Էհսան Եարշաթէր (պարսկերէն՝ احسان يارشاطر, Արաբերէնով կը հնչուի՝ Իհսան Եարշադէր, 3 Ապրիլ 1920(1920-04-03)[1], Համադան, Իրան[2] - 2 Սեպտեմբեր 2018(2018-09-02)[3], Ֆրէզնօ, Ֆրեզնո շրջան, Քալիֆորնիա), Իրանցի պատմաբան, լեզուաբան, Իրանագէտ։ Ան եղած է Իրանագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիրն ու տնօրէնը, մինչ Քօլօմպիայի համալսարանի իրանագիտութեան պատուաւոր դասախօս Յակոբ Գէորգեանը:

Էհսան Եարշաթէր
պարս․՝ احسان يارشاطر
Ծնած է 3 Ապրիլ 1920(1920-04-03)[1]
Ծննդավայր Համադան, Իրան[2]
Մահացած է 2 Սեպտեմբեր 2018(2018-09-02)[3] (98 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Ֆրեզնո շրջան, Քալիֆորնիա
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Կրօնք Բահաի?
Ուսումնավայր Թեհրանի Համալսարան
Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Ուսմանց Դպրոց
Մասնագիտութիւն գրագէտ
Աշխատավայր Քոլումպիա Համալսարան
Կայքէջ perlit.sailorsite.net/…(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք ան առաջին դասախօսն էր որ ամբողջական դրոյքով դասաւանդեց Պարսկերէնը։

Ան «Իրանական Հանրագիտարան»-ի (Encyclopædia Iranica) քառասուն խմբագիրներէն մէկն էր, ուր տպուած էին 300է աւելի զանազան կաճառական (աքատեմական) հաստատութիւններու մէջ աշխատող գրողներու յօդուածներ։ Ան խմբագրեց «Քէյմպրիճի Իրանի Պատմութիւն» գիրքին երրորդ հատորը պարփակելով Սելեւկեաններու, Պարթեւներու եւ Սասանեաններու պատմութիւնը, ուրիշ հատորի մը կողքին զոր կը կրէր «Պարսկերէն Գրականութիւն» վերնագիրը։ Ան նաեւ խմբագրեց տասնըվեց հատորներէ բաղկացած «Պարսկերէն Գրականութեան Պատմութիւն» շարքը։ Ան արժանացաւ մի քանի միջազգային մրցանակներու իր գիտական աշխատանքին համար, անոնցմէ են․ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մրցանակը 1959 թուականին, եւ 1991-ին Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս Համալսարանէն (Անգլերէն՝ UCLA) Ճորճիօ Լէւի Տելլա Վիտա (Իտալերէն՝ Giorgio Levi Della Vida) մետալը՝ Իսլամագիտութեան ծիրէն ներս իր ձեռքբերումբերուն համար։ Լոնտոնի եւ վերոյիշեալ Քալիֆորնիոյ ԼԱ Համալսարանին մէջ եւ Փարիզի Գիտական ​​հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնէն ներս իր անունով դասախօսութիւններու շարեր կազմակերպուած են։

Կեանք եւ Գործունէութիւն

Խմբագրել

Էհսան Եարշաթէրը ծնած է Իրանի Համէտան քաղաքին մէջ։ Թեհրանի համալսարանին մէջ ուսանած է Պարսից Լեզու եւ գրականութիւն, իսկ Լոնտոնի Ափրիկեան ու Արեւելեան գիտութիւններու Համալսարանին մէջ՝ Իրանական բանասիրութիւն (Վաղ եւ միջին Պարսկերէն), Գերմանացի Իրանագետ «Վալթըր Պրունօ Հէնինկ»-ի (Գերմաներէն՝ Walter Bruno Henning) հետ միասին։ Թէհրանի համալսարանի իր քննախօսութիւնը կը վերաբերէր Պարսկական Բանաստեղծութեան Թեմուրեան շահերու տիրակալութեան ժամանակ (ԺԵ/ 15-րդ դար)։ Իսկ իր Լոնտոնի համալսարանի քննախօսութիւնը երկասիրած ապա 1969-ին հրատարակած է (Մութօն հրատարակչութիւն) «Հարաւային Թաթերէնի բարբառներու Քերականութիւնը» վերնագրին տակ, ուր ան կը նկարագրէ կարգ մը Թաթերէն բարբառներ որոնք կը խօսուին Իրանի Ղազւին քաղաքի հարաւ-արեւմուտքին։

Ան հրատարակած է կարգ մը յօդուածներ արդի Արեւմտաիրանական բարբառներու մասին, մասնաւորապէս Թաթերէնի ու Թալիշերէնի եւ Պարսկերէնի Հրեական բարբառին մասին, ինչէպէս նաեւ Պարսկական Դիցաբանութեան մասին։

Անոր ծնողները Իրանցի Հրեաներ էին որոնք կրօնափոխուած Պահաաիականութեան, բայց ան չափահաս տարիքին ոչ մէկ կապ ունէր այս կրօնին հետ։

Մատենագիտութիւն (Գիրքեր)

