Դերենիկ Դեմիրճեանի Տուն-Թանգարան

Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն-թանգարան, հիմնադրուած է 1977-ին Երեւանի այն բնակարանին մէջ, ուր 1929-էն մինչեւ իր մահը ապրած է նշանաւոր գրող, դրամատուրգ եւ հասարակական գործիչ Դերենիկ Դեմիրճեանը (1877-1956)։ Հիմնադրուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ՝ իբրեւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղ։

Դերենիկ Դեմիրճեանի Տուն-Թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան[1]
Տեղագրութիւն Երեւան
Մասն է Բնակելի տուն` «ՀՕԿ»-ի?
Հասցէ Աբովեան փողոց 29, բնակարան 4, Երեւան, ՀՀ
Հիմնադրուած է 1977
Տնօրէն Կարինէ Ռաֆայէլեան (թանգարանի վարիչ)
40°11′15″N 44°31′21″E / 40.1876°N 44.5224°E / 40.1876; 44.5224
Կայքէջ gatmuseum.am/index.php?o…
Քարտէս
Քարտէս

Ցուցադրութիւն Խմբագրել

Թանգարանը կը զբաղուի Դերէնիկ Դեմիրճեանի ստեղծագործութիւններու մասսայականացմամբ, անոր անձնական եւ ստեղծագործական կեանքի մասին լիարժէք տեղեկութիւններու տրամադրմամբ։

Թանգարանը ունի 670 հիմնական եւ գրեթէ նոյնքան գիտաօժանդակ նիւթեր, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնեն գրողի անցած բազմամեայ ստեղծագործական ուղին։

Տուն-թանգարանը բաղկացած է յուշային երեք սենեակներէ եւ մէկ ցուցասրահէ։ Առաջին սենեակը կ՚ամփոփէ գրողի կեանքի եւ գործունէութեան վաղ շրջանը, երկրորդը անոր աշխատասենեակն է, իսկ երրորդ սենեակը կ՚ընդգրկէ անոր գրական-հասարակական գործունէութեան հասուն շրջանը։ Ցուցասրահին մէջ առաւելապէս ներկայացուած են Դեմիրճեան-թատերագէտն ու անոր երկերու բեմադրութիւնները։ Գրողի անձնական իրերուն մէջ կը պահուի նաեւ անոր ջութակը, որ stradivarius-եան դպրոցի եզակի նմուշ է[2]։

Միջոցառումներ Խմբագրել

Տուն-թանգարանի նիւթերու հիման վրայ ստեղծուած են հեռուստատեսային եւ ռատիոհաղորդումներ։ Այստեղ պարբերաբար կը կազմակերպուին գրական-թատերական ցերեկոյթներ, հանդիպումներ, գիրքերու շնորհանդէսներ, քննարկումներ՝ նուիրուած գրողի կեանքին ու ստեղծագործութեան, գրական արդի խնդիրներուն ու երեւոյթներուն, ընթերցումներ, դպրոցականներու համար՝ թեմատիկ դասընթացներ, ազդեցիկ ուսուցում «Պույ-պույ մկնիկը» հեքիաթի թեմայով, նկարներու մրցոյթներ եւ այլն։

Հասցէ Խմբագրել

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Աբովեան փողոց 29, բնակարան 4 հասցէով։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.
  2. «Եղեգնեայ գրչով. գրական Երեւան | Դերենիկ Դեմիրճեան»։ Журнал ЖАМ։ արտագրուած է՝ 2018-01-27