Երկրագունդին Օրը

Երկրագունդին Օրը, 22 Ապրիլին, աշխարհի տարածքին նշուող տօն:

Ասիկա առիթ մըն է մտածելու երկրագունդին հանդէպ մարդոց ունեցած վերաբերումին եւ զայն պահպանելու համար շօշափելի քայլեր առնելու մասին[1]:

Երկրագունդի օրը մարդոց կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր անհատ իր դերը ունի երկիր մոլորակին պահպանման աշխատանքներուն մէջ:

Ամէն տարի Երկրագունդի օրը կը կեդրոնանայ յատուկ նիւթի մը վրայ եւ կը փորձէ լուսարձակի տակ առնել կենսոլորտի գլխաւոր հարցերէն մէկը[2]:

Աշխարհին շուրջ անձեր, հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ պետութիւններ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ կը կազմակերպեն Երկրագունդի օրը նշելու համար, ինչպէս՝ պարտէզներ եւ ծովափներ մաքրել, ծառեր տնկել, դպրոցներուն մէջ դասախօսութիւններ, կլիմայի համար ցոյցեր, եւ այլն:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Առաջին Երկրագունդի օրը կազմակերպուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1970-ին, ծերակոյտի անդամ Հէյլորտ Նելսընի կողմէ: Ան կ'ուզէր ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել կենսոլորտի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս առաջին հաւաքին տեղի կ'ունենան ցոյցեր, վիճաբանութիւններ եւ տարբեր ձեռնարկներ ամբողջ երկիրին մէջ: Այդ օրէն սկսեալ Երկրագունդի օրը կը դառնայ միջազգային իրադարձութիւն մը, որ կը նշուի աւելի քան 192 երկիրներու մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել