Թովմա Արծրունի (անհայտ[1] - 10-րդ դար), տոհմական պատմագիր, Արծրունի տան, կամ նախարարութեան պատմիչը։ Արծրունիք Թ. դարուն մրցորդ եղած են Բագրատունիներուն։ Նշանաւոր եղած են Արծրունի երկու իշխաններ՝ Գրիգոր-Դերենիկ եւ Գագիկ, որոնց օրով կը զօրանան Արծրունիք։ Մամիկոնեանները արդէն հեռացած էին հայկական թատերաբեմէն ու սկսած էին փայլիլ՝ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ։

Թովմա Արծրունի
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 10-րդ դար
Երկեր/Գլխաւոր գործ History of the House of Artsrunik?
Մասնագիտութիւն պատմաբան, ժամանակագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Իր կեանքին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի։ Եղած է բարձրաստիճան եկեղեցական։ Ան կը ներկայանայ իբրեւ հմուտ, հետաքրքիր եւ բարձրորակ նիւթերով գրող անձ մը։ Արծրունի իր գիրքը գրած է Գրիգոր-Դերենիկ իշխանի խնդրանքով։

Արծրունի գրած է «Պատմութիւն Արծրունեաց տան» երկասիրութիւնը։ Հայոց Պատմութիւն մը ըլլալէ աւելի տոհմի մը պատմութիւնն է անիկա։ Իր գործին շարադրութիւնը երկար ժամանակ առած է, որովհետեւ ան գրած է մաս առ մաս, կամ երբեմն իր կեանքի ընթացքին պատահող միջադէպերը աւելցուցած է գրած պատմութեան վրայ։

Գործին բաժանումները

Խմբագրել

Թովմա Արծրունի իր գործը բաժնած է չորս դպրութիւններու։ Այս բաժանումը սակայն ձեւական եղած է, մինչդեռ, ըստ նիւթի՝ կարելի է զայն բաժնել երկու հիմնական մասերու.

Ա.- ՀԻՆ ՇՐՋԱՆ։ Ադամէն մինչեւ 850 թուականը։ Այս շրջանին համար Արծրունի օգտագործած է հին պատմագիրներու գործերը, ինչպէս Ագաթանգեղոս, Փաւստոս, Կորիւն, Փարպեցի, Եղիշէ, Խորենացի, եւայլն եւ անյայտ աղբիւրներ ու տոհմական զրոյցներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Այս շրջանին Արծրունի կը ջանայ մասնակից դարձնել Արծրունիները բոլոր լաւ դէպքերուն եւ ձեռնարկներուն։ Հետաքրքրական է հետեւեալը, թէ՝ Վարդանանց պատերազմի ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ Եղիշէի մէջ։ Թովմա Արծրունիի ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը եւ իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ Բարծումա անունով ասորի չար վանական մը, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած ու հանած է Արծրունեաց վերաբերեալ բաժինը։ Թովմա Արծրունի արագ կ'անցնի այն դէպքերուն վրայէն (ուր Արծրունիք հեղինակ են վատ արարքներու)։

Բ.- ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ։ Իր ժամանակաշրջանը։ Իր գործին ամէնէն հետաքրքրական եւ արժէքաւոր մասն է, որ կը սկսի 851 թուականէն։ Թովմա Արծրունի այսպէս կ'ըսէ. «Արդ, մեզ կայ առաջի ունել Ջափրայ եւ չար գործոց նորա, ԱՆԳԻՐՍ ՄՆԱՑԵԱԼ ՅԱՅԼՈՑ, զոր կատարեաց ի վերայ աշխարհին Հայոց երկայնագոյն ժամանակաւ...»։ Թ. Արծրունի, գործի այս Բ մասին մէջ, մեզի կու տայ նոր նիւթեր մանրամասնօրէն, իբրեւ ականատես կամ ականատեսներէ քաղուած։ Ուրեմն գործը արժէքաւոր է, թէ՛ մեզի մատուցած իր նիւթերու նորութեամբ եւ թէ՛ անոնց ստուգութեամբ։ Թովմա Արծրունի, իբրեւ պատմիչ, շատ բան կը շահի իր ստուգապատում ըլլալէն։ Յաճախ ինք անձամբ կատարած է հետազօտութիւններ եւ ճանապարհորդութիւններ, իր հաղորդած տեղեկութիւնները ստուգելու եւ պատմած դէպքերու միջավայրը սերտելու համար։ Իր աւագ ու միակ թերութիւնը, զոր յատուկ է առհասարակ բոլոր հայ պատմիչներուն, իր կողմնակալութիւնն է։ Անիկա եւս իր տոհմը մեծարելու թերեւս արդարանալի թերութիւնը ունի մեծ չափով։

Գործին բովանդակութիւնը

Խմբագրել

Ա. Դպրութիւնը ունի 11 գլուխներ։ Կը սկսի աշտարակաշինութենէն եւ կը հասնի մինչեւ Թէոդոսի թագաւորութիւնը՝ Յունաց վրայ, Դ դարու վերջը։

Բ. Դպրութիւնը ունի 7 մեծ գլուխներ, որոնց մէջ կը պատմէ արաբ ամիրաներու դառն տիրապետութեան, հայ իշխաններու ապստամբութեան ու գործերուն մասին։ Արծրունի իր նիւթերը քաղած է նախորդ պատմագիրներէն եւ հետեւաբար մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ անոնք։ Իր բուն նորութիւնները կը սկսին Ե գլուխէն անդին։

Գ. Դպրութիւնը ունի 29 գլուխներ:

Դ. Դպրութիւնը ունի 12 գլուխներ։ Այս երկու դպրութեանց մէջ Արծրունի մանրամասն ու երկարօրէն կը պատմագրէ Թ դարու դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան են, ընդհանրապէս հայաստանի մէջ եւ մասնաւորաբար Արծրունեաց նահանգի Վասպուրականի մէջ։ Գլխաւորաբար երկարօրէն կը պատմէ Արծրունի իշխաններ՝ Գուրգէնի, Դերենիկի, Աշոտի եւ Գագիկի մասին, որ յետոյ թագաւոր եղաւ։ Իր գործին վերջին մասը յետոյ շարունակուած է ուրիշ անանուն հեղինակի մը կողմէ, որուն յիշատակարանը եւս գրուած է։

Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ

Խմբագրել

Թովմա Արծրունի կրած է մեծ ազդեցութիւնը Ս. Գիրքի, Խորենացիի եւ Եղիշէի։ Ի դէպ յայտնենք, որ ինք առաջինն է Խորենացին եւ Եղիշէն յիշատակողը։ Շատ կարեւոր է, որ Արծրունեաց այս պատմիչը յստակօրէն կը վկայէ, թէ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցած է մինչեւ Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակ (474-475 թթ., ապա՝ 475 - 491 թթ.), այսինքն Պատմահօր երկն ունեցած է նաեւ չորրորդ մաս։ Այս փաստը կարելի է բացատրել Խորենացիի հակամամիկոնեանական եւ, փաստօրէն, հակակղերական, ինչպէս նաեւ Վասակամէտ դիրքորոշմամբ (պահպանուած երրորդ գիրքին մէջ՝ Վասակ Սիւնիի մասին, Խորենացիին դրական արտայայտութիւնը)։ Իսկ գիրքեր կամ որոշակի հատուածներ վերացնելը, այդ դարերուն, խորթ չէ ընդունուած, ինչպէս վերը մենք արդէն նշեցինք հետաքրքրական օրինակ մը, թէ Վարդանանց պատերազմին ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ Եղիշէի գրքին մէջ։ Թովմա Արծրունիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը ու իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ ասորի չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած, հանած էր Արծրունեաց վերաբերեալ մասը։ Այսինքն՝ սովորական բան էր գրքերի խմբագրումը եւ անգամ ոչնչացումը։

Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ եւ կողմնակալութիւն։

Ազգային դիւցազնավէպը Արծրունիի գործին մէջ

Խմբագրել

Թովմա Արծրունիի գործին մէջ հետաքրքրական է այն բաժինը, ուր կը պատմէ հայոց մեծ ապստամբութեան մասին, արաբներու ԵուսուՖ ամիրային դէմ։ Այս ապստամբութիւնը մեր ժողովրդական մեծ դիւցազնավէպին կազմիչ մէկ տարրն է։

Կաղապար:Միջնադարեան հայ պատմագիրներ եւ ժամանակագիրներ

Աշխատութիւններ եւ թարգմանութիւններ[2]

Խմբագրել
  • Թովմա վարդապետ Արծրունի, Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց, Կ.Պոլիս, 1852
  • Պատմութիւն Արծրունեաց տան / Թովմա Արծրունի եւ Անանուն; Թարգմ. եւ ծանոթագր.՝ Վ.Մ. Վարդանյան; Խմբ. կազմ՝ Ա.Ա. Աբրահամյան եւ ուրիշ.; Խմբ.՝ Ռ.Գ. Սարգսյան. - Երեւան։ Սովետական գրող, 1978. - 406 էջ։
  • Товма Арцруни и Аноним. История дома Арцруни. Перевод с древнеарм., вступит. статья и комментарий М. О. Дарбинян-Меликян. Ер., 2001

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Նորայր Բիւզանդացի, Թովմա Արծրունի եւ Անանուն Արծրունի երկու այլեւայլ պատմագիրներ են,- «Բազմավէպ», 1905, էջ 227-233, 264-271, 328-337, 398-407, 464-471։
  • Ծովական Ն., Թովմա Արծրունի. բնագրական սրբագրութիւններ,- Սիոն, 1965, էջ 319-320։
  • Վարդանեան Վ. Մ., «Պատմութիւն տանն Արծրունեաց» երկին մէջ յիշատակուած քանի մը տեղանուններու մասին.- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1973, № 1, էջ 111-122։
  • Thomson R.W., ‘T‘ovmay Arcruni as Historian’, in T.J. Samuelian and M.E. Stone (eds.), Medieval Armenian culture, Chico CA, 1984, pp. 69–80.
  • Thomson R.W., ‘T‘ovmay Arcruni’s debt to Ełišē’,- "Revue des Études Arméniennes",18 (1984), pp. 227-235.
  • Մարգարիտա Դարբինեան-Մելիքեան, Ո՞վ է Թովմայի «Պատմութիւնն տանն Արծրունեաց»-ի «Մանիթոպ արքայ Խեփտաղաց»-ը.- «Պատմա-բանասիրական հանդէս«, 2005, № 2, էջ 183-188։
  • Greenwood Tim, Entries on ‘The History of Sebeos’; ‘The Letter of Leo III in Ghewond’; ‘Movsēs Daskhurants‘i’ and ‘Ghewond’; in Christian-Muslim Relations. A Bibliographical History vol. 1 (600-900), ed. D. Thomas and B. Roggema, (Leiden, 2009), 139-144, 203-208, 261-267 and 866-871.
  • Greenwood Tim, Entry on 'T'ovma Artsruni',- "Christian-Muslim Relations. A Bibliographical History", vol. 2 (900-1050), ed. D. Thomas and A. Mallett, (Leiden, 2010), 102-107.

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. (հայերեն) Թովմա Արծրունի, 2023-11-30, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B9%D5%B8%D5%BE%D5%B4%D5%A1_%D4%B1%D6%80%D5%AE%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%AB, վերցված է 2024-10-16