Եոհան Փիթըր Էքըրման

Եոհան Փիթըր Էքերման (գերմ.՝ Johann Peter Eckermann), (21 Սեպտեմբեր 1792, Վինզեն, Պրաունշվեյկ-Լիւնեպուրկ - 3 Դեկտեմբեր 1854, Սաքսեն-Վայմար), գերմանացի գրականագէտ եւ բանաստեղծ: Յայտնի է Կէօթէի ստեղծագործութիւններուն ուսումնասիրութեամբ, եղած է մեծ գրողին բարեկամն ու քարտուղարը:

Եոհան Փիթըր Էքերման
գերմաներէն՝ Johann Peter Eckermann
Ծնած է 21 Սեպտեմբեր 1792
Ծննդավայր Winsen, Ստորին Սաքսոնիա, Գերմանիա[1]
Մահացած է 3 Դեկտեմբեր 1854(1854-12-03)[2][3][4][…] (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Սաքսեն-Վայմար Վայմար
Քաղաքացիութիւն Գերմանացի
Մայրենի լեզու գերմաներէն
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Գյոթինգենի համալսարան?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Conversations with Goethe?
Կարողութիւն գրականագէտ, բանաստեղծ:
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ, փիլիսոփայ, ուսուցիչ, գրադարանավար
Աշխատավայր գրականագէտ, բանաստեղծ, քարտուղար
Ստորագրութիւն

Էքերմանի ծնողները

Խմբագրել
 
Տեսարան Վինզեն քաղաքին. հեռուն կ'երեւի Ս. Մարիամ եկեղեցին:

Հայրը առաջին ամուսնութենէն ունէր երկու որդի, որոնցմէ մէկը, նաւաստի ըլլալով, երկար տարիներու ծովային ճամբորդութենէ ետք անհետ կորսուած է: Իսկ միւս որդին քանի մը անգամ դէպի Կրենլանտիա կատարած ճամբորդութենէն ետք, ուր զբաղած է կէտի եւ շնաձուկի որսով, վերադարձած է Համպուրկ, ուր կ'ապրէր իր համեստ միջոցներով: Իսկ երկրորդ ամուսնութենէն Էքերմանի հայրն ունէր նաեւ երկու մեծ դուստր: Եոհան Փիթըր արդէն տասներկու տարեկան էր, երբ քոյրերը ձգած էին հայրական տունը եւ ծառայութեան մտած նախ Վինզենի մէջ, ապա Համպուրկ: Իր յիշողութիւններուն մէջ Էքերման կը պատմէ, որ իրենց ընտանիքին ապրուստի հիմնական աղբիւրը կով մըն էր, որ ոչ միայն ամէնօրեայ կաթ կու տար, այլեւ տարեկան մէկ հորթ եւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէր երբեմն քանի մը գրոշի (ռուսական դրամ = 2 կոպեկ) կաթ վաճառելու: Էքերմաններն ունէին նաեւ փոքրիկ վարելահող մը, որ զիրենք կը բաւարարէր տարեկան անհրաժեշտ բանջարեղէնով: Հայրը փոքր առեւտրական էր, կը վաճառէր տարբեր ապրանքներ, եւ այդ գործը զինք կը ստիպէր յաճախ բացակայելու տունէն ու ոտքով շրջելու բնակավայրերուն մէջ։ Մայրը կը զբաղէր թել մանելով եւ կանացի գլխարկներու կարուձեւով, եւ այդ արհեստը եւս ընտանիքին համար որոշ չափով գումար վաստակելու աղբիւր էր:

Կեանքին վաղ տարիները

Խմբագրել
 
Վինզեն քաղաքը 1650-ին:

Էքերմանի կենսագրական տուեալներուն կը ծանօթանանք անոր ինքնակենսագրականէն, որ ան, կցեր է իր «Զրոյցներ Կէօթէի հետ» ստեղծագործութեան՝ իբրեւ ներածութիւն: Ծնած է 21 Սեպտեմբեր 1792-ին, Ներքին Սաքսոնիոյ Վինզեն քաղաքին մէջ։ Երկրորդ անգամ ամուսնացած ծնողներու վերջին զաւակն էր, եւ մանկութիւնը անցուցած է ծերունի հօր եւ մօր հետ, առանձնութեան մէջ։ Եոհան Փիթըրի մանկական զբաղումը տարուան եղանակներուն հետ կը փոխուէին. գարունը բացուելուն պէս, երբ Էլպայի սովորական հեղեղները կը մեղմանային, ամէն օր կ'երթար ամբարտակի եւ առափնեայ ծանծաղուտներու մօտ աճող եղէգները հաւաքելու, որ կը փռէր գոմին մէջ՝ կովուն համար: Իսկ երբ գիւղին մերձակայ մարգագետիններուն կանաչութիւնը կը սկսէր տալ առաջին խոտը, միւս երեխաներուն հետ ան ամբողջ օրը կովը կ'արածէր: Ամրան կը մշակէր իրենց փոքրիկ հողամասը, իսկ ամբողջ տարին՝ մէկ ժամուան ճանապարհ հեռու գտնուող անտառէն չոր փայտ կը կրէր օճախի համար: Հունձքի ժամանակ փոքրիկ Եոհան Փիթըր շաբաթներով կը թափառէր դաշտերը, հասկ կը հաւաքէր, իսկ աւելի ուշ, երբ ծառերը կը մերկանային, ան կաղին կը հաւաքէր ու կը վաճառէր ունեւոր բնակիչներուն, որոնցմով անոնք իրենց սագերը կը կերակրէին: Այսպիսի բազմազբաղ մանկութիւն մը ունենալով, Էքերման երբեմն դպրոց կ'այցելէր եւ շատ դժուարութեամբ գրել-կարդալ սորված էր: «Ես պատկերացում չունէի այն մասին, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունէին այնպիսի նիւթեր, ինչպիսիք են բանաստեղծութիւնը եւ գեղարուեստը»: Այսպէս կը լրանայ անոր տասնչորս տարին:

Էքերմանի նկարչական տաղանդին դրսեւորումը

Խմբագրել

Երեկոյ մը Եոհան Փիթըր ծնողներուն հետ նստած սեղանին շուրջ, աչքին կ'իյնայ Համպուրկէն վերադարձած հօր ծխախոտին տուփը, որուն վրայ ձիու գեղեցիկ նկար մը պատկերուած էր։ Ան շատ կը հաւնի եւ իսկոյն թուղթ ու գրիչ կը վերցնէ եւ կը սկսի աննկատ արտանկարել ձին: Աւարտելէ ետք, երբ ցոյց կու տայ ծնողներուն, անոնք շատ կ'ուրախանան եւ մեծ հիացում կը յայտնեն: Շուտով տղուն նկարչական ձիրքին մասին կը խօսուի գիւղին մէջ եւ դրացի բրուտը անոր ուրուապատկերներով քանի մը տետրակներ կու տայ, որոնք իրեն համար կը ծառայէին իբրեւ նմուշ՝ ափսէներ եւ սկուտեղներ ծաղկազարդելու համար: Այդ բոլորը ան ամենայն մանրամասնութեամբ կ'արտանկարէ երկու տետրակի մէջ, որոնք գիւղին մէջ շուտով ձեռքէ ձեռք կ'անցնին եւ կը հասնի գիւղի տանուտէր հազարապետին: Տանուտէրը կ'առաջարկէ Էքերմանը ուղարկել Համպուրկ՝ լաւ վարպետի մը քով նկարչութիւն սորվելու: Սակայն տղուն ծնողները, որոնք հողագործութենէ ու անասնապահութենէ բացի գրեթէ ոչինչով կը զբաղէին, նկարիչ ըսելով կը հասկնային պատեր եւ լուսամուտներ ներկող: Այդ պատճառով ալ անոնք կտրականապէս կը մերժեն տանտիրոջ առաջարկը, ըսելով, որ ատիկա շատ աղտոտ ու վտանգաւոր գործ մըն է, եւ այդպիսի աշխատանքի ընթացքին մարդ շատ հեշտութեամբ կրնայ վիզը կոտրել՝ իյնալով բարձր յարկերէն: (Բանն այն է, որ գերմաներէնի մէջ «նկարիչ» եւ «ներկարար» հասկացութիւնները կ'արտայայտուին միեւնոյն բառով):

Ծառայութիւնը տարբեր կառոյցներու մէջ

Խմբագրել

Եոհան Փիթըրի շնորհները կը նկատեն պաշտօնատար մարդիկ, որոնք կը սկսին հոգ տանիլ անոր զարգացման: Նախ ան հնարաւորութիւն կը ստանայ բարձրաստիճան մարդոց երեխաներու հետ մասնաւոր դասերու յաճախելով, որոնց ընթացքին կը սորվի ֆրանսերէն, լատիներէն եւ երաժշտութիւն: Եոհան Փիթըրը կ'ապահովեն նաեւ լաւ հագուստներով: Պատանին կը փափաքէր դպրոցէն ետք ուսումը շարունակել հանրակրթական միջնակարգ ուսումնական հաստատութեան մը մէջ, որպէսզի ստանայ գիտական կրթութիւն, բայց իր ծնողները այդ կարելիութիւնը չունէին, բացի ատկէ, կարիքը կը ստիպէր որքան կարելի է շուտ անցնիլ այնպիսի աշխատանքի մը, որու եկամուտով կարենար հոգալ ոչ միայն իր կարիքները, այլեւ օգնել արդէն ծեր ծնողներուն: Շուտով տեղական իրաւաբաններէն մէկը զինք իր քով աշխատանքի կ'ընդունի՝ գրագրութեան եւ այլ մանր աշխատանքներու համար: Այդ ժամանակահատուածին Էքերմանի կը վստահուի նաեւ դատապաշտպանական որոշ ծանր գործեր, որոնք կը կատարէ յաջողութեամբ: 1810-ին Էքերման պաշտօն կը ստանայ Լիւնեպուրկի հարկադրումներու հիմնարկի ձեռնարկութեան՝ ուսումնական հաստատութեան ղեկավար մարմինի պետի գրասենեակին մէջ, իսկ երկու տարի ետք կը նշանակուի Պեւենսենի քաղաքապետի քարտուղար:

Զինուորական ծառայութիւնը

Խմբագրել
 
Էքերմանի դիմանկարը (նկարիչ՝ Եոհան Ժոզէֆ Շմելլեր, 1824)

1813-ի գարնան Պեւենսենի կը մօտենան կոզակական զօրքերը՝ տեղի բնակչութեան յոյս ներշնչելով ազատելու ֆրանսական տիրապետութենէն, եւ Էքերման կը վերադառնայ հայրենիք՝ նպատակ ունենալով մտնել հայրենիքի պաշտպանութեան համար ձեւաւորուող խումբերու մէջ։ Ամրան վերջը արդէն իբրեւ կամաւոր կը մտնէ կիլմանսեգեան հրաձգային զօրաբանակը: Տարեվերջը այդ զօրամիաւորումը յարձակումներ կը գործէ Մեքլենպուրկի, Հոլշթայնի եւ Համպուրկի ուղղութիւններով՝ նափոլէոնեան բանակի մարշալ Լուի Նիքոլա Տավուի գլխաւորած զօրքերուն դէմ: Ամրան գերմանական զօրքերը կը հասնին մինչեւ Ֆլանտրիա եւ Պրապանթ: Հոն ան կը ծանօթանայ նիտերլանտացի մեծ նկարիչներու կտաւներուն՝ այցելելով տարբեր եկեղեցիներ ու թանգարաններ: Անոնք առաջին նկարներն էին, զորս ան կը տեսնէր, եւ միայն հոն կը հասկնայ, թէ ինչ է նկարչութիւնը: Ան կը տեսնէ աշակերտական շարք մը ստեղծագործութիւններ, որոնք մրցանակի արժանացած էին տարբեր մրցոյթներու ընթացքին, եւ մեծ դառնութիւն կը զգայ, որ կեանքի բերումով ինք չէ կրցած այդպիսի ճամբայ մը կտրել: Սակայն կ'որոշէ չյանձնուիլ. Թուրնէի մէջ ծանօթանալով երիտասարդ նկարիչի մը հետ, անկէ ձեռք կը բերէ սեւ եւ գունաւոր ջրիկ ներկ, մեծ չափի նկարի թուղթ եւ կ'որոշէ արտանկարել մեծ նկար մը: Ինչպէս ինք կը յիշէ, գործի հանդէպ մեծ տենչը կը փոխարինէ հմտութեան եւ ղեկավար ունենալու պակասին, եւ ան յաջողութեամբ կ'աւարտէ դէմքերու ուրուագիծերը: Էքերման նոր սկսեր էր ձախ կողմէն ստուերագծել նկարը, երբ յանկարծ մեկնելու հրաման կը ստանայ՝ ընդհատելով իրեն հաճելի այդ աշխատանքը: Կիսատ մնացած մասին մէջ ան քանի մը պայմանական տառերով կը նշէ լոյսի ու ստուերի յաջորդականութիւնը՝ յուսալով, որ հանգիստի պահերուն կը կարենայ աւարտել նկարը: Էքերման այդ նկարը կը փաթթէ եւ կը պահէ զինուորական կերակրամանի մը մէջ, որ, ջրամանին հետ Թուրնէն մինչեւ Համմելն երկարող ճամբուն կը կրէ իր մէջքին:

Ծառայութեան աւարտը եւ վերադարձը հայրենիք

Խմբագրել

1814-ին հրաձգային զօրաբանակը կը կազմացրուի, Էքերման կը վերադառնայ հայրենի տուն: Հայրը մահացած կը գտնէ, իսկ մայրը կ'ապրէր մեծ քրոջ քով, որ այդ ընթացքին ամուսնացած էր եւ կ'ապրէր իրենց հայրական տունը: Հայրենիքի մէջ Էքերման կը շարունակէ իր նկարչական վարժութիւնները: Նախ կ'աւարտէ Պրապանթէն բերած նկարը, յետոյ, չգտնելով արտանկարելու յարմար որեւէ բան մը, կը ձեռնարկէ Ռամպերկի՝ պղինձի վրայ կատարած փորագրանկարներու արտանկարումը: Սակայն շուտով կը զգայ, որ այս բնագաւառին մէջ իր գիտելիքները չափազանց քիչ են. շատ քիչ գաղափար ունէր մարդու եւ կենդանիներու մարմիններու կազմութեան մասին, ինչպէս նաեւ ծառերու տարատեսակներու կամ երկրի վերնաշերտի մասին, այդ պատճառով քիչ թէ շատ յաջող բան մը ստեղծելու համար ստիպուած էր մեծ ջանքեր թափել: Ուստի կ'որոշէ երթալ լաւ վարպետին մօտ եւ ամէն ինչ սկիզբէն սկսիլ: Եւ Էքերման կ'որոշէ աշակերտել Հաննովեր բնակող Ռամպերկի քով: Իր նուիրական երազանքը իրականացնելու համար Էքերման 1815-ի ձմրան առանձին եւ ոտքով կը բռնէ շուրջ քառասուն ժամուան այդ ճամբան եւ քանի մը օրէն յաջողութեամբ կը հասնի Հաննովեր եւ իսկոյն կ'երթայ Ռամպերկի քով ու կը յայտնէ անոր աշակերտելու իր ցանկութիւնը: Նշանաւոր վարպետը, նայելով Էքերմանի փորձերուն, կը համոզուի, որ ան տաղանդաւոր է, սակայն կը հասկցնէ, որ արուեստը հաց կը փնտռէ, իսկ արուեստի հմտութեան եւ գեղարուեստական եւ գիտարուեստական գործադրութեան տիրապետելը շատ ժամանակ կը պահանջէ, ուստի անիմաստ է յուսալ, թէ արուեստով այդ սկզբնական ժամանակաշրջանին Էքերման կը կարենայ ապրուստի միջոցներ վաստակիլ: Միաժամանակ Ռամպերկ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ կրցածին չափ օգնել իրեն՝ տալով իր բազմաթիւ ուրուանկարներէն ընդօրինակելու համար: Հաննովերի մէջ Էքերման կը բնակի ընկերոջ մը տունը, ուր կը սկսի ընդօրինակել այդ ուրուանկարները: Յառաջադիմութիւնը անվիճելի էր, Էքերման սկսած էր աւելի ու աւելի հմտութեամբ վերարտադրել տարբեր պատկերներ, երբ առողջութիւնը կը վատանայ, եւ դողի պատճառով այլեւս չի կրնար մատիտ բռնել: Բժիշկը կը յայտնէ, որ հիւանդութեան պատճառը ծառայութեան ժամանակ կատարած յոգնեցուցիչ ռազմերթերը եղած են, որմէ ետք այդպէս տքնաջան աշխատանքը աւելի հիւծեր էր զինք: Էքերման քիչ-քիչ կը կը կազդուրուի բուժման շնորհիւ, սակայն նկարչական ուսումը շարունակելու մասին արդէն մտածել չէր կրնար:

Գրական ասպարէզ մուտքը

Խմբագրել

Կարճ միջոցէ մը ետք Էքերման զինուորական գերատեսչական յանձնախումբին մէջ պաշտօն մը կը ստանայ, որ կը զբաղէր հաննովերեան բանակի մատակարարման գործով: Շուտով նիւթական ապահովութիւն գտնելով, Էքերման հնարաւորութիւն կը ստանայ ուշադրութիւնը կրկին սեւեռել արուեստին: Այդ ընթացքին ընկերոջ մը շնորհիւ կը ծանօթանայ ժամանակի յայտնի բանաստեղծ Թէոտոր Գերների «Քնար եւ սուր» ժողովածոյի ստեղծագործութիւններուն, որոնք իր վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն: Եւ կ'որոշէ փորձել, թէ արդեօ՞ք ինքն ալ կրնայ բանաստեղծութիւններ գրել: Գերմանական զօրամասերուն վերադարձը Ֆրանսայէն իրեն համար յարմար առիթ կը ծառայէ. ոչ վաղ անցեալին ռազմերթերու ընթացքին կրած դժուարութիւններուն թարմ տպաւորութեան տակ, երբ իրենք այդպէս զրկանքներ կը կրէին, իսկ քաղքենի մարդիկ ամէն ինչով ապահովուած կ'ապրէին իրենց տուներուն մէջ, կ'որոշէ այդ հակադրութինը շարադրել բանաստեղծօրէն, եւ ազդելով մարդոց յոյզերուն վրայ, եւ աւելի սրտագին ընդունելութիւն նախապատրաստել զինուորներու համար: Իր սեփական ծախսերով ան քանի մը հարիւր օրինակով կը տպագրէ այդ բանաստեղծութիւնը եւ կը տարածէ քաղաքին մէջ։ Անիկա սպասածէն աւելի արդիւնաւէտ կ'ըլլայ, եւ շատերը զինք կ'ոգեւորեն շարունակելու քայլերը այս ոլորտին մէջ։ Ատկէ ետք բանաստեղծութիւնը նոյնիսկ կը տպագրուի պարբերական մամուլին մէջ եւ առաւել լայն տարածում կը գտնէ: Նոյնիսկ ժամանակի երգահաններէն մէկը ատոր համար երաժշտութիւն մը կը գրէ եւ երգի կը վերածէ:

Որմէ ետք Էքերման կը սկսի յաճախ ստեղծագործել, գրեթէ շաբաթը մէկ բանաստեղծութիւն հրապարակելով: Ատոր զուգահեռ կը սկսի կարդալ տարբեր յանրայայտ բանաստեղծներու գործերը՝ ձգտելով առաւել զարգացնել իր ունակութիւնները: Այս ընթացքին է, որ ան կը լսէ Կէօթէի անունը՝ առաջին անգամ ընթերցելով անոր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Կէօթէի ստեղծագործութիւնը առաւել բարերար ազդեցութիւն կը ձգէ դեռ երրորդ տասնամեակը չբոլորած Էքերմանի վրայ, ինչպէս ինք կը յիշէ՝ անկէ ետք այդ երգերով կ'ապրէր: Այնուհետեւ կը սկսի խորութեամբ ծանօթանալ Շէյքսփիրի, Հոմերոսի եւ Սոփոկլեսի գործերուն:

Էքերման շուտով կը նկատէ, որ այդ բարձր ստեղծագործութիւններէն ինքն ի վիճակի է իւրացնել միայն այն, ինչ որ համամարդկային է, իսկ առանձնայատուկ արժէքները, ինչպէս օրինակ լեզուական կամ պատմական, գիտական մեծ իմացութիւն եւ կրթութիւն կը պահանջեն, ինչ որ հնարաւոր էր ստանալ միայն դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ։ Նաեւ իրեն յաճախ կ'ըսեն, որ բանաստեղծը առանց, այսպէս կոչուած, դասական կրթութեան, չի կրնար իր լեզուն օգտագործել վարպետութեամբ ու արտայայտիչ կերպով: Այսպիսով, ան շուտով Հաննովերի հանրակրթական միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւն դասաւանդող բանասէրէ մը կը սկսի աշխատանքի ազատ ժամերուն լատիներէնի ու յունարէնի դասեր առնել, իսկ մէկ տարի անց իր այդ ուսուցիչին առաջնորդութեամբ կ'երթայ տնօրէնին քով՝ ընդունելութեան քննութիւն յանձնելու: Այսպէս կը սկսի 25-ամեայ Էքերմանի ուսումնառութիւնը 10-20 տարեկան դասընկերներու միջավայրին մէջ։ Սակայն ուժերու գերլարումը՝ մէկ կողմէն աշխատանք, միւս կողմէն՝ ուսում, կրկին կը հիւծեն Էքերմանի առողջութիւնը, եւ ան ստիպուած կ'ըլլայ 1817-ի գարնան սկիզբը ձգել ուսումը: Բայց մասնաւոր դասեր առնելը կը շարունակէ:

