Եսամոլութիւնը (անձնասիրութիւն, եսապաշտութիւն, անգլերէն՝ Egoism) ծայրայեղութեան հասած եսականութիւն։ Կը քննուի որոշ «էկօ»ի խնդիրներու մէջ, որոնք կը հետաքրքրեն նաեւ նոյնիսկ հոգեբուժութիւնը:

Հին ժամանակներէն ի վեր կրօնական, փիլիսոփայական, հոգեբանական, տնտեսական եւ կենսաբանական զանազան կարծիքներ արտայայտուած են եսասիրութեան, «ես»ի կարեւորութեան, նաեւ եսամոլութեան մասին։ Կրօնները յաճախ եսամոլութիւնը կը համարեն մեղք կամ չարիք եւ կը կեդրոնանան այլ անհատներու կարեւորութեան վրայ:

Եսամոլութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ

Խմբագրել

Արիստոտել մեղադրած է բոլոր անոնք, որոնք կը մտածէին միայն իրենց շահերու մասին: Այս իրավիճակը ի յայտ կու գայ սեփական անձի հանդէպ սէրը՝ ընկերային գովասանք պահանջող աշխատանքի մէջ[1]:

Իսկ Լուսիուս Սենեքա կը մտածէր «ես»ի մասին: Ան գրած է ինքնապահպանման, ինքնամբռնման մասին եւ զանոնք կը համարէ ինքնագիտակցութիւն, ինչ որ եսամոլութիւն չի համարեր:

Տնտեսութեան մէջ

Խմբագրել

Եսամոլութիւնը տնտեսապէս ուսումնասիրուած է Մարքսի նման փիլիսոփաներու կողմէ եւ այդ մէկը բնութագրուած է՝ իբրեւ դրամատիրութեան գերիշխող յատկանիշներէն մէկը։ Ան ըսած է, թէ մարդիկ եսասէր են, սա բնական է, բայց անոնք կ՚ապրին եսամոլութեան մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է շրջակայ միջավայրով:

Էտըմ Սմիթ տնտեսական համակարգը կը սահմանէ՝ որպէս եսամոլութեան նպաստող միջոց: Պեռնար Մանտեւիլ ըսած է. «Ընկերային տնտեսական յառաջընթացը կախեալ է եսամոլութեան թշուառութենէն»[2]:

Կենսաբանութեան մէջ

Խմբագրել

Հետաքրքրական է նաեւ եսամոլ բառի օգտագործումը կենսաբանութեան մէջ։ Եսամոլութեան բառի օգտագործումը, որ յայտնի դարձած է Ռիչըրտ Տաուքինսի «Եսամոլական ծինը» գիրքով, կը վերաբերի Տարուինէն սկսեալ եսամոլութեան կենսաբանական գործընթացներուն[3]։

Քրիստոնէութեան մէջ

Խմբագրել

Քրիստոնէութեան մէջ եսամոլութիւնը կը համարուի եօթ մեղքերէն մէկը՝ ագահութեան, նախանձի, որկրամոլութեան, զայրոյթի եւ ծուլութեան զուգահեռ: Տանթէի «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ կը նկարագրուի «էկօ»ն, որ կը համարուի մահացու մեղքերէն մին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Egoism | Internet Encyclopedia of Philosophy» (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-24 
  2. «Mandeville, Bernard | Internet Encyclopedia of Philosophy» (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-24 
  3. Selfish Genes and Social Darwinism(անգլերէն)