Թուրքիոյ Դրօշ
Թուրքիոյ դրօշը (թրք.՝ Türk bayrağı), կը ներկայացնէ կարմիր գոյնի ուղղանկիւն պաստառ։ Lայնքի եւ երկայնքի յարաբերութիւնը՝ 2։3-ի է։ Դրօշի կեդրոնը կը գտնուին սպիտակ լուսնեղջիւրն եւ հինգաթեւ աստղը։ Դրօշը յաճախ կը կոչուի al bayrak (կարմիր դրօշ)։
Թուրքիոյ Դրօշ | |
---|---|
| |
Տեսակ | ազգային դրօշ |
Իրաւասութեան տարածք | Թուրքիա |
Նշան | 🇹🇷 |
Յարաբերութիւն | 3:2 |
Ընդունուած է | 1844 |
Գոյներ | կարմիր եւ ճերմակ |
Պատկերուած է | աստղ եւ լուսնեղջիւր, դաշտ, լուսնեղջիւր եւ հնգաթեւ աստղ |
Թուրքիոյ դրօշի ներկայիս տեսքը ուղղակիօրէն վերցուած է Օսմանեան դրօշէն, որ իր վերջնական տեսքը ստացած է 1844-ին։
Դրօշի չափը եւ կարմիր գոյնի հստակ տօնը պաշտօնապէս հաստատուած է Թուրքիոյ դրօշի մասին օրէնքում 1936 թուականի մայիսի 29-ին[1]:
Թուրքիոյ այժմեան դրօշը փոփոխութիւններով (ներկայիս դրօշի վրայի աստղը եւ լուսինը աւելի բարակ են եւ աւելի փոքր չափեր ունին) կը կրկնէ 1844-ին Թանզիմաթի բարեփոխումներու ժամանակ հաստատուած Օսմանեան կայսրութեան դրօշը, իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական դրօշի կարգավիճակ ստացած է 1936-ին՝ Աթաթուրքի մահէն 2 տարի առաջ։ Թրքական դրօշի ծագման վերաբերեալ բազմաթիւ տարբերակներ կան։
Դրօշի պատմութիւնը
ԽմբագրելԱռաւել պաշտօնական տեսակէտը այն է, որ թրքական դրօշի կարմիր գոյնը սկիզբ կ՚առէւմ Արաբական խալիֆայութեան տիրակալ Ումարի ժամանակաշրջանէն (643-644), իսկ լուսինն ու աստղը իսլամի խորհրդանիշերն են։ Այն վերջնական ձեւը ստացած է 1844-ին։ Տարածուած են նաեւ շարք մը աւանդութիւններ՝ կապուած օսմանեան դրօշի ծագման հետ։ 1071-ի Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք, երբ սելճուկ-թուրքերը յաղթանակ տարին Բիւզանդիայի նկատմամբ եւ սկսան հաստատուիլ Առաջաւոր Ասիոյ մէջ, սելճուկներու խանը՝ Ալփ Արսլանը ճակատամարտի դաշտի անամպ երկնակամարին տակ կը նկատէ լիալուսինն ու աստղը եւ դրօշին վրայ այդ ամէնը պատկերել իր ռազմական դրօշի վրայ։
Եւս մէկ տարբերակ կայ, որ ամբողջովին կը կրկնէ վերոյիշեալ տարբերակը, սակայն այս պարագային Ալփ Արսլանին կը փոխարինէ Աթաթուրքը, իսկ Մանազկերտին՝ Սաքարեան։ Մէկ այլ տարբերակաի համաձայն՝ օսմանեան սուլթան Մուրատ Երկրորդը 1389-ին Քոսովոյի ճակատամարտէն ետք արեան լճակին մէջ կը տեսնէ կիսալուսնի եւ Ժուպիթէր մոլորակի ցոլքը եւ դրօշին վրայ, որ իր պետութեան դրօշը պէտք է ճիշդ այդպիսի տեսք ունենայ։ Շատ կը շրջանառուի այն տեսակէտը, օսմանեան դրօշը կապ ունի Կոստանդնուպոլիս քաղաքի դրօշի հետ, որու խորհրդանիշերը եղած են լուսինն ու աստղը:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան դրօշի հետ որոշ նմանութիւն ունին Ազրպէյճանի, այսպէս կոչուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան», Թունիսի եւ շարք մը այլ իսլամական երկիրներու դրօշները։
Բիւզանդիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան դրօշները
ԽմբագրելՊատմական դրօշներ
ԽմբագրելԴրօշների շափերը
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Turkish Historical Society, "Türk Bayrağı Kanunu" (Law on Turkish Flag), http://www.ttk.org.tr/index.php?Page=Sayfa&No=81 Archived 2011-06-07 at the Wayback Machine..
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Պաշտօնական կայք
- [1] Archived 2011-06-07 at the Wayback Machine.