Զաթրիքիոն (յուն․՝ Ζατρίκιον)․ Մինոասեան ժամանակաշրջանի հնաբանական իր, յայտնուած Քնոսոս (1900)։ Կը ցուցադրուի Իրաքլիոնի Հնաբանական Թանգարանին մէջ, իսկ անոր մէկ նմուշը կը հիւրասիրուի Նիու Եորքի Մեթրոբոլիթան Արուեստի Թանգարանին (The Met) մէջ։[1]

Զաթրիքիոն, Ք․Ա․1600 - յայտնաբերուած է Քնոսոս 1900-ին․ կը գտնուի Իրաքլիոնի Հնաբանական թանգարանը, Իրաքլիօ, Կրետէ
Քնոսոս․ «Զաթրիքիոնի անցք»

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Արթուր Էվանս 1900-ին Քնոսոսի մէջ կատարած հնաբանական պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերած է Զաթրիքիոն, պալատին հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Այդ օրէն ասդին, այդ վայրը կը կոչուի «Զաթրիքիոնի անցք»։ Ժամանակագրուած է Ք․Ա․1700 - Ք․Ա․1500 թուականներուն միջեւ։[2]

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Զաթրիքիոն քառանկիւն նշխար մըն է։ Անոր պատուանդանը տախտակէ է զարդարուած արժէքաւոր նիւթերով, ինչպէս օրինակ՝ փղոսկր, բիւրեղ, ապակիէ զանգուած, ոսկի եւ արծաթ։[3]

Տախտակին քով, գտնուած են նաեւ փղոսկրէ չորս կոնաձեւ իրեր, որոնք հաւանաբար խաղին մաս կը կազմէին։[4]

Հաւանաբար գտնուած նշխարը մեծահարուստ ազնուականի մը սեբականութիւնը եղած ըլլայ։[5][6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել