառի ազգային եւ տնտեսութեան, Թուրքիոյ ներքին ն արտաքին կացութիւնը, պայքարած երիտթուրքերու հակահայ գործունէութեան դէմ[1][2]։

Տպագրած է քննադատական ու տեղեկատու նիւթեր զմիւռնահայութեան, բնաշխարհի եւ Կոնստանդինոպոլսոյ սահմանադրական մարմիններու գործունէութեան մասին։ «Դաշինք»-ը ներկայացուցած է հայ, ռուս եւ եւրոպական գրողներու ստեղծագործութիւնները, տնտեսական յօդուածներով լուսաբանած է ազգային մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման խնդիրներ։ Աշխատակցած են Ա․ Յարութիւնեանը, Մ․ Պարսամեանը, Հ․ Ալփիարը, Մ․ Կիւրճեանը, Կ․ Պալապանեանը եւ ուրիշներ։ 1919—1922 թուականներուն լոյս տեսած է «Արեւելեան մամուլ» անունով։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։