Խմբագրել
  • «Մատնանշումներնու զգուշացումները» (արաբերէն՝ الإشارات والتنبيهات, Ալ-Իշարաթ Ու Ալ-Թանպիհաթ) Իպն-Սինա, թարգմանուած Պարսկերէնի ԺԳ (13-րդ դարուն) Ֆախր Ուտ-Տին Պին Ահմատ Րուտպարիի կողմէն, ծանօթագրուած հրատարակութիւն «Ազգային Յուշարձաններու Ընկերութիւն», 1953։
  • Հինգ Ճառախօսութիւն (Պարսկերէն՝ پنج رساله) Իպն-Սինայի գործերէն, Արաբերէն ու Պարսկերէն ծանօթագրուած հրատարակութիւն։ Թեհրան, «Ազգային Յուշարձաններու Ընկերութիւն», 1953։
  • Պարսկական բանաստեղծութիւնը ՇահՐուխի ժամանակաշրջանին, կամ Պարսկական բանաստղծութեան անկումին սկիզբը՝ ԺԵ (15-րդ) դարու երկրորդ կէսը (Պարսկերէն՝ شعر فارسي در عهد شاهرخ يا آغاز انحطاط  شعر فارسي, Շէէրէ Ֆարսի տար Ահտէ ՇահՐուխ, եա Աղազէ էնհէթաթ տար շէէրէ Ֆարսի), Թեհրան, Թեհրանի Համալսարանի հրատարակութիւն, 1955։
  • Շահնամէէն Պատմուածքներ (Պարսկերէն՝ داستانهاي شاهنامه, Տասթանհայէ Շահնամէ, Իրանական Արքաներու դիւցազներգութիւնը), Իրան-Ա․ Միացեալ Նահանգներ Միացեալ Հիմնադրամի Հրատարակչութիւն, 1957, 1958, 1964, երկրորդ տպագրութիւնը 1974, 1982։ (1959-ին արժանացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մրցանակին)
  • Հին Իրանական դիւցավէպեր ու առասպելներ (Պարսկերէն՝ داستانهای ایران باستان, Տասթանհայէ Իրանէ Պասթան), Թեհրան․ Իրան-Ա․ Միացեալ Նահանգներ Միացեալ Հիմնադրամի Հրատարակչութիւն 1954, 1958, 1964 (Թագաւորական մրցանակ՝ որպէս տարուան լաւագոյն գիրքը 1959)։
  • «Մարախի մը Ոտքը» (ուսումնասիրութիւններ ի պատիւ «Սայյէտ Հասան Թագիզատէ»-ի, «Վալթըր Պրունօ Հէնինկ»-ի հետ (Գերմաներէն՝ W․ B․ Henning), Լոնտոն 1962։
  • Արդի Նկարչութիւն (نقاشی نوين, Նաքքաշիէ Նովին), 2 Հատոր, Թեհրան՝ Ամիր Քապիր, 1965-66, երկրորդ տպագրումը 1975։
  • Թաթերէնի Հարաւային Բարբառներու Քերականութիւն, Մարերէն բարբառի ուսումնասիրութիւններ, Հական (Տէն Հակ) եւ Փարիզ քաղաքներ, Մութօն հրատարակչութիւն։
  • Իրանը Եօթանասունականներուն առջեւ, Նիու Եորք, Փրէյկըր հրատարակչութիւն (Անգլերէն՝ Praeger Publishers), 1971։
  • «Պիրունի գիտաժողով», Տ․ Պիշըփի հետ միասին, Նիու Եօրք, Իրանագիտութեան Կեդրոն, Քոլոմպիայի Համալսարան, 1976։
  • Շահնամէի Պատմութիւններու Ընտրանիներ (Պարսկերէն՝ برگزیده داستان های شاهنامه, Պարկօզիտայէ Տասթանհայէ Շահնամէ) Հատոր Ա (1), Թեհրան BTNK-Գիրքերու թարգմանութեան ու Հրատարակութեան Ընկերութիւն (Պարսկերէն՝ بنگاه ترجمه و نشر کتاب/ ب ت ن ك, Պօնկահէ Թարճօմէհ վա Նաշրէ Քէթապ), Իրանական Մշակութային Հաստատութիւն, 1982։
  • «Արեւելեան Մազանդարանի արձանագրութիւններ», Իրանի Արձանագրութւիններու Ժողովածու (Լատիներէն՝ Corpus Inscriptionem Iranicarum), Լոնտոն, Լանտ անտ Համֆրիզ (Անգլերէն՝ Lund and Humphries), 1978։
  • «Պարսկական Արուեստի Կարեւորագոյն Դրուագներ», Րիչարտ Էթթինկհաուսընի հետ միասին, Նիու Եօրք, Պարսկական Գրադարան (Bibliotheca Persica)։
  • Սատէղ Հէտայաթ (Պարսկերէն՝ صادق هدایت)․ ծաղկաբանութիւն (Անթօլոճի, ընտրանի հաւաքածոյ)։
  • Քէյմպրիճի «Իրանի Պատմութիւն»-ը, Գ (3-րդ) հատոր՝ Սելեւկեան, Պարթեւական եւ Սասանեանական ժամանակներուն, Քէյմպրիճի Համալսարանի Տպագրութիւն, 1983։
  • Պարսկական Գրականութիւն, Նիու Եօրք, Նիու Եօրքի Պետական Համալսարանի Հրատարակութիւն, 1988։
  • «Ալ-Թապարի»-ի «Պատմութիւն»-ը, 1-40 Հատորներ, Նիու Եօրքի համալսարանի Տպագրութիւն, 2007։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)
  2. 2,0 2,1 2,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #118959263 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. 3,0 3,1 3,2 https://www.nytimes.com/2018/09/18/obituaries/ehsan-yarshater-dead.html