Զուռնա (պարս․՝ سرنای), փողային երաժշտական գործիք։ Հայաստանի մէջ լայն տարածում գտած հնագոյն նուագարան։

Զուռնա

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Սասունցիները նուագարանը «փող» կ'անուանեն։

Զուռնան փայտէ պատրաստուած փող մըն է, որուն ծայրի բաժինը համեմատաբար աւելի լայն է[1]։ Ուղիղ, աստիճանաբար լայնցող փողը մէկ կողմէն ունի ութ, միւս կողմէն՝ մէկ ձայնանցք։ Վերի բաժինը կ'անցնի ձայնի օղակաձեւ կարգաւորիչը, որ կը ներառէ ձայնի վերարտադրման վերադիր սարքաւորումը՝ մետաղէ կամ այլ նիւթէ շրջանակ մը, որուն կեդրոնը գտնուող բարակ գլանին վրայ կը տեղադրուի փչելու երկլեզուակ «պիպիչ»ը։ Գլխաւորաբար կը պատրաստուի ծիրանենիի, թթենիի կամ ընկուզենիի փայտէ, իսկ պիպիչը՝ եղէգէ։

Զուռնային հայրենիքը կը համարուի Հայկական լեռնաշխարհը, տարածուած է նաեւ Միջին Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ։

Իր զիլ ու սուր, ճչացող ձայնով կը նմանի պարկապզուկին, բայց աւելի «ծակող» երանգով՝ բան մը, որ կ'առանձնանայ միւս բոլոր փողային նուագարաններէն։ Զուռնան կ'օգտագործուի բացօթեայ վայրերու մէջ, ժողովրդական տօնակատարութիւններու, հարսանիքներու եւ այլ արարողութիւններու ընթացքին։

Սովորականէն աւելի թաւ ձայնով զուռնային տեսակը կը կոչուի պոռոզա։ Կան վարպետ կատարողներ, որոնք միաժամանակ երկու զուռնա կը փչեն։

Երգացանկը բազմազան է, հարուստ է տարբեր տեսակի մեծ ու փոքր ծաւալով ստեղծագործութիւններով։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայ ժողովրդական նուագարաններ։ Երեւան: «Կոմիտաս»։ 2008։ ISBN 978-99941-853-2-0 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել