Զէյթունի Դիմադրութիւն (1914)
Զէյթունի Երիտասարդները Կը Դիմադրեն
ԽմբագրելԻթթիհատականներու կառավարութիւնը առաջին հերթին ջարդի ու տեղահանութեան իր քաղաքականութիւնը փորձեց գործադրել Զէյթունի մէջ։ Զէյթունի քաջարի ժողովուրդը զինուած դիմադրութիւններով կրցած էր մինչ այդ հեռու մնալ ջարդերէն եւ պահել կիսանկախ վիճակ մը։ 1914-ի Օգոստոսին արդէն, զօրահաւաքի պատրուակով, կառավարութիւնը սկսաւ խստութիւններ գործադրել։ Կիլիկիոյ Սահակ Կաթողիկոսը համոզեց զէյթունցիները՝ հպատակիլ կառավարութեան հրահանգներուն։ Նոյնը պատահած էր նաեւ, երբ 1914-ի Դեկտեմբերին զէնքերը յանձնելու հրաման եկած էր։
Այնուամենայնիւ, բռնութիւնները կը սաստկանային։ Ոստիկանները սանձարձակ՝ հայ աղջիկները կ'անպատուէին, ուզած տունը կը թալանէին։ Հայ բնակչութիւնը ոստիկաններու ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու համար, 25 հայ երիտասարդներ զէնքով յարձակումի ելան։ Արիւնալի բախում մը տեղի ունեցաւ։ Կառավարութիւնը 5000-նոց զօրք մը Հալէպէն ղրկելով պաշարեց Զէյթունը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր յանձնել այդ 25 երիտասարդները եւ կը հրահանգէր բնակչութեան պարպել շրջանը։ Տեղահանութիւնը սկսաւ 1915-ի Ապրիլ 8-ին։ Զէյթունի ամբողջ հայութիւնը, երկու կարաւաններով դէպի անապատները շարժեցաւ, իսկ Պալքաններէն փախած թուրքերը արդէն կը սպասէին անոնց բնակարանները գրաւելու։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Դատ, 11րդ Դասարան, Հեղինակ՝ Ռուբինա Փիրումեան, էջ 65