Շաւարշ Եսայեան

(Վերայղուած է Եսայեան Շաւարշ-էն)

Շաւարշ Եսայեան (Յարութիւն Շաւարշ-Օշին, 1850, Թալաս, Կեսարիա, Թուրքիա - 1937) տնօրէն-ուսուցիչ։ Ուսանած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ յետոյ իբրեւ ուսուցիչ տեսուչ պաշտօնավարած է Կ. Պոլիս, Իզմիր, Մանիսա, Հալէպ եւ ի վերջոյ Թալաս, որուն Վարդ – Պատրիկեան վարժարանին տնօրէնը եղած է 1889-1893:

Փոքր Հայքի դէպքերուն բերմամբ, 1893 Յունուար 1-ին կը ձերբակալուի:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Էնկիւրիի Պատերազմական Ատեանէն կը դատապարտուի 7 տարի բանտարկութեան եւ կ'աքսորուի Հռոդոս: Ընդհ. ներումէն օգտուելով կը դառնայ Դալաս եւ կրկին կը պաշտօնավարէ վարժարանին մէջ։ 1896-ին իր Վառիկ կնոջ հետ կրկին կը բանտարկուի: Վերջինս մէկ տարի ետք ներման կ'արժանանայ, իսկ ինքը մահուան կը դատապարտուի: Սակայն Օրմանեան պատրիարքի ջանքերով ինքն ալ ներման կ'արժանանայ: Շ. Եսայեան անկէ ետք զբաղեցաւ գորգի նկարներ շինելով եւ մեծապէս գնահատուեցաւ: Կեսարիոյ կառավարիչ Նազըմ փաշա զինքը քաջալերեց եւ հովանաւորեց: Իր հսկողութեան տակ պատրաստուած գորգ մը, իբր Կեսարիոյ քաղաքապետութեան նուէրը Սուլթան Համիտի մատուցուեցաւ: Կարմիր Սուլթանը այս առթիւ Նազըմ փաշան հետը տարաւ եւ Տիարպէքիրի Թրք. Արհեստանոցին տնօրէն կարգեց զինք: 1904-ին Նազըմ Փաշայի հետ տեղափոխուեցաւ Հալէպ, ուր ապրեցաւ նկարչութեամբ զբաղելով:

Օշին ծածկանունով գրութիւններ ունի: Ինքը խմբազրած է Բռնութեան դէմ Գաղատիայի – դատավարութիւն տետրակը (Թիւ։ Օ հրտ. Հնչ. Կուսակցութեան, Աթէնք, 1894): (Ալպօյաճեան «Հայ Կեսարիա» էջ 1200)[1]:

Շաւարշ Եսայեան
 
Ծնած է 1850
Ծննդավայր Թալաս, Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է 1937
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Հայ Հանրագիտութիւն Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ,1938,էջ 693