Երուանդ Սարաֆեան

Երուանդ Սարաֆեան (Արուանդ, 1888, Կոստանդնուպոլիս - 1917, Դամասկոս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։

Երուանդ Սարաֆեան
Ծնած է 1888
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 1917
Մահուան վայր Դամասկոս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1888 թուականին, Կ. Պոլսոյ Միջագիւղ թաղամասին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի վարժարանին մէջ։

1914 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ Մի քանի ամիս բժիշկ աշխատած է։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ, եւ ղրկուելով Սուրիոյ ռազմաճակատ, ծառայած է որպէս զինուորական բժիշկ։

1917 թուականին՝ Պաղեստինի ռազմաճակատին վրայ կատարած գործողութիւններուն ժամանակ, ոտքէն վիրաւորուած ու Դամասկոսի զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած է։ 1917 թուականին ստացած վերքին պատճառով եւ թուրք բժիշկներուն կողմէ դիտաւորեալ բուժում եւ խնամք չստանալուն հետեւանքով՝ քանի մը ամիս, հիւանդանոցին մէջ տառապալի շրջան մը անցուցած է։

Մահացած է 1917 թուականի ամրան, Դամասկոսի զինուորական հիւանդանոցին մէջ, արեան վարակումէն՝ 29 տարեկան հասակին։

Աւելորդ չէ ըսել, որ այդ ժամանակ Դամասկոսի մէջ կար Օսմանեան բժշկական համալսարան, ուր եւրոպական բժշկական եւ վիրաբուժական համալսարաններն աւարտած բարձրակարգ բժիշկներ կ՛աշխատէին, ինչպէս նաեւ կար ֆրանսացի Գթութեան քոյրերու լաւ կազմակերպուած հիւանդանոց, որ զինուորական իշխանութիւնը գրաւած էր։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։