Զապէլ Ա. Ռուբէնեան, Կիլիկիոյի Հայոց թագուհի (1222-1252, Լեւոն Բ.-ի եւ Սիպիլ Լուսինեանի դուստրը, Ռուբինեաններու թագաւորական տոհմին վերջին շառաւիղը։

Զապէլ Թագուհին
Ծնած է 25 Յունուար 1216, 25 Յունուար 1217, 1212 կամ 1213
Ծննդավայր Սիս, Կիլիկիոյ Հայկական Իշխանութիւն
Մահացած է 23 Յունուար 1252
Մահուան վայր Սիս, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, Իշխող թագուհի
Վարած պաշտօններ Իշխող թագուհի
Ամուսին Ֆիլիփ եւ Հեթում Ա.
Ծնողներ հայր՝ Լեւոն Բ., մայր՝ Սիպիլ Լուսինեան
Երեխաներ Լեւոն Գ., Սիպիլ Հեթումեան, Ֆիմի Հեթումեան, Մարիամ Հեթումեան, Թորոս Հեթումեան, Ռիթա Հեթումեան եւ Զապէլ Հեթումեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Զապէլին ծննդեան թուականին հետ կապուած քանի մը տարբերակներ կան՝ 1212, 1213, 1215[1][2][3], 25 Յունուար 1216[2][4] , 27 Յունուար 1216 եւ 25 Յունուար 1217։ Ծնած է Սիս[3]։

1222-ին հօրը կամքով գահաժառանգ նշանակուած է, իսկ անոր խնամակալը դարձած Կոստանդին Գունդստապլը, որ կը ստանձնէ երկիրին կառավարումը, մինչեւ Զապէլին մեծնալը։ Կիլիկեան թագաւորութիւնը այդ ընթացքին ապրած է ծանր ռազմաքաղաքական շրջան, սակայն 2 Մայիս 1219-ին Զապէլը կը թագադրեն Կիլիկիոյ հայոց թագուհին:

Կոստանդին Գունդստապլը 1222-ին քաղաքական նկատառումներով մանկահասակ թագուհին կ'ամուսնացնէ Անտիոքի դուքսին որդիին՝ Ֆիլիփին հետ՝ վերջինիս յանձնելով հայկական գահը։ Անոր լատինամետ քաղաքականութեան պատճառով 1225-ին Կոստանդին Ֆիլիփը կը տապալէ եւ մահապատիժի կ'ենթարկէ (Ֆիլիփ հայասէր չէր, արքունիքը լեցուցած էր խաչակիր ասպետներով:[5]), իսկ 1226-ին Զապէլը կ'ամուսնացնէ իր որդիին՝ տասներեքամեայ Հեթումին հետ, վերջինս հռչակելով Հայոց թագաւոր։ Երբ Զապէլ չափահաս կը դառնայ, ամուսնութիւնը կը հաստատուի, եւ Հեթումն ու Զապէլը կ'ունենան երեք որդի եւ հինգ դուստր, որոնցմէ Լեւոն Գ. հետագային կը դառնայ գահակալ:

Պահպանուած են Զապէլին եւ Հեթում Ա.-ի պատկերներով դրամներ։ Զապէլ թագուհին աչքի ինկած է քաղաքական ու հասարակական մեծ գործունէութեամբ:

 

Զապէլ թագուհին կը մահանայ վաղ տարիքին` 22 Յունուար 1252-ին, մայրաքաղաք Սիսի մէջ: Անոր մահը կը սգայ ողջ հայոց աշխարհը: Թաղման թափօրը Կոստանդին կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ Սիսի արքայական պալատէն կը շարժի դէպի Դրազարկի վանք[6]: Կը թաղուի իր հիմնած այժմ կործանած Դրազարկ վանքին մէջ:

Եղած է օրինակելի հայուհի, նուիրուած է գիրի, գիրքի, արուեստի, մշակոյթի, եւ հանրային շինարարութեան: Ունեցած է հանրային ծառայութեան բարձր գիտակցութիւն, հիմնած է հիւանդանոց եւ վանք: Ունեցած է ութ զաւակ[7]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. ՀՍՀ, հատոր 3, էջ 659.
  2. 2,0 2,1 «Հայոց անձնանունների բառարան», Հրաչեայ Աճառեան, 1942, Հատոր 5, Ցուցակ 1, Էջ
  3. 3,0 3,1 Զապէլ թագուհի
  4. «Նկարագիր Օշին թագաւորի ձեռագիր ժամագիրքին», Արտաւազդ արքեպիսկոպոս Սիւրմէեան, Անթիլիաս, 1933, 97 ա․
  5. Անտիոքի դուքսին որդին՝ Ֆիլիփ
  6. Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը
  7. Զապէլ Ա. Ռուբէնեան