Զանգակ յուշակոթող (Նէա Զմիռնի, Յունաստան)

«Զանգակ» յուշակոթող. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձան։ Կը գտնուի Աթէնքի Քաղաքային Տարածաշրջանի Նէա Զմիռնի քաղաքին «Խրիսոսթոմու Զմիռնիս» հրապարակի «Յիշատակի Պուրակ»ին մէջ։ Քանդակագործն է Վասոս Գափատայիս։ 

Պատմական տուեալներ

Խմբագրել

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակող յուշարձանը կը գտնուի Աթէնքի Տարածքաշրջանի Նէա Զմիռնի քաղաքին «Խրիսոսթոմու Զմիռնիս» հրապարակին վրայ գտնուող «Յիշատակի Պուրակ»ին մէջ։   Նոյն պուրակին մէջ զետեղուած են նաեւ Իզմիրի (Զմիւռնիոյ), Յոնիոյ հելլէններու, Այտինի, Այվալիի, Պոնտոսի յոյներուն եւ Թրակիոյ զոհերուն յուշարձանները։

«Զանգակ» յուշակոթողի բացումը տեղի ունեցաւ 14 Ապրիլ 1979-ին։  Ներկայ էր 3 000 աւելի բազմութիւն մը, եկած Նէա Զմիռնիի, Փիրէայի, Քոքինիոյ եւ Աթէնքի կեդրոնէն ու արուարձաններէն։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

«Զանգակ» պղինձէ յուշակոթողը կանգնեցուած է հսկայ անտաշ ժայռի մը վրայ, որուն վրայ հայերէն լեզուով քանդակուած է հետեւեալ քերթուածը․-

«ՕՏԱՐՆԵՐԻ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԲԱՂՁ ԱՆՄԱՐ ՓԱՐՈՍ, ՈՒԾՏԻ ՎԿԱՅ, ԿԱՄՔԻ ԴԱՐԲԻՆ, ՀԶՕՐ ԿՈՉԻԴ ԱՐՁԱԳԱՆԳԷՆ ՄԵՆՔ ԱՐԲԵՑԱԾ ՊԻՏԻ ԵՐԳԵՆՔ ՆՈՐ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԵՐ ԵՐԳԸ ՀԻՆ»

Իսկ յունարէն լեզուով, հետեւալ նախադասութիւնը․-

«Յիշատակին՝ հայ ժողովուրդի մարտիրոսներուն․ փառք պայքարողներուն, երէկի ու վաղուան հերոսներուն։  Այս յուշարձանը կանգնեցաւ Յունաստանի Հայերուն կողմէ, Հելլենական հիւրընկալ հողին վրայ 1979-ի Ապրիլին»

«Զանգակ»ը կը պատկերացնէ հսկայ զանգակ մը, որ կը խորհրդանշէ Հայաստանը՝ զարնուած, զարկուած, վիրաւոր եւ սակայն դարերու ընթացքին արշաւողներու հարուածներուն տոկացող։ Անոր վրայ ամրացուած հսկայ սուրը կիսով իր պատեանէն դուրս քաշուած է եւ անոր շուրջ հսկայ տառերով բոլորաձեւ քանդակուած է հետեւեալ նախադասութիւնը՝ ԶԱՆԳԵՐ ՂՕՂԱՆՋԷՔ, ՄԵՆՔ ՉԻՆԿԱՆՔ, ԴԵՌ ԿԱՆՔ։ Իսկ «Զանգակ»ին վերի մասին, բոլորաձեւ արձանագրուած են ջարդավայրերու եւ յաղթական ճակատամարտներու անուններ։

1915, Ապրիլ 24, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակում

Խմբագրել

«Զանգակ» յուշակոթողի բացումէն ետք, ամէն տարի Ատիկէ նահանգի հայութիւնը, Ցեղասպանութեան զոհերը կը յիշատակէ յատուկ ձեռնարկով, որուն ներկայ կը գտնուին Յունաստանի հայ համայնքին, Աթէնքի նահանգապետարանի, Նէա Զմիռնի քաղաքապետարանի եւ տեղական ինքնակառավարման այլ մարմիններու տարբեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Յունաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: [1] [2] [3]

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ազատ Օր․ «ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ», Երկուշաբթի 16 Ապրիլ 1979

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. «Խրիսոսթոմու Զմիռնիս» հրապարակ(յունարէն)
  2. Վասոս Գափատայիս(յունարէն)