Դաւիթ Պարսամեան

Դաւիթ Պարսամեան (ծնած՝ 1945), ձայնասփիւռի ամերիկահայ հաղորդավար, լրագիր, գրող, հասարակական գործիչ եւ մտաւորական մըն է: Պարսամեանի ծնողները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են: Անոնք իրարու ծանօթացած են Պէյրութի մէջ:

Դաւիթ Պարսամեան
Ծնած է 1945
Ծննդավայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն Լրագիր, ձայնասփիւռի հաղորդավար, գրող, հասարակական գործիչ, մտաւորական.

Ասպարէզ

Խմբագրել

Պարսամեան ձայնասփիւռի հաղորդավարութեան ասպարէզը մուտք կը գործէ 1978-ին, երբ մաս կը կազմէ Քոլորատոյի մէջ նորաստեղծ ձայնասփիւռի կայանի մը: Ապա, 1986-ին ան հիմնեց «Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»ն[1], որ շաբաթական յայտագիր մըն է, ուր կը սփռուի 175 ձայնասփիւռի կայաններէ՝ տարբեր երկիրներու մէջ:

Պարսամեան միջազգային համբաւ ստացած է իր լրագրական աշխատանքով: Ան զանազան հարցազրոյցներ վարած է համաշխարհային ճանաչում վայելող լեզուաբաններու, փիլիսոփաներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, ինչպէս՝ Նոամ Չոմսքի, Էտուարտ Սայիտ, Իքպալ Ահմատ, Հաուըրտ Զին, Ռոպըրթ ֆիսք եւ ուրիշներ:

Ան իր կարեւորագոյն հարցազրոյցները վերածած է գիրքերու, որոնք թարգմանուած են զանազան լեզուներու եւ հարիւր հազարաւոր օրինակներով ծախուած են աշխարհով մէկ:

Պարսամեան յաճախ եղած է արդարութեան եւ պոռթկումի ձայնը: Մերժած է ամէն տեսակի անարդարութիւն, բռնատիրութիւն եւ փտածութիւն: Ան հրապարակային կերպով պաշտպանած է Պաղեստինի եւ Քաշմիրի ժողովուրդներուն իրաւունքները, քննադատած է միջազգային ընկերութիւններու մենատիրութիւնը: Հարցականի տակ առած է ամերիկեան կառավարութեան զինուորական միջամտութիւններն ու քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ դատապարտած է Թուրքիան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը:

«Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»ն ու Դաւիթ Պարսամեանը նիւթական հատուցումներ չեն ստանար ամերիկեան կառավարութենէն կամ որեւէ այլ հաստատութենէ, մինչ այլ յայտագիրներ կը վայելեն դրամատիրական ընկերութիւններու եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդող կառոյցներու ու կառավարութիւններու նիւթական, քաղաքական եւ ապահովական թիկունքը: Հոսկէ մեկնած, Պարսամեանի յայտագիրը կը ֆինանսաւորուի իր յայտագիրներու ձայնասկաւառակներուն եւ գիրքերուն վաճառումով, ինչպէս նաեւ ունկնդիրներու անհատական ներդրումներով միայն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել