Ապէլ Զեփիւռ (որդ Զեփիւռ Տատիկօզեանծ) երգչուհի, ծնած է Ռոտոսթօ եւ յաճախած է Պէյրութի Ազգային վարժարանը եւ յաջող կերպով աւարտած: Ապա մտած է Սեօր տը Շառիթէներու վարժարանը եւ ամբողջացուցած է Սէռթիֆիքաի եւ Պռըվէի շրջանը փայլուն կերպով:

Զեփիւռ Ապէլ
Ծննդավայր Ռոտոսթօ
Ազգութիւն  Հայաստան Հայ
Կարողութիւն Երգչուհի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Օրդ Զ. Ապէլի ձայնը ընտանեկան ժառանգութիւն մը ըլլալով, իր մանկութեան օրերէն երգելու փափագը իր մէջ զարգացնողը եղած է իր երաժշտասէր հայրը Միհրան Ապէլը:

Օրդ Զ. Ապէլ Պէյրութի Հայ բեմերուն վրայ իր մասնակցութիւնը բերած եւ հետզհետէ իր մէջ ուժեղ կերպով Երեւան եկած է ապագայ մեծ երգչուհիի մը շնորքը: Ապա հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Institut de Musique-ի (երաժշտանոց), ուր յաճախ երեւցած է յիշեալ հաստատութեան բեմին վրայ, եւ քանիները արժանացած են օտար արուեստագետներու անուերապահ գնահատանքին:

Զեփիւռ Ապէլ իր սօբրանոյի կիրթ եւ ախորժալուր ձայնով արդէն իսկ կը գրաւէ Պէյրութահայութեան գեղարուեստասէր մարզին մէջ ուրոյն տեղ մը: Ան յաճախ իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած է հայ եւ օտար բեմերուն, ուր հասարակութիւնը միշտ ալ գիտցած է գնահատել արժէքաւոր արուեստագիտուհին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել