Երկաթի Թունաւորում
Երկաթի Թունաւորումը կը յառաջանայ, երբ մարմինին մէջ աւելորդ քանակով երկաթ կը կուտակուի: Այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ բնական ձեւով կամ պատահական:
Երկաթի Թունաւորումը
ԽմբագրելԵրկաթը կարեւոր է մարմինի կենսաբանական համակարգերու մեծ մասին համար, յատկապէս` արեան: Միսը եւ որոշ բանջարեղէններ երկաթ կը պարունակեն, եւ ան հասանելի է առանց դեղատոմսի եւ վերահսկողութեան:
Երկաթի թունաւորումը կրնայ յառաջանալ.
- Չափազանց երկաթի դեղահատեր առնելով,
- Մեծահասակներու չափաբաժին (dose) առնող երեխայի մօտ,
- Արեան բազմաթիւ փոխներարկումներով:
Աւելորդ երկաթը կրնայ ստամոքսին մէջ մնալ նոյնիսկ փսխումէ մը ետք:
Երկաթի չափազանցութիւնը կրնայ գրգռել ստամոքսը եւ մարսողական համակարգը` երբեմն նոյնիսկ արիւնահոսութիւն յառաջացնելով: Մեծ դեղաչափ ստանալէ ետք, քանի մը ժամուան ընթացքին մարմնի բջիջները կրնան թունաւորուիլ եւ անոնց քիմիական փոխազդեցութիւնները (chemical reactions) ազդուիլ:
Օրերու ընթացքին անհատը լեարդի վնաս կրնայ ունենալ, եւ վերականգնումէն շաբաթներ անց սկզբնական գրգռման եւ երկաթի բարձր դեղաչափի պատճառով սպիներ կրնան յառաջանալ ստամոքսի, մարսողական համակարգի եւ լեարդի մէջ:
Պատճառները
ԽմբագրելԵրկաթի թունաւորման քանի մը պատճառ կայ, որոնցմէ են` չափազանց դեղաչափը (overdose), երկաթի գերբեռնուածութիւնը (overload) եւ ծինական նախատրամադրուածութիւնը:
Չափազանց Դեղաչափ
ԽմբագրելԵրկաթի սուր (acute) թունաւորութիւնը սովորաբար պէտք եղած չափէն աւելի մեծ դեղաչափի հետեւանք է:
Դէպքերուն մեծ մասը տեղի կ'ունենայ 5 տարեկանէ փոքր երեխաներու մօտ, որոնք պատահաբար կը ստանան երկաթի յաւելումներ (supplements) կամ մեծահասակներու համար նախատեսուած բազմակենսանիւթեր (multivitamins):
Երկաթի Գերբեռնուածութիւն
ԽմբագրելԵրկաթի գերբեռնուածութիւնը յայտնի է նաեւ որպէս երկաթի երկարատեւ (քրոնիք) թունաւորում: Անոր պատճառներէն են.
- Արեան կրկնակի փոխներարկում` սակաւարիւնութեան (անեմիայի) բուժման համար,
- Յաւելումներու չափէն աւելի երկաթով բուժում,
- Լեարդի հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են երկարատեւ լեարդաբորբի C տեսակը կամ ալքոհոլ մոլութիւնը:
Ծինական Պատճառներ
ԽմբագրելԵրկաթի գերբեռնուածութիւնը կրնայ բնականօրէն պատահիլ ծինական որոշակի հիւանդութիւններու պատճառով: Օրինակներէն մէկը ժառանգական հեմոքրոմաթոզն է, ծինական կարգավիճակ մը, որ կը յանգի սննդեղէններ, երկաթի մեծաքանակ ներծծման (absorption):
Ախտանիշներն ու Փուլերը
ԽմբագրելԵրկաթի թունաւորումը սովորաբար ախտանիշներ կը յառաջացնէ մեծ դեղաչափ ստանալէ ետք` 6 ժամուան ընթացքին եւ կրնայ ազդել մարմնի տարբեր մասերու վրայ, որոնցմէ են.
- Շնչուղիներն ու թոքերը,
- Ստամոքսն ու աղիքները,
- Սիրտն ու արիւնը,
- Լեարդը,
- Մորթը,
- Ջղային համակարգը:
Երկաթի թունաւորման ախտանիշներու ընթացքը սովորաբար կը բաժնուի հինգ փուլերու.
Առաջին փուլ (0-6 ժամ).- Ախտանիշները կը ներառեն` փսխում, արեան փսխում, փորհարութիւն, փորի ցաւ, դիւրագրգռութիւն եւ թմրութիւն: Լուրջ պարագաներուն կարելի է, որ տեղի ունենան` արագ շնչառութիւն, արագ սիրտի բաբախում, մահաքուն (coma), գիտակցութեան կորուստ, նոպաներ եւ արեան ցած ճնշում:
Երկրորդ փուլ (6-48 ժամ).- Ախտանիշները եւ ընդհանուր վիճակը կրնան բարելաւուիլ:
Երրորդ փուլ (12-48 ժամ).- Ախտանիշները կրնան ներառել` արեան շատ ցած ճնշում (ցնցակաթուած) (shock), տաքութիւն, արիւնահոսութիւն, դեղնախտ, լեարդի գործառոյթի անկում, արեան շրջանառութեան մէջ թթուի աւելցուք (acidosis) եւ նոպաներ:
Չորրորդ փուլ (2-5 օր).- Ախտանիշները կրնան ներառել` լեարդի գործառոյթի անկում, արիւնահոսութիւն, արեան լերդացման (clotting) խանգարումներ, շնչառական խնդիրներ եւ նոյնիսկ մահ: Արեան շաքարի նուազումը կրնայ յառաջանալ շփոթութեան, ուժաթափութեան կամ մահաթմբիրի հետ մէկտեղ:
Հինգերորդ փուլ (2-5 շաբաթ).- Ստամոքսը կամ աղիքները կրնան սպիանալ: Սպիացումը կրնայ յառաջացնել որովայնի արգելափակումներ, պրկումներ, ցաւ եւ փսխում: Աւելի ուշ կարելի է լեարդի ծանր վնաս ունենալ[1]:
Ախտաճանաչում
ԽմբագրելԿանուխ ախտորոշումը եւ բուժումը կարեւոր են: Արեան եւ մէզի քննութիւնները ներառեալ երկաթի մակարդակը ստուգելու քննութիւնները, կրնան վստահելի չըլլալ ախտորոշման համար, եթէ անոնք անյապաղ չկատարուին:
Ախտորոշման ընթացքին կարեւոր է, որ մարդիկ տեղեկացնեն բժիշկը իրենց առած բոլոր դեղերուն եւ յաւելումներուն մասին: Այդ մասին ամբողջական բացայայտումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ որոշ յաւելումներ, ինչպէս` Սէ. կենսանիւթը, կրնան աւելցնել երկաթի ներծծումը մարմնին մէջ:
Եթէ դեղաչափի չափազանցում ըլլայ դեղահատերով, ապա երկաթի թունաւորում յառաջացնող այդ դեղահատերը երբեմն կարելի է տեսնել ստամոքսի կամ աղիքներու շողանկարներուն (X-ray) մէջ:
Բարդութիւններ
ԽմբագրելԵրկաթի թունաւորումը կրնայ յանգիլ լուրջ, նոյնիսկ կեանքի սպառնացող բարդութիւններու: Երկաթի գերբեռնուածութեան պատճառով մահուան հիմնական պատճառներն են լեարդի եւ սրտի անբաւարարութիւնը:
Եթէ երկաթի թունաւորումը յառաջացնէ լեարդի լուրջ վնաս, այդ մէկը կրնայ յանգիլ ծանր շաքարախտի: Շաքարախտը կրնայ յանգիլ` մարմինի շաքարի անբնական մակարդակի, յաճախակի միզելու, յաւելեալ ծարաւի եւ քաղցի, յոգնածութեան, մշուշոտ տեսողութեան, ձեռքերու կամ ոտքերու թմրութեան եւ վէրքերու դանդաղ ապաքինման:
Սրտի անբաւարարութիւնը կրնայ յանգիլ` ոտքերու ուռեցման, շնչառութեան եւ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան, յոգնածութեան, արագ կամ անկանոն սիրտի բաբախումի եւ սրտխառնուքի:
Բուժում
ԽմբագրելԵրկաթի սուր թունաւորման բուժման առաջին փուլը կը ներառէ մարմնի, շնչառութեան եւ արեան ճնշման կայունացում:
Կախեալ թունաւորման մակարդակէն` բուժումը կրնայ ներառել մաքրող բուժումներ, ինչպիսիք են բոլոր աղիքներու ոռոգումը եւ հանքախլման (chelation) բուժումը: Այս մաքրող միջոցներու գաղափարը կարելի եղածին չափ արագ ազատիլն է աւելորդ երկաթէն եւ նուազեցնել անոր թունաւոր ազդեցութիւնը մարմնի վրայ:
Աղիքներու Ամբողջական Ոռոգում
Այս գործարկումը արագօրէն դուրս կը բերէ աւելորդ երկաթը ստամոքսի եւ աղիքներու ճամբով: Անհատը կա՛մ յատուկ լուծոյթ մը կը խմէ, կա՛մ քիթի ճամբով` խողովակի մը միջոցով կ'առնէ այդ մէկը: Շողանկարները կրնան յայտնաբերել դեղահատերը եւ կարելի է հետեւիլ անոնց, երբ անոնք շարժին մարսողական համակարգին մէջ[2]:
Հանքախլման Բուժում
ԽմբագրելԱյս բուժումը նաեւ կրնայ ազատել մարմինը թոյներէ, իտէալականը` նախքան անոնց տեւական վնաս հասցնելը: Քիմիական լուծոյթը կը ներարկուի արեան մէջ եւ կը կապուի աւելորդ թունաւոր հանքանիւթերու հետ` զանոնք հեռացնելով մարմնէն, մէզի միջոցով:
Նշանակալից ախտանիշներով կամ արեան մէջ երկաթի բարձր մակարդակով մարդիկ կրնան հիւանդանոցային կարգի անցնիլ: Որոշ մարդոց համար կրնայ պահանջուիլ շնչառութեան աջակցութիւն կամ նոյնիսկ սրտի զննում (monitoring):
Երկաթի թունաւորման հականիւթը Տիֆերօքսամինն (deferoxamine) է[3]: