Եղիշէ Առաքեալի վանքը

Եղիշէ Առաքեալի վանք (Ջրվշտիկ Վանք), Հայ առաքելական եկեղեցի վանական համալիր Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Մատաղիս գիւղէն հիւսիս, Հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին մօտակայքը, Մռաւ լերան անտառապատ լանջին: Հիմնուած է Ե. դարուն[1][2]։

Եղիշէ Առաքեալի վանքը
Տեսակ վանք? եւ մշակութային արժէք
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Մատաղիս
Ճարտարապետական ոճ Հայկական ճարտարապետութիւն
Հիմնադրուած է 13-րդ դար
Քարտէս
Քարտէս
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.

կը գտնուի Արցախի Ջրաբերդ գաւառին մէջ, Մռաւ լերան երկու ձորերուն միջեւ խոնարհած լեռնաբազուկի մը բլրակին վրայ: Շրջապատուած է սոսկալի կիրճերով. այդ պատճառով ալ լայնարձակ հորիզոնէ զուրկ է: Վտակ մը՝ Ջրվշտիկ անունով, արեւմտեան կողմէն շռշռալով կը վազէ շատ բարձրէն եւ կ'անցնի վանքին հարաւային ստորոտին խորագոյն ձորով, կը դառնայ դէպի արեւելք եւ սրընթաց կը վազէ դէպի Թարթառ: Բլրակին հարաւային կողմը՝ պարսպուած է քարուկիր պատով մը, որ ունի երեք դուռ՝ արեւմտեան, հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերէն:

Վանքը կառուցուած է բլրակին գագաթը անտաշ քարերով. շինութիւնը շատ հին է:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան, վանքը հիմնած է բարեպաշտ Վաչական Գ. թագաւորը:

Նախ կոչուած է Ներսմեհրայ կամ Ներս-Միհայ ուխտ, ապա Ջրվշտիկ՝ հարաւային կողմը գտնուող խոր ձորին համանուն ջրվէժէն[3][4]։ Բայց Ս.Եղիշէ առաքեալին մարմինը Հիւրեկայ կամ Ուռեկան վանքէն հոս փոխադրելէ ետք, կոչուած է Եղիշէ Առաքեալ: Տաճարը ունի երկու դուռ՝ հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէն. Երկայնքը 10 մեթր է, իսկ լայնքը՝ 5.80 մեթր: Ներկայիս ձեղունը եւ խորանին արեւելեան պատը ծռած են, ունի նաեւ գաւիթ մը կամ ժամատուն մը՝ շինուած անտաշ քարերով նոյն ոճով եւ չորս սիւներու վրայ, 9.5 մեթր երկայնքով եւ 8.45 մեթր լայնքով: Միակ դուռը կը գտնուի արեւմտեան կողմը: Ունի ՉԺԳ (1264) թուականէն արձանագրութիւն մը, որ կը յայտնէ, թէ շինողը ոմն Խաչատուր, տէր Սիմէոնի առաջնորդութեան օրերուն կ'ապրէր: Թէ՛ տաճարին շուրջը եւ թէ գաւիթին յատակը ծածկուած են հանգուցեալ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ միաբաններու տապանաքարերով եւ արձանագրութիւններով:

Մատուռներ

Խմբագրել

Մենաստանին երկու կողմերը կան մատուռներ․

Ա․ մատուռը

Խմբագրել
  1. Հիւսիսային կողմէն դէպի հարաւ՝ Ա. մատուռը ունի երկու խորան եւ երկու սեղան, որոնք շինուած են անտաշ քարերով:

Բ. մատուռը

Խմբագրել

Բ. մատուռը, նոյնպէս անտաշ քարերով շինուած է եւ ունի մէկ խորան եւ մէկ սեղան:

Գ. մատուռ

Խմբագրել

Գ. մատրան մէջ, որ շինուած է նոյն ոճով, կայ Աղուանից Վաչական Գ. թագաւորին գերեզմանը, որուն վրայ կ'երկարի 1.60 մեթր երկայնքով եռանկիւն տապանաքար մը, պատրաստուած առանձին խնամքով եւ լաւ յղկուած, բայց արձանագրութիւն չունի: Տապանաքարին քով կայ խաչարձան մը, որ նշանաւոր է խիստ հնութեամբ եւ քանդակագործութեամբ, խորանին աջ կողմը կայ նոյն ոճով ուրիշ խաչարձան մը: Մատուռը ունի մէկ խորան, դրան մուտքի քարին վրայ քանդակուած է. «Այս է հանգիստ Վաչական թագաւորին. Աստուած ողորմի Հայրապետայ եւ ոյր (իւր) ծնողանց, որ շինեց եկեղեցիս յառաջնորդութեան տէր Սիմոնի թիւ ՉԼԵ էր»: Մատրան դիմաց կը գտնուի Ջրաբերդ գաւառին իշխող հռչակաւոր Մելիք Ադամ մեծին գերեզմանը: Ազերիները ջարդած են արձանագրութիւն կրող մարմարիոնը, որ զետեղուած էր մելիքին տապանաքարին վրայ, սակայն գաւառին բնակիչները գիտեն իրենց սիրելի իշխանին գերեզմանը:

Դ. մատուռը

Խմբագրել

Դ. մատուռը, որ կանգնած է վանքին հարաւային կողմը, բաւական հին է եւ ունի երկու խորան: Մէջը կայ Տէր Մեսրոպ անունով մէկու մը գերեզմանը, որ ունի ՌՃԿԲ թուականէն տապանագիր մը:

Ե. մատուռ

Խմբագրել

Ե. մատուռը՝ որ Դ.-ին հարաւային կողմն է, ունի մէկ խորան:

Զ. մատուռ

Խմբագրել

Զ. մատուռը ունի մէկ սեղան, աւելի հնաշէն է եւ ունի կիսատ արձանագրութիւն մը, որմով կը յայտնուի շինողներուն անունները, որոնք են՝ Առաքել վարդապետ եւ Տէր Մատթէոս:

Է. մատուռ

Խմբագրել

Է. մատուռը ունի միայն մէկ սեղան: Վանքին մէջ կան երկու զանգակներ. մէկը հին՝ երկար ու կոպիտ, իսկ միւսը կոտրած եւ ունի արձանագրութիւն մը, որ կը յայտնէ թէ նուիրողն է ոմն Ղազար, եւ ձուլողն Շահնան: Զանգերը այդ օրերուն կ'արժէին «երեք թուման»:

Վանքը մինչեւ այսօր կը պահէ գաղտնիք մը՝ Ղարաբաղի դիւցազներէն երկու քաջերու՝ Տալի-Մահրասանի եւ Տոնմազի յիշատակը: Վանքին արեւելեան պարիսպին մօտ է Աւագ-Վարդապետ- Տալի Մահրասայի բնակած սենեակը, որ ունի նեղ եւ փոքր լուսամուտեր եւ ամուր դիրք: Հիւսիսային պարիսպին փակուած դրան մօտ ներքուստ գրուած է Տոնմազի ՌՃՀԷ թուականով յիշատակարանը: Պարիսպին ներսը կան նաեւ քանի մը հին սենեակներ եւ գոմ մը:

Վանքին ներկայ դրութիւնը խիստ խղճալի է: Իբրեւ պահապան կայ միայն տիրացու մը, որ շինած է վանքին ճամբան եւ նորոգած է Զ. մատուռը:

Ուղտի մատուռ

Խմբագրել

Ուղտի մատուռ կը կոչուի վանքին մօտակայ լերան ուսին վրայի կիսաւեր մատուռը, ուր կայ նաեւ գիւղատեղի մը եւ հանգստարան մը: Եղիշէ Առաքեալ վանքին մօտ եւ Եղակեր գիւղին մէջ, բլրան մը վրայ, կը գտնուի Մատուռ անունով կիսաւեր եւ փոքրիկ հին շինութիւն մը, որուն դրան վրայի արձանագրութենէն կը յայտնուի շինողին անունը՝ Գրիգոր: Մատրան մօտ կայ հանգստարան մը մացառուտներով ծածկուած: Այսպիսի կիսաւեր եկեղեցի մը, հանգստարան մը եւ գիւղատեղի մը կը գտնուին Թրոտ կոչուած տեղը, աւերակին հարաւային կողմը:

Պատկերներ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել
  1. «Աղուանից աշխարհի պատմութիւն», Մովսէս Կաղանկատուացի։
  2. Շահէն Մկրտչեան, «Լեռնային Ղարաբաղի պատմաճարտարապետական յուշարձանները», Երեւան, 1985, էջ 67-68։
  3. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Մովսես Կաղանկատվացի
  4. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Շահեն Մկրտչյան