Զարեհ Արք. Ազնաւորեան

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, (1947, Լիբանան - 30 Ապրիլ 2004(2004-04-30), Լիբանան) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի միաբան եւ Եպիսկոպոս Կիպրոսի Հայոց:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան
Ծնած է 1947
Ծննդավայր Լիբանան
Մահացած է 30 Ապրիլ 2004(2004-04-30)
Մահուան վայր Լիբանան
Մասնագիտութիւն արքեպիսկոպոս, աստուածաբան, լեզուաբան, հայագէտ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւազանի անունով՝ Մինաս, ծնած է 1947-ին, Պէյրութ, Լիբանան:  Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ազգային Եփրէմեան Վարժարանին մէջ:  Փոքր տարիքէն մաս կազմած է Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ դպրաց դասին:

1960-ին, Մինաս Ազնաւորեան կ'ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, որուն  Ժառանգաւորաց բաժինի ընթացքը աւարտելէ ետք՝ կը ձեռնադրուի Սարկաւագ, 23 Յունիս 1963-ին, ձեռամբ՝ Երնշ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին:  ԸՆծայարանի երեք տարիներու Հայագիտական ու կրօնագիտական ուսման շրջանը աւարտելէ ետք, 19 Յունիս, 1966-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Եպս. Սարգիսեանին, վերակոչուելով Զարեհ Աբեղայ, ի յիշատակ Երնշ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին:

1966-1969 տարիներուն կը նշանակուի Մայր Տաճարին Դպրապետ եւ Դպրեվանքի փոխտեսուչ, միաժամանակ կը դասաւանդէ Դպրեվանքէն եւ Կաթողիկոսարանի Մեսրոպեան (հետագային՝ Մարտիկեան) Վարժարանէն ներս: Կրօն, բարոյագիտութիւն եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն կը դասաւանդէ Պէյրութի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային Քոլէճէն ներս: Նոյն տարիներուն երաժշտական տեսական եւ գործնական դասերու կը հետեւի  Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն ներս, աւարտելով անոր հնգամեայ ծրագիրը: 

19 Մարտ 1969-ին Վարդապետի աստիճան կը ստանայ ձեռամբ՝ Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, ներկայացնելէ ետք իր աւարտաճառը, նիւթ ունենալով՝ «Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի կեանքը եւ եկեղեցական բարեկարգութիւնը»:

Զարեհ Արք. իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Հռոմի մէջ, 1969-1971 տարիներուն, տեղւոյն Արեւելեան Ուսմանց Հիմնարկին մէջ, հետեւելով Հայրախօսական, Աստուածաբանական եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան նիւթերուն, որոնց ընթացքը 1971-ին յաջողութեամբ աւարտելէ ետք՝ կը ստանայ Պսակաւոր աստուածաբանութեան տիտղոսը:

1972-ին կը վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք, դարձեալ ստանձնելով Դպրեվանքի հսկողութեան պաշտօնը, միաժամանակ դասաւանդելով Հայոց Լեզու եւ վարդապետական աստուածաբանութիւն: Յաջորդ տարին կը ստանձնէ Աստուածաշունչի մեկնաբանութեան եւ Նոր Կտակարանի ներածութեան դասերը:

1973-ին Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 800-ամեակին առիթով կը կազմուի «Շնորհալի» երգչախումբը, նախաձեռնութեամբ՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, որուն հիմնադիրներէն Է եւ փոխ- խմբավարը կը դառնայ Զարեհ վրդ., մինչեւ իր Կիպրոս մեկնիլը:

1974-1975 Ուսումնական տարեշրջանին, Զարեհ վրդ. Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին կից բացուած Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ կը հրաւիրուի իբրեւ Մատենագրութեան դասախօս:

1975-1976 կը վարէ «Հասկ» պաշտօնաթերթին Խմբագրապետի պաշտօնը:

1977-ին Երնշ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ կը կոչուի Կիպրոսի Հայոց Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ:

30 Մայիս 1979-ին, կ'ընտրուի Առաջնորդ՝ Կիպրոսի Հայոց Թեմին:

17 Մայիս 1980-ին ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան կը ստանայ ձեռամբ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին: Յաջորդ օրը՝ 18 Մայիս 1980-ին, կը ստանայ  Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում, ձեռամբ՝ Երնշ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին:

Պաշտօնավարութեան վեց տարիներուն, կը զբաղի Կիպրոսի Թեմին վերանորոգութեամբ, որ մեծապէս ազդուած էր 1974-ի թրքական ներխուժման պատճառով։ Կը նախաձեռնէ «ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ» ամսաթերթիկին հրատարակութեան:  Իր ջանքերով կը կառուցուի Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին եւ Ազգ. Առաջնորդարանին նոր շէնքը: Կը վերադառնայ Կաթողիկոսարան, ստանձնելու գրական, ուսումնասիրական ու մանաւանդ՝ Աստուածաշունչի արդի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչի պաշտօնը, ձեռնարկելով ու լոյս ընծայելով հոգեւոր ու մանկավարժական բնոյթի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, գործակցութեամբ՝ «Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կեդրոն»ին:

Արքութեան տիտղոս կը ստանայ 1995-ին։

1996-ին կը ստանձնէ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութեան եւ Գայեանեան հոգեւոր քոյրերու միաբանութեան հոգեւոր Տեսուչի պաշտօնը, մեծապէս օգտակար հանդիսանալով աշակերտութեան եւ քոյրերու կազմաւորման աշխատանքին, պահելով հանդերձ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչի իր պաշտօնը:

Գործունէութիւն, Թարգմանութիւններ, Նոթագրութիւններ Եւ Շարականներ

Խմբագրել

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան Ս. Գրոց հաստատութեան հետ գործակցաբար գրաբարէն եւ բուն լեզուներէն կը թարգմանէ  եւ արդի աշխարհաբարի կը վերածէ Նոր Կտակարանը, սակայն Հին Կտակարանին թարգմանութիւնը կը մնայ կիսաւարտ: Ան Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս կը համարուի Աստուածաշունչի ամէնէն  նշանաւոր մասնագէտներէն մէկը։

Կը տանի գրական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներ, կը մասնակցի միջ-եկեղեցական ժողովներու, կը վարէ Կաթողիկոսարանի Կրօնական ժողովին Ատենապետութիւնը:

Նոր կտակարանի թարգմանութեան առընթեր կը թարգմանէ Փոքր Մաշտոցը (ծիսարանը) նաեւ ձեռնադրութեանց եւ Ս. Միւռոնի օրհնութեան կանոները:

Շարականի պահպանութեան նախանձախնդիր ըլլալով, անոնց եւրոպական նոթագրութիւնը կը պատրաստէ:

Կը ստանձնէ Աւագ օրհնութեան եւ Աւագ շաբթուան շարականներուն, Մաշտոցի շարականներուն, ժամերգութեանց երգերուն, սաղմոսներու եղանակներուն, Ս.Պսակի շարականներուն, մեծ թիւով տաղերու եւ մեղեդիներու դաշնաւորումը:

Կը յօրինէ Ապրիլեան Սրբոց Նահատակաց շարականներու կանոնը:

Ունի հոգեւոր, թարգմանական, երաժշտական եւ ուսումնասիրական բազմաթիւ հրատարակութիւններ:

Ան մինչեւ իր վախճանումը կը շարունակէ արտադրել բազմաթիւ եկեղեցագիտական, թարգմանական, ուսումնասիրական, երաժշտական, աստուածաբանական ու մատենագիտական գործեր, որոնք ճոխացուցած են Հայ եկեղեցւոյ գրադարանը ու լուսաւորած Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալին միտքն ու հոգին: Իր Հեղինակած կրօնական, աստուածաբանական ու հայագիտական բազմաթիւ գործերէն են՝

  • «Դիւրին գրաբար» երեք հատորնոց դասագիրքը (1986-1987, 2005),
  • Եհովայի Վկաներու քննադատութիւն մը (1992) եւ այլ երկեր, որոնց մեծ մասը լոյս տեսած է յետմահու,
  • «Հայ Եկեղեցին 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սեմին» (2005),
  • «Աստուածաշունչը եւ մենք» (2005),
  •  «Լոյս եւ Հաղորդութիւն» (2006),
  •  «ԶԱստուած Տեսնել» (2014),
  •  «Հաւատամքի մեկնութիւն» (2016),
  •  «Մեկնաբանութեան Պատմութիւն» (2016),
  •  «Ներսէս Լամբրոնացի Եւ Իր Եկեղեցական Բարեկարգումները» (2017),
  • «Երաժշտական ժառանգութիւն» (2018),
  •  «Հնգամատեանի Մեկնութիւն» (2019), եւ այլն։

Զարեհ Արք. Ազնաւուրեան իր քարոզներով լուսաւորած է հաւատացեալները եւ իր Քրիստոնէական առաքինի վարքով եղած է հիւրասէր, համեստ եւ հաւատարիմ իր Ս. Ուխտին, իր անձը նուիրելով Քրիստոսի եւ Ս. Եկեղեցւոյ:

Հին կտակարանի հասկացողութեան գծով սրբազանը կ'ըսէր. «Հին Կտակարանը հիմն է եւ ապացոյցը Նոր Կտակարանին»:

  Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատաւոր ու հաւատարիմ միաբաններէն մէկը` իր տոկուն նկարագիրով եւ կաթողիկոսութեան յարիր սկզբունքներով, որոնց ընդմէջէն ան Ս. Աթոռին եւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող աստղերէն մէկը եղաւ ու միշտ կը մնայ: Կոմիտաս վարդապետէն ետք, երաժշտական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունեցող Զարեհ սրբազանը մեր երկրորդ Կոմիտասն է` հոգեւոր, մանկական ու ազգային երաժշտական բնագաւառներուն մէջ իր կատարած բազմաթիւ յօրինումներով ու մշակումներով: Սա ամենայն հպարտութեամբ ու ուրախութեամբ կը հաստատենք: Թող Աստուած իր երկնային օթեւաններուն մէջ հանգչեցնէ իր հոգին»:
- Արամ Ա. Կաթողիկոս
 


                                                                                                       Զարեհ Արք. կը վախճանի Ուրբաթ, 30 Ապրիլ 2004-ին, իսկ թաղման կարգը կը կատարուի Երկուշաբթի, 3 Մայիսին, հանդիսապետութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի շիրիմը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան ուխտի դամբարանին մէջ: Իր բարեխօսութեամբ հրաշքներ տեղի ունեցած են եւ կ'ունենան:

Աղբիւրներ

Խմբագրել