Եղիշէ Ա. Քհնյ. Փանոսեան

Եղիշէ Ա. Քհնյ. Փանոսեան, ըստ իր կենսագրութեան, աւազանի անունով՝ Սարգիս, ծնած է Այնթապ,116-ին։

Հազիւ տարի մը յաճախած Այնթապ Վարդանեան Վարժարանը, 1921-ին ընտանիքին հետ կը գաղթէ Հալէպ, ուր մէկ տարի տեղւոյն վարժարանը յաճախելէ ետք, փոխադրուած է Լաթաքիա,եւ երկու տարի յաճախած՝ տէղւոյն ծխական վարժարանը։ Իսկ 1924-ին,Պէյրութ հաստատուելով, ուսումը շարունակած է Պէյրութի Սահակեան երկսեռ վարժարանը, զոր օրինաւորպէս աւարտելէ ետք, բուռն փափաքը ունեցած է բարձրագոյն ուսում ստանալու։ Բայց նիւթական դժուարութեանց պատճառով այդ երազը չէ կրցած իրականացնել։ Հարկադրուած՝ հետեւած է իր շատ սիրած իւղաներկի գծագրութեան արուեստին՝ Գարեզին Չագմաքճեանին քով, միայն երկու տարի։

Կրօնասիրութիւնը զինք առաջնորդած է դպրեվանք։ 1931-ին, Տ. Շահան Եպս. Գասպարեանի Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր ժառանգաւորացի քառամեայ ուսման ընթացքը աւարտած է 1936-ին։

Նոյն տարին, ուսուցչութեան հրաւէր ստացած է Քեսապի Գարատուրան գիւղէն։ Տեղւույն Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ պաշտօնավարութիւնը եղած է ուսուցչական ասպարէզի իր առաջին փորձառութիւնը։ Ուսուցանելու իր կարողութեան համար նշանակւած է նոյն վարժարանի աւաք ուսուցիչը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 228։