Զարթօնքի շարժման գլխաւոր մարզեր
Այս յօդուածը ուիքիֆիկացման կարիք ունի՝ Ուիքիփետիայի որակի չափանիշներուն համապատասխանելու համար։ Դուք կրնաք օգնել յօդուածին բարելաւումին՝ աւելցնելով համապատասխան ներքին յղումներ եւ շտկելով բաժիններու դասաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ուիքիչափանիշներուն համապատասխան այլ գործողութիւններ կատարելով։ |
Զարթօնքի շարժման գլխաւոր մարզեր։ Լեզու, գրականութիւն, հրատարակութիւններ։
Ա. 1750 թուականէն մինչեւ 1850, լեզուական, գրական, պատմագիտական եւ տպագրական մարզերուն մէջ, յատուկ կարեւորութիւն ունեցած են Մխիթար Սեբաստացիի 1717–ին հիմնած վանքն ու միաբանութիւնը՝ Վենետիկ, Ս.Ղազար կղզիին վրայ։
Մխիթարեաններ եւ Ս.Ղազար Վանքը․– Վենետիկի Ս.Ղազար վանքին մէջ, Մխիթարեան վարդապետները, հաւաքած են հայ հին գրականութեան տպագիր գործերը։ Շնորհիւ բառամթերքի ու քերականութեան ուսումնասիրութեան, անոնք վերականգնած են դասական հայերէնը՝ գրաբարը, որ ալ միայն եկեղեցւոյ մէջ կը գործածուէր։ Անոր քերականական հիմքերով, կազմած են ծաւալուն բառարաններ։ Եւրոպական գրագէտներէ գործեր թարգմանած են գրաբարի, յետոյ նաեւ աշխարհաբարի, սկսած հին յոյն եւ լատին դասականներէն։ Վարդապետները իրենք եւս գրած են նոյն ոճի գործեր դիւցազներգութիւն, թատրոն եւ այլն։
Այս գործերը մեծ մասամբ մեր օրերուն ա՛լ չեն կարդացուի, բայց կը կազմեն հայ նոր գրականութեան «Դասական շրջանը»։
Բ. Կանուխէն, 1750–ականներէն, մշակութային լուրջ խմորումներ ունեցած են նաեւ հայութեան արեւելեան գօտիները.-
- Հնդկահայ գաղութը, որ կ՛ապրէր ընկերա-մշակութային աւելի զագացած պայմաններու մէջ, կատարած էր թարգմանութիւններ արեւմտեան նոր, յառաջդիմական գրագէտներու գործերէն. արտադրած էր ինքնագիր գործեր եւ նոյնիսկ ազգային ազատագրութեան հարց դնող քաղաքական երկեր։
- Անդրկովկասի մէջ, նոյն տարինեռրուն, առանձինը երեւոյթ կազմած էր Սայեաթ-Նովան իր բանաստեղծական գործով։ Սայեաթ-Նովան գագաթն է գուսան-աշուղներու բազմադարեան աւանդութեան մը, որ կու գայ մեր ամենահին պատմութենէն։
- Սկսած էր կազմաւորուիլ նաեւ Ռուսիոյ մեծ կեդրոններու հայ մտաւորականութիւնը. բառարանները գրուած էին, հայոց պատմութեան գործեր հեղինակուած՝ հայերէն եւ ռուսերէն։
Գ. Եւրոպայի մէջ սկսած էին զարգանալ հայագիտական ուսմունքները. երեւցած էին առաջին օտարազգի հայագէտները։ Լատիներէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի թարգմանուած էին հայ դասական հեղինակներ խորենացի եւ ուրիշներ։