Էտմոնտ Աւետեան
Էտմոնտ Աւետեան (10 Նոյեմբեր 1929, Անտիժան - 6 Դեկտեմբեր 2002, Երեւան, Հայաստան), հայ լեզուաբան եւ փիլիսոփայ։
Էտմոնտ Աւետեան | |
---|---|
Ծնած է | 10 Նոյեմբեր 1929 |
Ծննդավայր | Անտիժան |
Մահացած է | 6 Դեկտեմբեր 2002 (73 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստան |
Ուսումնավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, լեզուաբան |
Աշխատավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Ուզպեքիստանի Անտիժան քաղաքին մէջ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1956 թուականին:
Ուսումը աւարտելէ ետք 1956-1961 թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ ստանձնած է ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն:
Ձերբակալութիւն
Խմբագրել1982 թուականին ձերբակալուած է իբրեւ այլախոհ եւ մեղադրուած՝ ռուս գրող Ալեքսանդր Սոլժենիցինի հետ ունեցած նամակագրութեան եւ արգիլուած գրականութիւն պահելու մեղադրանքով։ Ձերբակալութեան տարիները անցուցած է հոգեբուժարանի մէջ, ուրկէ ազատ արձակուած է 1984 թուականին:
Ազատ արձակուելէ ետք շարունակած է ուսուցչութեան պաշտօնը Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս, իսկ 1994 թուականին եղած է նոյն համալսարանի ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԱւետեանի ստեղծագործական աշխատութիւնները կը վերաբերին լեզուաբանութեան, իմաստի եւ արտայայտութեան[1], որոնց մասին կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ․
- «Լեզուական նշանի բնոյթը» (ռուսերէն, 1968),
- «Իմաստ եւ նշանակութիւն» (ռուսերէն, 1979),
- «Նշանագիտութիւն եւ լեզուաբանութիւն» (ռուսերէն, 1989),
- «Վերադարձի օղակ» (1998, վերահրտ.՝ 2003) փիլիսոփայական խոհեր,
- «Բանտային բանաստեղծութիւններ» (ռուսերէն, 2002) ժողովածու[2]։
Լեզուաբանը իր առաջին աշխատութիւնով իսկ յաջողած է հետաքրքրութիւն յառաջացնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս։
Երկար տարիներ տուած է լեզուաբանութեան, լեզուի փիլիսոփայութեան պատմութեան, գեղարուեստական թարգմանութեան տեսութեան եւ այլ առարկաներու մասին դասախօսութիւններ: Ան իր գործերուն մեծամասնութիւնը գրած է ռուսերէն լեզուով[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Ով ով է. Հայերէն Կենսագրական հանրագիտարան, Ա․ հատոր, Երեւան, 2005։
- ↑ «ԷՏՄՈՆՏ ԳԵՂԱՄԻ ԱԻԵՏԵԱՆ»։ ysu.am։ արտագրուած է՝ 2016-07-28
- ↑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-09