Դեղին, արեւին, ոսկիի գոյնն է։ Դեղինը կազմուի երկու գոյներէ՝ կարմիր եւ կանանչ։

Դեղին
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #FFFF00
sRGBB  (rgb) (255, 255, 0)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
Tour de France-ին առաջատար հեծանիւ վարողները դեղին շապիկ կը հագնեն

Դեղինին ալիքները կը սկսին 570-նանոմեթրէ եւ կը վերջանան 580-ով։ Գոյներու սփեքթրին մէջ դեղինը կը գտնուի կանանչին եւ նարնջագոյնին միջեւ:

Դեղինի Նշանակութիւնները

Խմբագրել
  • Նոր-Եորքին մէջ դեղինը թաքսիներու աւանդական գոյնն է
  • Արեւմուտքի մէջ դեղինը կը նշանակէ հարստութիւն, քանի որ ոսկիի եւ արեւին գոյնն է
  • Կը նշանակէ գողութիւն եւ խաբեբայութիւն
  • Գայթակղութեան նուիրուած թերթերը կը կոչուին դեղին մամուլ
  • Սուտ ժպիտը կը կոչուի դեղին ժպիտ
  • Չինացիներուն քով կը նշանակէ կայսրութիւն ունի հաջողութեան, փառքի եւ ներդաշնակութեան իմաստ
  • Օրհնուած գոյն է դեղինը Հինտոսներու քով։ Հինտոսներու կրօնական մարդիկը կը հագնուին դեղին կամ ճերմակ հագուստներ
  • Հին եգիպտացիները օգտագործած են դեղինը՝ որպէս աստուածութեան նշան։

Մեր Շուրջի Դեղինը

Խմբագրել

Մշակոյթի մեջ

Խմբագրել
  • Beatles խումբին ամենէն յայտնի երգերէն մէկն է «Դեղին Սուզանաւը» (անգլերէն՝ Yellow submarine)
  • Tour de France-ին առաջատար հեծանիւ վարողները դեղին շապիկ կը հագնին
  • Ոտնախաղին մէջ մրցավարը որպէս զգուշացում խաղացողին «դեղին քարտ» ցոյց կուտայ
  • Շինարարութեան մէջ աշխատող մեքենաներու շարժուող մասերը կը ներկուին դեղին գոյնի, յաճախ սեւ շեղ շերտերով՝ աշխատողներուն զգուշացնելու նպատակով
  • Նազիական Գերմանիոյ մէջ (1939÷45) հրեաներու կուրծքներին կը փակցնեին դեղին գոյնի Դաւիթի աստղի ձեւով նշան[1]
  • Դեղին մամուլ՝ պարզունակ լրագրողական լեզուով, անստոյգ եւ աղմուկ յարուցանող, մակերեսային մեկնաբանութիւններով մամուլ
  • Դեղին էջեր՝ որոշակի աշխարհագրական շրջանի կազմակերպութիւններուն հասցէներու եւ հեռախօսահամարներու տեղեկագիրք
  • Դեղին տենդ՝ սուր տարփոխիկ վիրուսային հիւանդութիւն մը
 
Իտալական Վոլքանոյի քովի հրաբուխի ֆումարոլին դեղինը պայմանաւորուած է անոր մէջ ծծումբի պարունակութեամբ

Անուններ

Խմբագրել
  • Դեղին գետ՝ Աղստեւին ձախակողմեան վտակներէն մին
  • Դեղին սար՝ գագաթ մը Նախիջեւանի տարածքին մէջ նախկինին հայաբնակ գիւղին մը մօտ
  • Դեղին ծով[2]` չինարէն՝ 黄海 [հուան-հայ], քորէայերէն՝ 황해 [հուանգհէ] Խաղաղական Ովկիանոսին պատկանող ներփակեալ ծով մըն է։

Բնութեան մէջ

Խմբագրել
 
Դեղնափորիկ դրախտապան թռչունը

Բնութեան մէջ ամենատարածուած գոյներէն է: Ծաղիկներու գոյներու մէջ գերակշիռը դեղինն է՝ արեւածաղիկ, կուժկոտրուկ, հիրիկ եւ այլն: Նոյնը կրնայ ըսւի թռչուններու վերաբերեալ: Կենդանիներու(մողէսներ, օձեր, գորտեր), նաեւ՝ սունկերու դեղին գոյնը ցոյց կուտայ անոնց թունաւորութիւնը:

Երկիրներու դրօշակներ

Խմբագրել

Քանի մը երկիրներու դրօշակներու դեղինը կը նշանակէ բարեբեր դաշտերը՝ Ուքրանիա[3], Լիթուանիա[4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1.  
  2. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 51։ ISBN 99941-56-03-9 
  3.  
  4.