Եսայի Կարապետեան

Կարապետեան (Գըրմըզգոլանյան) Եսայի, արեւմտահայ բժիշկ, ծնած է 1894 թուականին, Եդե­սիոյ նա­հան­գի կեդրոն՝ Եդե­սիա քաղաքին մէջ։

Կարապետեան (Գըրմըզգոլանեան) Եսայի
Պատկեր:Հայ բժիշկներ.jpg
Ծնած է 1894
Ծննդավայր Եդեսիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւնը

Խմբագրել

Ծնած է 1894 թուականին Եդեսիոյ նահանգի կեդրոն՝ Եդեսիա քաղաքին մէջ։ 1908 թուականին Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն յետոյ, բազմաթիւ եդեսահայ երիտասարդներու հետ միասին, մեկնած է Կ.Պո­լիս` կրթու­թիւն ստա­նա­լու։ 1908-15 թուականներուն ուսանած է Կ.Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս։ 1915 թուականին՝ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօ­րա­կոչ­ուած է Օս­մա­նեան բանակ եւ ծառայած՝ որպէս զին­ուո­րա­կան բժիշկ։ 1918 թուականին, պա­տե­րազմն աւարտ­վե­լուն պէս, աճա­պա­րած է Կ.Պոլ­սէն հե­ռա­նալու դէ­պի իր ծննդա­վայ­րը` Եդեսիա։ Ճամաբորդութեան ընթացքին այցելած է Ատա­նա, ուր Ազգային միութիւնը եւ ընկերները նրան յորդորած են Հա­ճըն երթալ։ Անսալով յորդորներուն, մեկնած է Հաճըն՝ բժիշկ աշխատելու։

Սպանութիւնը

Խմբագրել

Կի­լի­կի­ոյ քեմալական շարժումներու ընթացքին Հաճընը լքուած ու մեկուսացած մնացած էր։ 1920 թուականի Մարտին, Հաճընը շրջապատուելով քեմալական զօրքերով, կտրուած է արտաքին աշխարհէն։ Չստանալով Ֆրան­ս­այէն ակնկալած օգնութիւնը, հաճընցիները դիմած են ինքնապաշտպանութեան ու հերոսաբար կռուած իրենց ազատութեան համար։ Այդ հերոսամարտի ընթացքին՝ բժիշկը, անգնահատելի ծառայուիւններ մատուցած է հաճընցիներուն։ 1920 թուականին նահատակուած է Հաճընի ինքնապաշտպանական կռիւներու ընթացքին։ 1920 թուականի Հոկ­տեմ­բե­ր 15-ին թուր­քե­րը ներխուժած են քաղաք եւ կոտորած են անզէն բնակիչները։ Փրկուած հաճընցիները տարագրուած ու բնակութիւն հաստատած են տարբեր երկրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  1. Սահակեան Արամ, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, Պէյրութ, 1955։
  2. Հայկական Հարց, հանրագիտարան, Երեւան, 1996։