Աշրաֆիէ

(Վերայղուած է Էշրեֆիէ-էն)

Աշրաֆիէ, (Արաբերէն՝ الأشرفية‎‎) Պէյրութ, Լիբանանի շատ հին շրջաններէն մէկը: Այդ կը պատկանի խումբ մը յոյն լուսաւորչական քրիստոնեայ լիբանանցի ընտանիքներու, որ իշխած ու կառավարած են այդ շրջանը դարերէ ի վեր[1]:

Gouraud փողոցը Աշրաֆիէի մէջ:
ABC շուկան Աշրաֆիէի մէջ:
Նոր շէնքեր Աշրաֆիէի մէջ:
Saint Maroun-ի մայր եկեղեցին Աշրաֆիէի մէջ:
Աշրաֆիէ շրջանի հին եւ նոր բաժինները:
Sassine Square, Աշրաֆիէի կեդրոնը:

Ընդհանուր տեղեկութիւն

Խմբագրել

Աշրաֆիէն կը գտնուի Պէյրութի արեւելեան բաժինը, գետափին մօտ: Այս շրջանը թէ՛ բնակութեան եւ թէ առեւտրական բաժիններով լեցուն է եւ նշանաւոր է իր նեղ հովային թաղերով, փոքրիկ սրճարաններով, հարուստ ու մեծ յարկաբաժիններով եւ գրասենեակներու շէնքերով: Աշրաֆիէն կարեւոր ու առաջնահերթ շրջան մըն է դրամարկութեան եւ զբօսաշրջիկութեան։

Մինչեւ 1930-ական թուականները, Աշրաֆիէն կը բաղկանար ագարակներէ, որոնք կը պատկանէին յոյն լուսաւորչական քրիստոնեայ հողագործներու, որ կը տիրապետէին երկիրը դարեր ի վեր: Լիբանանեան կառավարութիւնը, որ այն ժամանակ կը գտնուէր ֆրանսական տիրապետութեան տակ, բաժնեց այն շրջանը որպէսզի կառուցէ ճամբաներ եւ պողոտաներ ստիպելով այս ընտանիքներուն որ ծախեն մաս մը իրենց հողերէն ու հարստութիւններէն:

Աշրաֆիէն առաջ տիրապատուած էր 7 տնտեսական եւ ընկերային յոյն լուսաւորչական քրիստոնեայ ընտանիքներէ, որոնք կը կազմէին Պէյրութի բարձր դասակարգը: Թրատ, Ֆերնէյն, Արաման, Պութրոս, Սուրոսոք, Ֆայյատ եւ Թուէյնի: Սակայն անուններուն ցանկը երբեք չէ ճշդուած:

Շրջանը բաժնուած է քանի մը փոքրիկ շրջակայքերէ: Անոր ամէնէն կարեւորներն են՝ Սասին Կեդրոնը, որ ամէնէն նշանաւոր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական շրջաններէն մէկն է ամբողջ Լիբանանի մէջ, St. Nicolas, ուր կը գտնուին կարեւոր շէնքեր, օրինակ Սուրսոք տունը եւ թանգարանը, Թապարիս, անոր կարեւոր շէնքերը, օրինակ՝ 812 Թապարիս, Աշրաֆիէի աշտարակը, Եարետ շէնքերը, Մեթրոփոլիս, L'Hermitage, Sight II, Պէյրութի բարձրութիւնները, Ֆայյատ շէնքերը, Ֆալ աշտարակները, Jardins de Tabaris:

Լիբանանի քաղաքական պատերազմի ընթացքին, ռումբերն ու հրթիռները ջնջեցին մաս մը Աշրաֆիէի ճարտարապետական հնութիւններէն: Պատերազմը վերջացաւ ու ռումբերը դադրեցան, սակայն պատմական ու նշանաւոր շէնքերը մնացին աւերակներու տակ: Ամէն օր Աշրաֆիէի հին շէնքերը կը կործանուին, որպէսզի կառուցուին նոր շէնքեր: Երկար աշտարակներ կը փոխարինեն հին շէնքերը: Այս հին շէնքերը ո՛չ միայն ունին ճարտարապետական արժէք, այլ նաեւ տնտեսական:

Մինչեւ հիմա, ճարտարապետական հնութիւններ կը գտնուին նոր շէնքերու մէջ, սակայն ճարտարապետները անտեսեցին այդ մէկը: Հնագէտները կը փորձեն իրենց լաւագոյնը, պաշտպանելու մնացած հին Լիբանանեան տուները Աշրաֆիէի մէջ։ Սակայն, իրենց ճիգերն ու ջանքերը անպէտ են, որովհետեւ Լիբանան օրէնքներ չունի, որ պաշտպանեն ու պահպանեն հին տնակները:

Լիբանանի քաղաքական պատերազմին ընթացքին, որ սկսած էր 1975 թուականին, Աշրաֆիէն դարձաւ հսկայ ռազմագիտական կեդրոն՝ քրիստոնեայ ուժերուն: Լիբանանի ուժերէն մեծ թիւ մը կը բնակէր հոն, առաջնորդուած՝ Պաշիր Ժեմայէլի կողմէ:

13 Օգոստոս, 2009 թուականին յայտարարուեցաւ, թէ Աշրաֆիէի Sodeco թաղամասին մէջ պիտի կառուցուի Լիբանանի ամէնէն երկար աշտարակը՝ «Սամա Պէյրութ», 200 մեթր:

Ուսումնարաններ

Խմբագրել

Սկզբնական ու երկրորդական վարժարաններ.-

Համալսարաններ.-

Նշանաւոր մարդիկ Աշրաֆիէէն

Խմբագրել

Նշանաւոր թաղամասեր

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. God has ninety-nine names By Judith Miller, page 246
  2. Home page. Grand Lycée Franco-Libanais. Retrieved on December 13, 2016. "Rue Beni Assaf B.P. 165-636 Achrafieh 1100 2060 - Beyrouth"
  3. Home page

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել