Երիցմանկանց վանքը

Երիցմանկանց վանք, կառուցուած՝ 1691-ին, պատմական Ջրաբերդի մէջ, Մարտակերտ, Արցախ, Մելիք-Իսրայէլեաններուն կողմէ։ Միջնադարեան հայ եկեղեցաշինութեան օրինակներէն։

Երիցմանկանց Վանք

Պատմութիւն

Խմբագրել
 

Կը գտնուի Ջրաբերդէն 7 քմ․ հեռաւորութեան վրայ, Թրղի գետակի ձախ ափին, որու մօտակայքը կը գտնուի գրեթէ ամայի Խոտորաշէն (Խոխոմաշէն) անունով գիւղը[1]: Պահպանուած արձանագրութիւններուն համաձայն՝ եկեղեցին կառուցած են Աղուանից կաթողիկոս Սիմէոնը եւ իր եղբայր Իգնատիոս վարդապետը՝ 1664-ին նուիրատուութիւններու շնորհիւ: Եկեղեցին կառուցող ճարտարապետը Սարգիսն է, որու արձանագրութիւնը կը գտնուի ներսը, բեմին հիւսիսային կողմի պատին.

  Շինաւղ եւ վարպետ եկեղեցոյս ուստա Սարգիսն յիշեցէք ի Քրիստոս
- Ջալալեանց, նշ. աշխ., էջ 171-179
 

Արցախեան պատերազմի տարիներ

Արցախեան պատերազմի ընթացքին՝ Յունիս 1992-ին Ազրպէյճանի կողմէ Գիւլիստանի գրաւումէն ետք տեղացի շուրջ 14 հազար հայ բնակչութիւնը քալելով կը հասնի Մարտակերտ։ Այդ խումբէն շուրջ 2-3 հազար հոգի անտառներուն մէջէն անցնելու ատեն կը հասնին Երիցմանկանց վանք եւ ապաստան կը գտնեն վանքին տարածքին՝ մինչեւ օգնական խումբերու ժամանումը։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել
 
Յատակագիծը

Խաչաձեւ գմբէթակիր յօրինուածք ունեցող եկեղեցին շինուած է անտաշ քարերով, սպիտակ, ներքուստ չորս քառակուսի սիւներով։ Բակին մէջ կան բնակելի սենեակներ: Եկեղեցւոյ գմբէթը կառուցուած է սրբատաշ կաթնագոյն քարէ: Բազմաթիւ եւ գեղեցիկ քանդակներուն մէջ յատկապէս կ'արժէ յիշել Արեգակնային ժամացոյցը՝ քարի վրայ կերտուած:

Վեհաշուք եկեղեցւոյ ընդարձակ դահլիճը, վերամբարձ սիւներու ճոխութիւնը, ասեղնաձեւ խաչուող կամարներու թեքութիւնը, պատուհաններէն ներս թափանցող արեւու շողերը ներսը կը ստեղծեն լոյսի եւ գիծի խորհրդաւոր միասնութիւն մը:

Եկեղեցւոյ բեմին վերի մասին մէջ գտնուող արձանագրութեան մէջ նշուած է, թէ եկեղեցւոյ մէջ կային դպրատուն եւ բնակելի սենեակներ, որոնց տակ եղած են նկուղներ՝ ծառայելով իբրեւ պահեստանոցներ եւ թաքստոցներ: Երիցմանկանց վանքին բնակելի սենեակներէն շատերը փլած են օտար ասպատակողներու կողմէ, իսկ մնացեալները, որոնք մօտիկ անցեալին կ'օգտագործուէին, դեռ կանգուն են:

Վանական տարածքին մէջ պահպանուած բազմաթիւ բնակելի սենեակները, վանականներու կացարանները, դահլիճները՝ իրենց բուխերիկներով, կը խօսին Երից մանկանց վանքին միաբանութեան թիւին մասին։

Եկեղեցւոյ արեւելեան մասին մէջ գտնուող բնակելի հատուածը կազմող սրահին ներսի դռները կը տանին դէպի սրահին երկու կողմերը դասաւորուած բնակելի սենեակներ։ Նմանատիպ սենեակներու միւս խումբը կը գտնուի եկեղեցւոյ հարաւային պատէն ցած եւ բաղկացած է իրարու յաջորդող երկու ուղղանկիւն դահլիճներէ։ Ամբողջութեամբ հողին մէջ թաղուած սրահին ձախ կողմը կը գտնուի շրջանաձեւ եւ իր տեսակին մէջ հետաքրքրական եւ եզակի կառուցուածքով դահլիճ վեհարանը:

Ուշագրաւ է նաեւ եկեղեցւոյ արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ Երից մանկանց վանքին վերաբերեալ հետեւեալ յիշատակումը.