Ուսումը Կէոթինկենի համալսարանին մէջ

Խմբագրել

1821-ին Էքերման կրկին կը գտնուէր զինուորական ծառայութեան մէջ, երբ կը խնդրէ իր վերադասներուն՝ ազատել աշխատանքէն ուսումը շարունակելու համար: Անոնք շատ բարեացակամօրէն կ'ընդառաջեն՝ նոյնիսկ երկու տարի տարեկան թոշակ յատկացնելով կրթական ծախսերը հոգալու համար: Նոյն թուականին ան կը մեկնի Կէոթինկեն եւ կ'ընդունուի տեղի համալսարանի իրաւաբանութեան կաճառը: Կ'ընտրէ այդ մասնագիտութիւնը, քանի որ իրեն հովանաւորող անձինք կ'օգնէին այն պայմանով, որ «հաց բերող» մասնագիտութիւն ընտրէ: Սակայն այդ ամբողջ ընթացքին անոր սիրտն ու հոգին նուիրուած էր բանաստեղծութեան: Ուսման տարիներուն յատկապէս հետաքրքրութեամբ կը լսէր ազգագրութեան եւ պատմութեան դասախօսութիւնները: Երկրորդ ուսումնական տարին կը սկսի աւելի շատ ժամանակ յատկացնել բանասիրութեան:

Հանդիպումը Կէօթէի հետ

Խմբագրել

1822-ին Էքերման- դուրս կու գայ համալսարանէն՝ դրամական միջոցներու սպառման պատճառով, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութեան հիմունքներու մասին իր գաղափարները զարգացնելու նպատակով եւ կը հաստատուի Հաննովերէն ոչ հեռու գիւղի մը մէջ։ Ան սկիզբը կը գրէ տեսական այն յօդուածները, որոնք իր կարծիքով կրնայ օգնել ոչ միայն երիտասարդ տաղանդներու ծնունդին, այլեւ քննադատաբար իււրացնելու բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները. այդ յօդուածները ան կը վերնագրէ «Ակնարկներ բանաստեղծութեան մասին»: Յաջորդ տարին աւարտելով, ձեռագիրը կ'ուղարկէ Վայմար ապրող Կէօթէին՝ կարծիքի համար եւ կը խնդրէ բարեկամական քանի մը խօսք գրել հրատարակիչ ֆոն Գոթային: Էքերման փոքրիկ նամակի մը հետ, որմով տեղեկութիւններ կը հաղորդէր իր կեանքի ու կրթութեան մասին, կ'ուղարկէ նաեւ առաջին բանաստեղծութիւններու գիրքէն մէկ օրինակ, որմէ ետք ոչ միայն գրաւոր պատասխան կը ստանայ մեծ գրողէն, այլեւ Վայմարէն եկած մարդոցմէ կ'իմանայ, որ Կէօթէ լաւ կարծիք կազմեր է իր եւ իր բանաստեղծութիւններուն մասին եւ կ'ուզէ «Արուեստ եւ հնութիւն» գրական ամսագիրին մէջ խօսիլ այդ մասին: Որմէ ետք ան կը փափաքի հանդիպիլ մեծ գրողին եւ շուտով ոտքով ճամբայ կ'ելլէ դէպի Վայմար: Կէօթէ ջերմօրէն կ'ընդունի զինք եւ քանի մը այդպիսի հանդիպումներէն ու զրոյցներէն ետք Էքերմանի կ'առաջարկէ դառնալ իր քարտուղարը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Էքերման, «Զրոյցներ Կէոթէի հետ», Երեւան, 1975:
  1. Эккерман Иоганн Петер // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  2. Discogs — 2000.
  3. Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  4. Babelio — 2007.