Եոաքիմ Կաուք

Եոաքիմ Կաուք (24 Յունուար 1940(1940-01-24)[1][2][3][…], Ռոսթոք, Նացիական Գերմանիա[4][5]), գերմանացի քաղաքական գործիչ, գրող եւ լրագրող։ 2012-էն 2017 Գերմանիոյ նախագահ։

Եոաքիմ Կաուք
գերմաներէն՝ Joachim Gauck
2012-06-05 Bundespraesident Joachim Gauck Berlin.jpg
Ծնած է 24 Յունուար 1940(1940-01-24)[1][2][3][…] (83 տարեկան)
Ծննդավայր Ռոսթոք, Նացիական Գերմանիա[4][5]
Քաղաքացիութիւն Flag of Germany.svg Գերմանիա
Մայրենի լեզու գերմաներէն
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Ռոսթոքի Համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, Պատուելի, ոչ գեղարվեստական գրող, համալսարանի դասախօս, լրագրող, Միջազգային ժողովի (Ֆորումի) մասնակից
Վարած պաշտօններ Գերմանիայի նախագահ?[5][6], Federal Commissioner for the Stasi Records?, Գերմանական Բունդեսթագի անդամ?[2] եւ ԳԴՀ Ժողովրդային պալատի անդամ?[7]
Կուսակցութիւն Նոր ֆորում? եւ Alliance 90?
Ամուսին Գերհիլդ Գաուկ?
Ծնողներ հայր՝ Վիլհելմ Յոախիմ Գաուկ?, մայր՝ Օլգա Գաուկ?
Ստորագրութիւն
Joachim Gaucks signature.svg

ԿենսագրութիւնԽմբագրել

Եոաքիմ ծնած է 1940-ին Արեւելեան Գերմանիոյ Ռոսթոք քաղաքին մէջ, Նացի ծնողքէ: Հայրը` նաւապետ, համայնավար իշխանութեան օրօք իր քով արեւմտեան նաւային ամսաթերթ մը ունենալուն պատճառով 3 տարի Սիպերիա աքսորուած է (երբ Եոաքիմ 11 տարեկան էր), եւ ենթարկուած չարչարանքի, որուն հետեւանքով անկարող դարձած է: Այս պատճառով Եոաքիմ դարձած է բուռն հակահամայնավար:

Ուսանած է կրօնի ճիւղը, հակառակ անոր որ փափաքած է լրագրութիւն ուսանիլ, սակայն հակահամայնավար ըլլալուն համար անոր արգիլուած է, ուստի դարձած է բողոքական լուտերական հովիւ Մեքլենպուրկի մէջ: Ան միեւնոյն ժամանակ եղած է քաղաքական գործիչ, ոչ գեղարուեստական գրող, լրագրող, փրոֆեսէօր եւ ուսուցանող:

Եղած է 1989-ի հակահամայնավար «Նիւ Ֆորում» շարժումին համանախագահներէն, ջատագովը խաղաղ յեղափոխութեան` տապալելու համար համայնավար վարչակարգը: 1990-ին, Գերմանիոյ վերամիացումէն ետք, ընտրուած է խորհրդարանի անդամ, սակայն անմիջապէս հրաժարած է, երբ խորհրդարանը զինք նշանակած է համայնավար շրջանի տխրահռչակ գաղտնի սպասարկութեան` «Սթազի»-ի արխիւներուն վերակացու` դաշնութեան մարդու իրաւանց մասնայատուկ յանձնակատար, որ վարած է մինչեւ 2000` բացայայտած է անոնց կատարած անմարդկային արարքները:

Նախագահութեան տարիներԽմբագրել

2012-ին ձայներու մեծ առաւելութեամբ ընտրուած է Գերմանիոյ նախագահ, որ վարած է մինչեւ 2017` մերժելով վերընտրուիլ: Ան կոչ ուղղած է` աւելցնելու Եւրոպայի մէջ համայնավարութեան յանցագործութիւններուն մասին գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ, խորհրդային ժամանակաշրջանը անվաւեր` ապօրինի հռչակելու անհրաժեշտութեան մասին[8]:

Իբրեւ նախագահ, ան «գիտակից հակահամայնավարութեան» կողմնակից եղած է, եւ շեշտած՝ Արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար կառավարման հակաօրինական ըլլալը:

ՀրատարակութիւններԽմբագրել

Համահեղինակն է շարք մը գիրքերու, ներառեալ «Համայնավարութեան սեւ գիրքը»-ին:

Իր 2012-ի «Ազատութիւն` պահանջք մը» գիրքով, կոչ ուղղած է աշխարհի տարածքին պաշտպանելու ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքները:

ԲնորոշումներԽմբագրել

  • Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել զայն կոչած է «Ժողովրդավարութեան իսկական ուսուցիչ» մը եւ «Ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան անխոնջ` չյոգնող ջատագովը»:
  • «Ուոլ սթրիթ ճըրնըլ»-ը զայն որակած է իբրեւ «իր տեսակին վերջինը` բողոքի շարժումներու առաջնորդներ «Երկաթէ վարագոյրի» ետին, որոնք 1989-էն ետք իրենց երկիրները ղեկավարեցին»:

ՄրցանակներԽմբագրել

Ան արժանացած է ազգային եւ միջազգային շարք մը (36) մրցանակներու,  ներառեալ 1997-ին «Հաննա Արտենթ մրցանակ»-ին (Hannah Arendt Prize), որ միջազգային դատական կազմի մը կողմէ կը տրուի քաղաքական տեսագէտներուն:

Ցեղասպանութիւնը եւ ԿաուքըԽմբագրել

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 23 ապրիլ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Պերլինի մայր տաճարին մէջ, միջեկեղեցական, ոչ յարանուանական կրօնական արարողութեան աւարտին ունեցած ելոյթով «Ցեղասպանութիւն»[9] կոչեց Օսմանեան պետութեան ջարդերը` հայերուն:

Գերմանիոյ խորհրդարանը 2 Յունիս 2016-ին գրեթէ միաձայնութեամբ` միայն մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ, ընդունած է օսմանեան շրջանին հայերուն ջարդերը` իբրեւ ցեղասպանութիւն[8]։

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել