Էլիըս Ռիկզ (անգլերէն՝ Elias Riggs, 19 Նոյեմբեր 1810, Նիւ Փրովիտընս (Նիւ Ճըրզի) – 17 Յունուար 1901), ամերիկացի միսիոնար, ազգագրագէտ, լեզուաբան եւ թարգմանիչ։


Ծնած է 19 Նոյեմբեր 1810
Ծննդավայր Նիւ Փրովիտընս (Նիւ Ճըրզի)
Մահացած է 17 Յունուար 1901
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք պրեսբիտերականներ?
Մասնագիտութիւն Լեզուաբան, թարգմանիչ եւ ազգագրագէտ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Էլիաս Ռիկզ ծնած է 1810-ին Նիւ Փրովիտընս, Նիւ Ճըրզիի նահանգը[1]։ 1829-ին կը վկայուի "Amherst College"էն[2]: Օսմանեան կայսրութեան մէջ իբրեւ միսիոնար ծառայելու տարիներուն կարեւոր նպաստ մը կը բերէ պուլկար Զարթօնքին։ Ի մասնաւորի յիշատակումի արժանի է իր նպաստը նախ Հին, ապա Նոր Կտակարաններու պուլկար թարգմանութեան, որոնք լոյս կը տեսնեն միասնաբար 1871-ին։ Ս.Գրոց այդ թարգմանութիւնը կը կնքէ պուլկարերէնի արեւելեան արտասանութիւնը իբրեւ հիմք պուլկար գրական լեզուին։

Նորանկախ Յունաստանի կառավարութիւնն ու եկեղեցին սկիզբը կ'աջակցէին բողոքական քարոզիչներուն, սակայն այնուհետեւ կը ջանան խափանել անոնց ամբողջ գործունէութիւնը։ Բազմաթիւ դպրոցներ կը փակուին, եւ միսիոնարները կը հեռանան երկրէն։ Անոնց շարքին նաեւ Ռիկզ կը մեկնի։ Ընտանեօք Զմիւռնիա հաստատուելով, ան կը նետուի կրթական եւ տպագրական ասպարէզը տեղւոյն յոյներուն համար։

Պրպտումներու ընթացքին կը յայտնաբերէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարտղնուած եւ յոյն կարծուող բազմաթիւ խումբեր իրականին մէջ պուլկար են՝ տարիներոով ստէպ հելլենացած։

Զմիւռնիոյ մէջ կը մտերմանայ Քոնսթանթին Ֆոթինովի հետ, որմէ կը սորվի պուլկարերէն եւ որու հետ մէկտեղ կը կազմէ ու կը հրատարակէ պուլկար լեզուի քերականութեան նշմարները՝ «Бележки за граматиката на българския език», կոչուած՝ այդ լեզուն ամերիկացի միսիոնարներուն մատչելի ընծայելու։

Ֆոթինովի միջոցով ծանօթութիւն կը հաստատէ Խրիսթոտուլոս Քոսթովիչի եւ Փեթքօ Սլավեյքովի հետ։ Անոնց եւ Ալպըրթ Լոնկի հետ կը ձեռնարկէ ամբողջական Աստուածաշունչի պուլկարերէն թարգմսանութեան։

Այդ գործին զուգահեռ կը թարգմանէ ու Ամերիկայի մէջ կը հրատարակէ պուլկար ժողովրդային երգեր։

Հմտանալով պուլկարերէնի, կը խմբագրէ ու կը ստորագրէ յօդուածներ, բազմաթիւ ճամբորդութեանց կը ձեռնարկէ Մակեդոնիա, Հարաւային Ռումելի եւ Պուլկարիա։ Կը լծուի Պոլսոյ պուլկարներու՝ ինքնագլուխ Պուլկար Եկեղեցին հաստատելու պայքարին։ Կը մասնակցի բանակցութեանց՝ Օսմանեան կայսրութեան պուլկար եւ յոյն ցեղախումբերու սահմանազատումը վճռելու համար։

1876-ի Պոլսոյ վեհաժողովը՝ յենլով Ռիկզի պրպտումներուն վրայ, կը գծէ յոյն-պուլկար սահմանը[3]։

Ուսումնասիրելով նաեւ հայերէնը, Պատուելի Ռիկզ ձեռք կը զարնէ Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան գործին, որ լոյս կը տեսնէ 1870ականներուն։ Թրքաբանութիւններէ ազատ թարգմանութիւնը կը խօսի հարազատ ռամկօրէն մը, որ գրական արեւմտահայերէնի հիմը պիտի կազմէ։

Իր «Կարմիր ժամուց» վիպակին մէջ, Արփիար Արփիարեան կը նկարագրէ աշխարհաբար այդ անդրանիկ թարգմանութեան գտած երկակի ընդունելութիւնը հայերուս կողմէ. մէկ կողմէ ան կը խանդավառէ ընթերցողը, իսկ միւս կողմէ կը բախի Հայ եկեղեցւոյ բիրտ դիմադրութեան իբրեւ «բռոթի գիրք»։

Մատենագրական Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Doğan, Mehmet Ali. "Elias Riggs and the Missionary Activities of the American Board of Commissioners for Foreign Missions (ABCFM) in Greece (1832-1838)", International Review of Turkology, Volume IV - N. 8, Summer 2011. Accessed September 10, 2015. "The second son of a Presbyterian clergyman, Elias Riggs was born at New Providence, New Jersey, on November 19, 1810, the year in which the ABCFM was established."
  2. Шашко Филип; Бети Гринберг, Румен Генов (съст.) (2001)։ Американски пътеписи за България през XIX век։ „Планета – 3“։ էջեր 12 – 13, 32։ ISBN 9549926583 
  3. Georgi Genov. American Elias Riggs and his contribution to the Bulgarian National Revival Archived 2008-05-03 at the Wayback Machine.. Historical Archives. Sofia, Issue 9-10, November 2000 - May 2001. (in Bulgarian)