Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան

Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան, կրթական մշակ, մանկավարժ, գրող, բանաստեղծուհի, քերթուածագիր հրապարակագիր, ՀՕՄուհի, ազգային-հաս. գործիչ, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ: Ան վարած է եւ կը վարէ բեղուն ազգային-հասարակական գործունէութիւն:

Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան
Ծննդավայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն  Քանատա
Կրօնք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, գրագէտ, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Կրթական մշակ, մանկավարժ, գրող, բանաստեղծուհի, քերթուածագիր, հրապարակագիր, ՀՕՄ-ուհի
Ամուսին Պարգեւ Գի­րէ­ջեա­ն
Ծնողներ Չա­լը­գեան ըն­տա­նի­ք
Երեխաներ Պօ­ղոս, Ա­սա­տուր եւ Մա­րալ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան ծնած է Հալէպ, Կա­թո­ղի­կէ Չա­լը­գեան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ Յա­ճա­խած է Ա­նա­րատ Յղու­թեան քոյ­րե­րու վար­ժա­րա­նը, ա­պա «Լի­սէ» Ֆրան­սա­կան դպրո­ցը եւ Քարէն Եփփէ Ազգ․ Ճե­մա­րա­նը։

1959-ին ա­մուս­նա­ցած է Պարգեւ Գի­րէ­ջեա­նի հետ եւ փո­խադ­րո­ւած Լի­բա­նան: 1976-ին գաղ­թած են Քա­նա­տա։ «Եորք» հա­մալ­սա­րա­նէն ստա­ցած է իր Պսակաւոր Արուեստից (BA) վկա­յա­կա­նը։

Վաղամեռիկ ամուսինին՝ Պարգեւին համազգայնական ոգիին, հայերէն լեզուին հանդէպ ունեցած սէրին եւ բծախնդրութեան, եւ այն իրողութեան որ նոյնիսկ իրենց մականունը, որ շաղախ կը նշանակէ Թրքերէնով, վերածած է Հայերէնի՝ Գիրէջեանի փոխելով։ Գի­րէ­ջեա­նի մա­կա­նու­նը թրքե­րէ­նով գաճ կը նշա­նա­կէ․ ուղ­ղագ­րու­թի­նը փո­խե­լով՝ բա­նաս­տեղ­ծու­հին զայն հա­յա­ցու­ցած ու վե­րա­ծած է «գիր» եւ «էջ»ի։

Արդարեւ Գիրէջեան ամոլը ծառայած է հայ գիրին, մէկը իր ասպարէզին ընդմէջէն որպէս գրաշար եւ միւսը՝ իր քերթուածներով։ Երկուքն ալ իրենց ներդրումը ունեցած են հայ մշակոյթին ու հայ կեանքին մէջ:

Ան ու­սուց­չու­թեամբ զբա­ղած է Հա­լէ­պի, Պէյ­րու­թի եւ Թո­րոն­թօ­յի մէջ։ 2001էն 2005 պաշ­տօ­նա­վա­րած է ՀՕ­Մի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ու­նի ե­րեք զա­ւակ­ներ՝ Պօ­ղոս, Ա­սա­տուր եւ Մա­րալ։ Բախ­տա­ւո­րո­ւած է չորս թոռ­նիկ­նե­րով՝ Ա­րա, Ա­նա­յիս, Հան­նա եւ Ճորճ։ Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը եւ գրու­թիւն­նե­րը լոյս տե­սած են սփիւռ­քա­հայ զա­նա­զան թեր­թե­րու մէջ։

Համազգայինի եւ Հ.Օ.Մ.ի անդամակցութիւն

Խմբագրել

Արդարեւ Գիրէջեան ամոլը՝ Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեա­ն եւ վաղամեռիկ ամուսինը՝ Պարգեւ Գի­րէ­ջեա­ն մաս կազմելով «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան եւ Հ.Օ.Մ.ի իրենց ներդրումը ունեցած են հայ մշակոյթին ու հայ կեանքին մէջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեա­նի գրու­թիւն­նե­րը պարզ տե­ղե­կագ­րու­թիւն­ներ չեն, այլ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թեան, ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու, Հայ­կա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պի, գա­ղու­թա­յին կեան­քի, հա­ւատ­քի զօ­րաց­ման, բար­քե­րու շա­րու­նա­կու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի վեր­լու­ծում­ներ եւ սեր­տո­ղու­թիւն­ներ են՝ մաք­րա­մա­քուր եւ հասկ­նա­լի հա­յե­րէ­նով։

Ան կը գրէ մեծմօր եւ թոռ­նի­կի յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թեան, պատ­կա­նե­լիու­թեան, ըն­տա­նե­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան, հայ կնոջ ա­զա­տագր­ման շար­ժու­մին, ա­մուս­նա­լու­ծու­թեան եւ ըն­տա­նե­կան յար­գան­քի մա­սին։ Իր գրու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ են ա­պա­գայ սե­րուն­դի հետ կա­պո­ւած հար­ցե­րը՝ ինչ­պէս ա­ղօթ­քի կարեւո­րու­թիւ­նը, հե­ռա­տե­սի­լը, պա­տե­րազմ տե­սած պա­տա­նին եւ մա­նա­ւանդ հա­յու­թեան ջա­հը փո­խան­ցե­լու դժո­ւար եւ յա­րա­տե­ւող աշ­խա­տան­քը։

«Դէմ առ Դէմ Ան­ցեա­լիս հետ» գիր­քը: Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեանի այս գիրքը իւ­րա­քան­չիւ­րիս ան­ցեա­լի ցո­լա­ցումն է եւ ա­պա­գա­յի ու­ղին։

«Ծաղկաքաղ» գիրքին մէջ հեղինակ Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան ոսկեղենիկ լեզուով բանաստեղծութիւններ հիւսած է: «Ծաղկաքաղ»ը սիրուն կազմով, ծաղիկներու համանուագով բարի հրաւէր մըն է, որուն ետին կայ նաեւ ուժեղ նկարագրով, անհատականութեամբ եւ յստակ կեցուածքով Ժանէթ Գիրէջեանը։ Ան ունի հաւատք, ազգային պատկանելիութիւն եւ բարոյական սկզբունք։ Իր յամառ եւ լուրջ ընթերցումները զարգացուցած են իր իմաստասիրութիւնը։

  Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան կ՚ըսէ. «կը գրեմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ բաժնել իմ զգացումներս, ի մտի ունենալով Հիւսիսային Ամերիկայի նոր սերունդի պարմանները եւ պարմանուհիները։ [1]  


  Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան կ՚ըսէ. «Հայ գիրը եւ գիրքը սրտիս շատ մօտ են եւ հրահան եղած են ինծի համար։ Գիտեմ այլ լեզուներ, բայց Հայերէնը եղած է առաջնակարգ»։ [1]  


Յիսունութ քերթուածներ կան «Ծաղկաքաղ»ին մէջ, ընտանեկան, բնութեան հետ կապ ունեցող, ազգային, կրօնական նիւթերու շուրջ, նաեւ՝ երեք հատ նուիրուած իր շատ սիրելի կազմակերպութեան՝ Հ.Օ.Մ.ին։

Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան 53 յօ­դո­ւած­նե­րով սփիւռ­քա­հայ կեան­քը, հա­յու բա­րո­յա­կա­նը, ա­ղօթ­քի եւ հա­ւատ­քի կարեւո­րու­թիւ­նը, կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տող եւ վեր­լու­ծող փունջ մը կը նո­ւի­րէ մե­զի։

ՀՕ­Մի գոր­ծու­նէու­թիւն եւ գրութիւններ

Խմբագրել

Ան ու­նի 5 այլ գրու­թիւն­ներ՝ յատ­կա­պէս ՀՕ­Մի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղին հետ ա­ռըն­չո­ւող, ո­րոնք կը կրեն հե­տե­ւեալ խո­րա­գիր­նե­րը՝

«Սրտի խօսք ուղ­ղո­ւած ՀՕ­Մի ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան գրա­սե­նեա­կին»,

«ՀՕ­Մի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը 45ա­մեայ պրիս­մա­կի ընդ­մէ­ջէն»,

«Քսան Տա­րի Վերջ»,

«Տոհ­միկ Օր Զէյ­թուն եւ Հա­ճըն»,

«Ձի­թե­նիի Ճիւ­ղը»։

Նշեալ վեր­նա­գիր­նե­րը կը ցո­լաց­նեն ՀՕ­Մի գոր­ծու­նէու­թեան բազ­մա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել