Եգիպտոսի բուրգերը

Եգիպտոսի բուրգերը փարաւոնները բուրգեր շինել տուած են զանոնք իբրեւ գերեզման գործածելու համար: Առաջին բուրգերը շինուած են 4600 տարի առաջ:

Այդ բուրգերը անոնց կարելիութիւն պիտի տային արագօրէն միանալու Րային` արեւու աստուծոյ: Ժամանակակից Եգիպտոսի մէջ գտնուող բուրգերուն մեծ մասը կառուցուած է Հին եւ Միջին թագաւորութիւններու շրջանին՝ իբրեւ Փարաւոններուն եւ իրենց կիներուն դամբարանը[1][2][3]։

Շինութիւն

Խմբագրել
  •  
    Քարի կտորները յաճախ կրահողէ էին: Անոնք կը հանուէին քարահանքէ մը, ապա նաւով կը փոխադրուէին Նեղոս գետին վրայէն:
  • Աւելի քան 2 թոն կշռող այս քարերը փոխադրելու համար, գործաւորները կը գործածէին ծառի կոճղեր, որոնց վրայ կը դնէին քարերը, ապա զանոնք կը գլորէին: Եւ կամ զանոնք կը դնէին կառքի մը վրայ եւ աւազը կը խոնաւցնէին, որպէսզի կառքը աւելի դիւրութեամբ սահէր:
  • Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ եգիպտացիները ինչպէս կը բարձրացնէին քարերը բուրգերուն գագաթը: Արդեօք անոնք բուրգին շուրջը դարձող բազրի՞ք մը կը զետեղէին, թէ՞ բազրիքը կը հաստատէին բուրգին վրայ` ուղղահայեաց: Ասիկա տակաւին մեծ գաղտնիք մը կը մնայ:
  • Հնաբանները տակաւին չեն հասկցած, թէ եգիպտացիները ինչպէս կրնային քաշել տանիլ բուրգերու հսկայական քարի կտորներն ու բազմաթիւ թոներ կշռող արձանները` անապատին ընդմէջէն: Պատասխանը եկած է Ք. Ա. 20-րդ եւ 19-րդ դարուն միջեւ ապրած, ընկերութեան մէջ բարձր  դիրք ունեցող Ճէհութիոթէփի գերեզմանին պատերուն վրայ գտնուած գեղանկարչութենէ մը: Այդ նկարչութեան մէջ կան տարրեր, որոնք անոնց օգնած են բացատրութիւնը գտնել: Հնաբանները ուսումնասիրած են նկարչութիւն մը, ուր սահնակի մը վրայ կը նկատուէր հսկայական արձան մը: Նկարին մէջ խումբ մը մարդիկ կը պատրաստուին այդ արձանը քաշել: Սակայն ճիշդ սահնակին առջեւը մարդ մը ծռած է եւ կարծէք ջուր կը թափէ: Հնաբանները այս փորձը կատարած եւ անդրադարձած են, թէ ճիշդ քանակով ջուր թափելու պարագային, կարելի է քարը տեղափոխելու համար պէտք եղած ուժը կէսի իջեցնել[4]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Egypt says has found pyramid built for ancient queen»։ Reuters։ 11 Նոյեմբեր 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 Նոյեմբերի 2017-ին։ արտագրուած է՝ 2 2017 Նոյեմբեր 2017 
  2. Slackman Michael (16 Նոյեմբեր 2007)։ «In the Shadow of a Long Past, Patiently Awaiting the Future»։ The New York Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 Յունուար 2018-ին։ արտագրուած է՝ 17 Նոյեմբեր 2008 
  3. Ritter Michael (2003)։ «Dating the Pyramids»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 Մայիս 2008-ին։ արտագրուած է՝ 15 Մայիս 2008 
  4. Բուրգերը