Թռչնոց բոյն (անգլերէն՝ Bird's nest), 1922 թուականին Լիբանանի Ժըպէյլ (այժմ՝ Պիպլոս), քաղաքին մէջ դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէ հիմնուած որբանոց-վարժարան, ուր տեղաւորուած են Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ որբերը[1]:

«Թռչնոց բոյն» որբանոցի լուսանկարը՝ Մանն ընտանիքի արխիւէն

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մարիա Ճէյքըպսըն եղած է Խարբերդի մէջ գործող Դանիացի եկեղեցասէր տիկնանց ընկերութեան միսիոնարուհի, այնուհետեւ հաստատուած է Լիբանանի մէջ եւ իր մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակած Միքայէլ աւանին մէջ, ապա՝ Սայտայի մօտակայքը հաստատուած «Թռչնոց բոյն» որբանոցներուն մէջ։

1928 թուականին, երբ Ժըպէյլի մէջ փակուած է տղոց որբանոցը, «Թռչնոց բոյնը» տեղափոխուած է անոր տեղը, ուր Մարիա Ճէյքըպսըն փրկած, խնամած ու հայեցի դաստիարակութեամբ կրթած է հազարաւոր որբ-որբուհիներու եւ արժանացած ՝ «Մամա» անուան։ Իր ցանկութեան համաձայն Ճէյքըպսըն թաղուած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցի բակին մէջ։

1960-ին՝ Մարիա Ճէյքըպսընի մահէն ետք, «Թռչնոց բոյն» որբանոցի տնօրէնութեան պաշտօնով զբաղած են Դանիացի եկեղեցասէր տիկնանց ընկերութեան ներկայացուցիչներ Աննա Ճէյքըպսընը, Մակտա Սորենսենը, Օլուֆ Պաասկեն եւ Եոն Սկիւբին։ 1970-ին «Թռչնոց բոյնը» յանձնուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տնօրինութեան։ Նախապէս «Թռչնոց բոյնին մէջ» կրնային ուսում ստանալ նաեւ մշտապէս Ժըպէյլի մէջ բնակող հայ ընտանիքներու զաւակները։ 2002-ին «Թռչնոց բոյնը» ունեցած է 160 աշակերտ։

«Թռչնոց բոյն»ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան

Խմբագրել

18 Յուլիս 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներուն շարքին մէջ «Թռչնոց բոյն» որբանոցի ամենահին շէնքերէն մեկուն մէջ բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը[2], որ նոյնպէս կը կրէ «Թռչնոց բոյն» անուանումը։ Թանգարանին երեք բաժիններուն մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան, որբերու կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան վերաբերող նկարներ, տեղեկութիւններ եւ իրեր[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Report: The Bird's Nest Armenian Orphanage in Byblos (Lebanon)
  2. «Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարան. տառապանքի, բայց եւ վերապրումի պատմութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-08-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-05 
  3. Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարան, Ժըպէյլ

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։