Եղրդուտի Վանք
Եղրդուտի Վանք, Եղրդուտի կամ Ս․ Յովհաննէսի վանք, կը գտնուի Տուրուբերանի Տարօն գաւառի մէջ, Մշոյ արեւմտեան կողմը՝ քաղաքէն 4 ժամ հեռու։
Վանքը կը կոչուի նաեւ Եղէգնի Ս․ Յովհաննէս եւ Շիշ իւղոյ վանք: Կը կարծուի, թէ վանքը Գ. դարէն ի վեր գոյութիւն ունի եւ ըստ աւանդութեան, անոր հիմնարկութիւնը Ս․ Թադէոս առաքեալին կը վերագրուի, բայց Խորենացի Ս․ Վրթանէսի կը վերագրէ։ Կառուցուած է Մշոյ դաշտի արեւմտեան հարաւային կողմը Սիմ լերան վրայ՝ անտառատխիտ տեղ մը, շրջապատուած բերդանման պարիսպով, ունի աննման դիրք մը, գեղեցիկ եւ ակնապարար տեսարան, սքանչելի եւ առողջարար օդ ու ջուր:․ Վանքէն դիտողին աչքին առջեւ կը պարզուի Մշոյ ընդարձակ դաշտը՝ որպէս կանաչ ծով մը՝ իր պատմական եւ սրտառուչ յիշատակներով։
Ինճիճիեան՝ կ'ըսէ, թէ մենաստանին եկեղեցին երեք խորաններ ունէր, մին՝ Ս․ Կարապետ անունով,․ ուր կը գտնուի սուրբին ձախ թեւը, միւս երկուքը նուիրուած են Ս. Աստուածածնայ եւ Ս․ Ստեփանոսի։ Հոն կը ցուցադրուին նաեւ Յովսէփ Արեմաթացիին աջը, նարդեան ազնիւ իւղի շիշը, կենաց փայտի մաս մը եւ ուրիշ նշխարներ։ Իսկ ականատես Հ․ Ներսէս Սարգսեան, երկու եկեղեցի կը նշէ, մին յորում պաշտօն կը կատարէին անշուք եւ մթին, իսկ միւս եկեղեցին Ս․ Ստեփանոս՝ որմնակից առաջնոյն՝ վայելուչ ճարտարապետութեամբ շինուած է եւ ունի գմբէթ մը։ Մենաստանին միւս բոլոր կառոյցները, սենեակները ու անձուկ սրահները բոլորովին անշուք են ու մթին: Վանքին պարիսպին մօտ կայ փոքրիկ մատուռ մը, որուն քովը եղրդուտի ծառ մը գտնուելուն պատճառով ԵՂՐԴՈՒՏԻ ՎԱՆՔ անունը ստացած է.․ հոս կայ նաեւ պատուական սառ ջրոյ աղբիւր մը։ Սուրբ իւղին պատմութեան մէջ մանրամասն գրուած է նաեւ վանացս հիմնարկութեան վրայ։ Վանքին այժմեան վիճակը աննախանձելի է. մէկ կամ երկու վարդապետ միաբաններ ու քանի մը աշխարհական սպասաւորներ կը գտնուին։ Պարիսպը եւ եկեղեցիին պատերը երկրաշարժէ ճաթռտած են։ Ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին՝ Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Խաչվերացի տօնի օրերը․ իր թեմերն են՝ Սլիվան, Խուլփ, Խիան եւ Սասունը։ (Էթրիկէան՝ «Բնաշխարհիկ»)
Ըստ Վարդան Աշխարհագիրի, Եղրդուտի վանքին մէջ պահուած է ՝ Ս․ Կարապետի մասունքը եւ «շիշ իւղոյն», զոր Թադէոս Առաքեալ բերած ու պահած էր։
- 1330-ին Սարկաւագ մը ձեռագիր մը կ'ընդօրինակէ, Ներսէս միայնակեացին համար։
- 1419-ին Աբրահամ ի խնդրոյ Անդրէասի(Մեծոփեցի) ճաշոց մը կ'ընդօրինակէ վանքին մէջ, զոր Թոմա Մեծոփեցի ի յիշատակ իր հոգեւոր հօր՝ Մատթէոսի, կազմել կու տայ։
- 1477-ին վանքին մէջ Ստեփանոս գրիչ կը յիշէ Յովհաննէս առաջնորդին անունը։
- 1580-ին ըստ Մադաքիա դպիրի վանքին մէջ կը թաղուի Ս․ Կարապետի (Գլակ) վանքի Կարապետ Վարդապետը։
- 1621-ին հոս կը գտնուի Գրիգոր Նջեցի, որ հոն գտնելով Վարդան Արեւելքցիի Աղօթագիրքը Երուսաղէմ կը տանի եւ կ'ընդօրինակէ։
- 1627-ին Ղուկաս աբեղայ Ոսկեփորիկ երգարանը կ'ընդօրինակէ։
- 1630-ին վանքին առաջնորդը Երուսաղէմի վանքին կը նուիրէ Պօղոսի Թղթոց մեկնութիւնը։
- 1676-ին Յովհաննէս եպիսկոպոս գրիչ յերկիրն Արշաւունեաց (պէտք է ըլլայ Արշամունեաց) ի գեղն Գոմա, Գոմեր, որ Մշոյ մօտակայքը կը գտնուի, «ընդ հովանեաւ Ս․ Մենաստանանց Յովհաննէս Մկրտչի, Աստուածածնի, Ստեփանոսի, Լուսաւորչի»՝ ժամագիրք մը կ'ընդօրինակէ եւ Եղրդուտի վանքին կը նուիրէ, այդ ատեն վանքին առաջնորդն էր Գրիգոր եպիսկոպոս, որու օգնական միաբաններն էին Մարտիրոս երաժիշտ, Սուքիաս արհիապատիւ վախճանեալ, Յովնան վարդապետ, Արիստակէս եւ Յովհաննէս կրօնաւորք։ (Այս ժամագիրքը Անտոնեաց վանքը կը պահուի)։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հայր Մկրտիչ Վրդ․ Պոտուրեան, 1939, Պիւքրեշ, էջ 684-685