  Մեր աշխատանքը աւարտին հասցուցինք՝ աստուածասէրներու ու ողորմածներու միջոցով ու օգնութեամբ. Ս.Դանիէլ մարգարէին եւ երեք սուրբ մանուկներուն պատուական նշխարքները, որոնք դրուած են այստեղ, մեծամեծ հրաշագործութիւններ կը կատարեն: Հոս անիկա կառուցուեցաւ մեր փրկութեան, մեր բազում մեղքերու թողութեան, մեր հոգեւոր ու մարմնաւոր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատողներուն համար. մեզ եւ վանքին միաբանները յիշեցե՛ք ձեր սուրբ աղօթքներուն մէջ»:  


Աւանդութիւն

Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան՝ Դանիէլ վարդապետ, նեղանալով կաթողիկոսէն, Գանձասարի կաթողիկոսութիւնը ձգած եւ եկած է Երից Մանկանց վանք, ուր կառուցած է այդ հիանալի տաճարը:

Կը պատմուի, թէ Երից մանկանց վանքը կը կոչուի Հին Կտակարանի երեք հայազգի մանուկներուն անունով, որոնց վրայ կրակ նետած է Բաբելոնի թագաւոր Նաբուգոդոնոսորը, որովհետեւ անոնք մերժած էին կուռքին խոնարհիլ: Հայազգի մանուկները փրկուած են Միքայէլ հրեշտակապետին կողմէ եւ դժոխքէն անվնաս դուրս եկած:

Պատերազմի ատեն հայազգի մանուկները սպաննուած են օտար բռնակալներու կողմէ: Ուղտով տեղափոխուելու ատեն՝ ճամբան ուղտը չէ կրցած ճամբան շարունակել: Այն ատեն որոշած են մանուկները թաղել վանքին տարածքին: Հոնկէ ալ յառաջացած է Երից մանկանց անուանումը: Սպաննուած մանուկներուն գերեզմանաքարերը մինչեւ այսօր կը պահպանուին:

Յատակագիծ

Խմբագրել
 
Յատակագիծը

Վանքին վիճակը՝ ներկայիս

Խմբագրել

Երից Մանկանց եկեղեցին այժմ կիսաւեր վիճակի մէջ է, եւ Ազրպէյճանի սահմանամերձ ըլլալուն հանգամանքը կը խոչընդոտէ զբօսաշրջութեան զարգացումը:

Փետրուար 1993-ին ‹‹Եղնիկներ›› կամաւորական ջոկատին տղաքը հրամանատար Շահէն Մեղրեանի գլխաւորութեամբ կ'ոչնչացնեն Հաթերքէն Քարվաճառ շարժող ազերիական զինուժը:

Հայկական ջոկատին հետքերով Ազրպէյճանական զինուժը ռմբակոծութեան կ'ենթարկէ Երից մանկանց վանքը, որուն իբրեւ հետեւանք խաչը կ'իյնայ:

20 տարի անց Շահէն Մեղրեանի մարտական ընկերներուն օգնութեամբ կը վերականգնի վանքին խաչը՝ իրականացնելով հերոս հրամանատարին երազը: [2]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Երիցմանկանց վանք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-05 
  2. Արցախի գանձերը. Երից մանկանց վանք

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մկրտչեան Շ.Մ. (1980)։ Լեռնային Ղարաբաղի պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները։ Երեւան: Հայաստան հրատարակչութիւն։ էջ 53 
  • «Շահումեանը չպարտուեց, Շահումեանը յանձնեցին»..., Երկիր օրաթերթ, 20 Յունիս, 1992

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել