Դասաւանդիր, Հայաստան

Դասաւանդի՛ր, Հայաստան (անգլ.՝ Teach for Armenia), Teach for All միջազգային կրթական կազմակերպութեան Հայաստանեան ծրագիր։ Ծրագիրը կը գործէ աշխարհի շուրջ 40 երկիրներու մէջ: Նպատակն է որակեալ կրթութեան հասանելիութեան եւ տարածուածութեան ապահովումը աշխարհի իւրաքանչիւր ծայրը: Ծրագիրը Հայաստանի մէջ կը գործէ 2015-էն:

Դասաւանդիր, Հայաստան
Տեսակ ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն
Երկիր  Հայաստան
Հիմնադրուած 2013
Գլխադասային գրասենեակ Երեւան, Հայաստան
Հիմնադիր Լարիսա Յովհաննիսեան
Կայքէջ teachforarmenia.org

Ծրագիրը Հայաստանի մէջ հիմնադրուած է 2013-էն, իսկ արդէն 2015-էն ծրագրի շրջանակներուն մէջ, շուրջ 14 մասնակիցներ, համապատասխան վերապատրաստում անցնելէ ետք ուղեւորուեցան իրենց նոր համայնքներ, ուր պէտք է գործունէութիւն ծաւալէին առաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին, որոնց արդէն յաջորդ տարի միացան նոր՝ 28 մասնակիցներ, տեղաբաշխուելով Հայաստանի հինգ մարզերու մէջ ՝ Լոռի, Տաւուշ, Գեղարքունիք, Արագածոտն, Արմաւիր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. http://www.armradio.am/hy/2016/07/13/%D5%A4%D5%A1%D5%BD%D5%A1%D5%BE%D5%A1%D5%B6%D5%A4%D5%AB%D6%80-%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6-%D5%A5%D6%80%D5%AB%D5%BF%D5%A1%D5%BD%D5%A1%D6%80%D5%A4-%D5%B8%D6%82%D5%BD/

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել