Արեւելեան մամուլ

«Արեւելեան մամուլ», գրական-քաղաքական պարբերական։ Հրատարակուած է Զմիւռնիոյ մէջ, 1871-1909 եւ 1919-1922։ 1871-1893-ին՝ ամսագիր. 1894-1902-ին՝ կիսամսեայ հանդէս, 1903-1909-ին՝ շաբաթաթերթ, 1919-1922 -ին օրաթերթ։

Արեւելեան մամուլ
Տեսակ պարբերաթերթ[1], ամսագիր?[1], կիսամսյա ամսագիր?[1], շաբաթաթերթ[1] եւ օրաթերթ[1]
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Մատթէոս Մամուրեան[1]
Հիմնադրուած է 1871[1]

Խմբագիրներ՝ Մատթէոս Մամուրեան (1871-1901), Հրանդ Մամուրեան (1901-1909, 1919-1922)։

Թերթը ունեցած է ժողովրդաւարական ուղղութիւն, պաշտպանած է Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ արեւմտահայերու ինքնավարութեան գաղափարը։ 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ եւ յետոյ «Արեւելեան մամուլ»-ը կողմնորոշուած է դէպի Անգլիան՝ անոնցմէ ակնկալելով բարենորոգումներու անցնիլ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ 1878 թուականի Պերլինի կոնգրեսէն յետոյ քննադատած է Կ. Պոլսի պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանին՝ անոր գործունէութեան մէջ չտեսնելով ազգային քաղաքականութեան սկզբունքները։

1870-1880-ականներու վաղաժամ համարած է ազատագրական պայքարը՝ գտնելով, որ անոր պէտք է նախորդի տնտեսական, ազգային, մշակութային զարգացման տեւական ժամանակաշրջան մը։ 1880-էն հրաժարած է արտաքին քաղաքական որեւէ կողմնորոշումէ եւ հիմնականին ապաւինած հայութեան ազգային միասնութեան շնորհիւ ինքնորոշման հասնելու գաղափարին։ «Արեւելեան մամուլ»-ի հրապարակախօսութեան մէջ իրական կողմերով ներկայացուած է Հայաստանի բնակչութեան կեղեքումը թուրք եւ քուրտ հարստահարիչներու կողմէ։ 1908-ի երիտթուրքական յեղաշրջումէն ետք հանդէս եկած է երիտթուրքերու ջարդարար քաղաքականութեան դէմ եւ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը տեսած զինուած ինքնապաշտպանութեան մէջ։ 1919-1922 թուականներուն լայնօրէն անդրադարձած է յոյն-թրքական պատերազմին, Կիլիկեան Հայաստանի իրադարձութիւններուն, հայկական հարցի վիճակին[2][3][4]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։  
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։