Զմիւռնիոյ Աղէտը (1922)
Զմիւռնիոյ աղէտ, Զմիւռնիոյ (Իզմիր) յոյն եւ հայ խաղաղ բնակչութեան կոտորածը՝ թուրքական զօրքերու կողմէ 1919-22 թուականներու յոյն-թուրքական պատերազմի ժամանակ[1]։ Թուրքիոյ քեմալական կառավարութեան զօրքերը, ստանալով մեծ տէրութիւններուեւ յատկապէս խորհրդային Ռուսաստանի նիւթական, ռազմական, քաղաքական եւ բարոյական օգնութիւնն ու աջակցութիւնը՝ պատերազմի ընթացքին, պարտութեան մատնեցին Փոքր Ասիոյ խորքերը թափանցած եւ հին յունական տարածքներն ազատագրած յունական զօրքերուն, իսկ 1920 թուականի Սեպտեմբեր 9-ին ներխուժեցին Զմիւռնիա ու թուրքական խաժամուժ զանգուածին հետ սկսան յոյն եւ հայ խաղաղ բնակչութեան կոտորածն ու ունեցուածքի թալանը։
Այդ ժամանակ Զմիւռնիոյ մէջ գտնուող զօրավար Թորգոմը, ընդհանուր խառնաշփոթի մէջ, ի վիճակի չըլլար կազմակերպել բնիկ հայերու եւ Զմիւռնիոյ մէջ հաստատուած մեծ թիւով հայ գաղթականներու ինքնապաշտպանութիւնը։ Կոտորածէն խուսափելու համար հազարաւոր հայեր ապաստանեցան Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարածքին։ Սեպտեմբեր 13-ին քաղաքէն ներս ծայր առաւ վիթխարի հրդեհ, որ քեմալականներու ձեռքի գործն էր (ըստ թուրք եւ խորհրդային պատմաբաններու պնդման՝ քաղաքը հրդեհած են նահանջող յոյները)։ Հրդեհի հետեւանքով այրուեցան աւելի քան 50 հազար տուն, 24 եկեղեցի, 28 դպրոց, պանքեր, հիւպատոսարաններ, հիւանդանոցներ։ Քրիստոնեաներու կոտորածը կատարուեցաւ ոչ միայն քաղաքին մէջ, այլեւ ծովափին. եւրոպական մարտանաւերու անձնակազմերու աչքի առջեւ, որոնք ի շահ քաղաքականութեան, ոչինչ կատարեցին զոհերուն փրկելու համար։ Զմիւռնիոյ մէջ որպէս թղթակից գտնուող ամերիկացի գրող՝ էռնեստ Հեմինկուէյը, մռայլ գոյներով կը նկարագրէ թուրքերու գործողութիւնները քրիստոնեաներու նկատմամբ։ Թուրքերը կոտորեցին նաեւ Զմիւռնիոյ շրջակայ տարածքներու յոյներուն եւ հայերուն, ինչպէես նաեւ ջրասոյզ ըրին այն նաւերը, որոնց վրայ ապաստանած էին բազմաթիւ փրկուածներ։
Կոտորածներէն փրկուեցան սակաւաթիւ յոյներ եւ հայեր, որոնց յունական կառավարութիւնը նաւերով տեղափոխեց Յունաստան։
Կոտորածը թուրքական կառավարութեան կազմակերպած ցեղասպանութեան վճիռն էր յոյն եւ հայ ժողովուրդներու նկատմամբ[2]։
Ծանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ «Հայկական Ցեղասպանութեան Թանգարանը Պիտի Նշէ Զմիւռնիոյ Աղէտի 90ամեակը»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2012-04-21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-13
- ↑ LLC VIP Studio։ «Զմիւռնիոյ 1922 Թուի Աղէտը. Ս. Ստեփաննոս Մայր Եկեղեցիին Վախճանը. Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեանի Օրագիրէն»։ www.arevelk.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-11-13
Գրականութիւն
Խմբագրել- Housepian М., «The Smyrna Affair», N. Y., 1971.