Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարան
Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարան, հիմնուած է 1972-ին գլխաւորապէս Հենրիկ Իգիթեանի, քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեանի եւ ժամանակի ականաւոր հայ նկարիչներու ջանքերով[1]:
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելՆերկայացուած են հիմնականին հայ ժամանակակից նկարիչներու՝ Մինաս Աւետիսեանի, Վրոյր Գալստեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Լաւինիա Բաժբեուկ-Մելիքեանի, Էմիլ Գազազի, Սարգիս Համալբաշեանի, Աշոտ Ղազարեանի (Աշոտ-Աշոտ) եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։
Թանգարանի առաջին ցուցանմուշները հայ արուեստագէտներու նուիրատուութիւններն էին եւ 1960-ականներու՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի նկարիչներու գործեր։ Յետագային ցուցանմուշներու քանակը աւելցած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան գեղարուեստական ֆոնտի եւ ձեռքբերումներու շնորհիւ։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին Մինաս Աւետիսեանի, Աշոտ Յովհաննիսեանի, Մարտին Պետրոսեանի, Գայիանէ Խաչատուրեանի, Վրոյր Գալստեանի, Վաղարշակ, Հենրի ու Ռոբերտ Էլիբեկեաններու, Յարութիւն Կալենցի, Ռուդոլֆ Խաչատրեանի, Վարուժան Վարդանեանի, Աշոտ Բայանդուրի, սփիւռքահայ նկարիչներ Ժիրայր Օրագեանի, Ժանսեմի, Գառզուի, Ասատուր Պզտիկեանի եւ ուրիշներու գործերէն։ Թանգարանի հաւաքածոն համալրուած է միջին ու երիտասարդ սերունդի՝ Սարգիս Համալբաշեանի, Արթուր եւ Արարատ Սարգսեաններու, Մարինէ Դիլանեանի, Ալբերտ Յակոբեանի, Սամուէլ Պաղտասարեանի, Արեւիկ Արեւշատեանի, Կամօ Նիգարեանի, Տիգրան Մատուլեանի, Թենի Վարդանեանի եւ այլ ճանչցուած նկարիչներու աշխատանքներով։ 2004-ին բարերար Գրիգոր Մուրատեանը թանգարանին նուիրած է ամերիկաբնակ ճանչցուած նկարիչ եւ քանդակագործ Էմիլ Գազազի աշխատանքներէն։ Թանգարանը մայրաքաղաքի տարբեր ցուցասրահներուն մէջ («Գէորգեան», «Ակադեմիա» եւ այլն), Հայաստանի նկարիչներու միութեան դահլիճներուն մէջ յաճախակի կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ, հրատարակած է շարք մը ալպոմներ՝ «Քոչար», «Ալեքսանդր Բաժբեուկ-Մելիքեան», «Յովնաթանեանից Մինաս», «Թանգարան», «Մինաս Աւետիսեան», «Վրոյր Գալստեան», «Աշոտ Յովհաննիսեան» եւ այլն։ 2006–2007-ականներուն Ֆրանսայի մէջ՝ «Հայաստանի տարի», 2007-ին Հռոմի մէջ՝ «Հայ մշակոյթի օրեր» ծրագրերու շրջանակներուն թանգարանը կազմակերպած է նոր ցուցադրութիւններ, տպագրած գրացուցակներ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Թանգարանի մասին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-13-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ մարտի 21