Երուանդ Արեան
Արեան Երուանդ (1891-1931) (Գասպարեան Ե.) նկարիչ, ծնած 1891-ին Սեբաստիոյ մէջ. Մինչդեռ ծնողքը ուզած էր զինքը արհեստի պատրաստել՝ Երուանդ դպրոցական գրասեղանին վրայ կը սիրահարուի նկարչութեան, հակառակ մօրը բաղձանքին, այնպէս որ մայրը ըսած է իրեն վրդովուած -«Չհասնիս մուրատիդ»: «Ամբողջ կեանքս ապրած եմ մօրս անէծքին տակ» ըսած է ստէպ հէգ արուեստագէտը: Սահմանադրական սկքբնական տարիներուն կը յաճախէ Երուանդ Պոլսոյ գեղարուեստական վարժարանը, ու պատերազմը զինքը անակնկալի կը բերէ. Կը փախչի Պոլիսէն եւ կ’իյնայ Կիպրոս: Պահ մը Եգիպտոս կ’անցնի եւ Գահիրէի Գալուստեն վարժարանին մէջ կը դասախօսէ, Պատերազմէն ետք Գերմանիա կ’երթայ: «Գերմանիան իրեն տուած է, կը գրէ Փ. Սանասար ներշնչումը քանի մը պարզ բնանկարներու՝ քաղուած Պալթիկեան ափերէն, ձիւնապատ դաշտօրաներու բարի հանդարտութիւնը ջանացած է դնել այդ փոքրիկ պաստարներուն վրայ: «Ու այնուհետեւ կը նետուի քանի մը լուրջ աշխատութիւններով, յաջող դիմանկարներով կը մասնակցի Բարիզի Անկախներու ցուցահանդէսին (1926-1927-ին): «Իրեն նիւթ ըատրած է առաւելապէս առեւելեան, հայցի տիպարներ, իրենց մթնոլորտին գոյներով, իրենց ինքնայատուկ արտայայտութեամբ կենդանացած, իրմէն կը մնան այսօր աւելի քան տասնեակ մը կտաւներ. Որոնցմէ յաջողակները կը նկատուին՝ Հայ պառաւը, Կովկասեան թառիստը, Արեւելքի ծաղիկը, Պօհեմուհի եւ այլն: «Արեանի մէջ երբեմն ինքնամոռացման պահերուն, կը թրթռար աշուղական լար մը, որմէ կը ծորէին պարզ, միամիտ, անյաւակնոտ տողեր: Կը մտածէր անցնիլ Երկիր, գէթ նկարները նւիրել հայրենիքին, բայց ահա գնաց, կարօտը աչքին, դեռ չըսած իր վերջին բառը, վերջին երանգը: Երրտասարդ նկարիչ՝ որ ենթակայ էր սիրտի եւ թոքերու հիւանդութեանց, 1931-ի Դեկտեմբերին մեռաւ Բարիզի Շառիթէ հիւանդանոցին մէջ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 266: