Ժանէթ Գույումճեան Իլանճեան
Ժանէթ Գույումճեան Իլանճեան հանրածանօթ մեներգչուհի:
Ժանէթ Գույումճեան Իլանճեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Ժանէթ Գույումճեան |
Քաղաքացիութիւն | ԱՄՆ |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | մեներգչուհի , երաժշտութեան, դաշնակի եւ սոլֆէժի բարձրագոյն վկայականներ |
Գործունէութիւն | երգարուեստի դաստիարակ |
Ամուսին | Սամուէլ Իլանճեան |
Երեխաներ | Վանտա (ամուսին՝Ալեքս) Եուսուֆեան Իլանճեան, Թալին (ամուսին՝ Գէորգ) Սիմոնեան Իլանճեան եւ Սեւակ Իլանճեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԺանէթ Գույումճեան Իլանճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ան երբ ստացած է երաժշտութեան, դաշնակի եւ սոլֆէժի բարձրագոյն վկայականները, հայրենի եւ օտար բեմերուն վրայ բազմաթիւ ելոյթներուն միջոցով արդէն դարձած է երգի, ու մանաւանդ հայ երգի դեսպանը աշխարհի չորս ծագերուն, արժանանալով պետական անձնաւորութիւններու եւ արուեստագէտներու բարձր ուշադրութեան: Հարուստ եղած է անոր երգացանկը: Լիբանանահայերը զինք կարօտով պէտք է յիշեն իբրեւ տեղւոյն՝ 1965 թուականի «Պաալպեքի միջազգային փառատօնիլ»ի մենակատար[1] :
իբրեւ երգարուեստի դաստիարակ եւ, մանաւանդ, իբրեւ անզուգական մեներգող եւ, յատկապէս, «Լիբանանի սոխակ» մակդիրով, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Քորտոպա, Պուէնոս Այրեսէն մինչեւ Պաղտատ եւ տակաւին շատ մը այլ քաղաքներ ու երկիրներ[1]:
Ժանէթ Գույումճեան Իլանճեան ամուսնացած է մշակութային, թատերական եւ ազգային հասարակական գործունէութեան նուիրուած Սամուէլ Իլանճեանի հետ (Ծնեալ` Խարբերդ, 1927-ին - մահացած՝ 30 Հոկտեմբեր 2020-ին, Լոս Անճըլըս ) եւ բախտաւորուած են Վանտա, Թալին եւ Սեւակ զաւակներով[2]:
«Կեանք մը երգ» կամ «A Lifetime of Music» խտասալիկը
ԽմբագրելՔանի մը օրեր առաջ, նամակատան միջոցով ստացայ գեղեցիկ նուէր մը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ հանրածանօթ մեներգչուհի Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեանի անցնող երեսունհինգ տարիներուն հրամցուցած համերգներու վաստակ-հաւաքածոն՝ երկու խտասալիկներու մէջ ամփոփուած: Ամէն մարդ պատմութիւն մըն է, ըսած են մեր մեծերը եւ չեն սխալած: Ու կար ժամանակ, որ արուեստագիտուհի Ժանէթ Գույումճեան իր ձայնով իր իսկ պատմութիւնը կերտեց՝ հպարտօրէն, նոյնքան հարազատ[1]: |
Ժանէթ Գույումճեան այդ նուիրեալներու շարքին կը պատկանի, անկասկած, որ հայ երգի երկրպագու իր ձայնով ու տաղանդով տասնամեակներ շարունակ ծաղկեցուց ու շէնցուց բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ աշխարհի ամէն կողմ, հայ եւ օտար բեմերէն, միշտ արժանանալով վաստակաւոր տիտղոսներու, պարգեւներու եւ մրցանակներու: Կը կարծեմ, որ իր ձիրքին եւ ընդունակութեան կողքին, որոնք զինք նաեւ հասցուցին բարձր պատուին ու վերելքին, իր մօտ կային նաեւ անդադրում աշխատանք, յարատեւ ճիգ ու ձգտում, որոնց շնորհիւ արժեցուց աստուածապարգեւ ու բնածին իր տաղանդը[1]: |
2013 թուականին լոյս տեսաւ Ժանէթ Գույումճեան Իլանճեանի «Կեանք մը երգ» կամ «A Lifetime of Music» խտասալիկ ալպոմը, որ իր Երկու գեղեցիկ խտասալիկներուն հետ, որոնք կը բովանդակեն 33 մեներգներ, կան նաեւ իր կենսագրութիւնը եւ տարիներու յայտագիրներու հարուստ երգացանկը, որոնց շնորհիւ ընթերցողը կ՛առաջնորդուի աւելի մօտէն ճանչնալու Ժանէթ Գույումճեան արուեստագիտուհիին՝ հայ երգի վաստակաշատ այս նուիրեալին[1]:
Առաջին խտասալիկը կը բովանդակէ 23 երգեր՝ Կոմիտասէն, Բ. Կանաչեանէն, Ա. Պատմագրեանէն, Հ. Պէրպէրեանէն, Տոլուխանեանէն, Է. Յովհաննէսեանէն Պ. Ճելալեանէն, Ե. Պալիկեանէն, Է. Միրզոյեանէն, Ա. Յովհաննէսէն եւ Կ. Զաքարեանէն, իսկ երկրորդը 10՝ Պախէն, Ռոսինիէն, Վերտիէն, Չայքովսքիէն եւ Պեթհովենէն ստեղծագործութիւններ[1]:
ՀԲԸ Միութեան Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան ֆոնտ
ԽմբագրելԲացատրողական գրքոյկէն կը պարզուի,«Ստեղծուած է ՀԲԸ Միութեան Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան ֆոնտ, եւ այս նպատակին համար կատարուած նուիրատուութիւններու հասոյթը պիտի յատկացուի այն երիտասարդներուն, որոնք դասական երաժշտութեան կ՛ուզեն հետեւիլ»[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 «Կեանք Մը Երգ՝ «A Lifetime of Music»- Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեանի Մեներգներու Խտասալիկ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-06-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-30
- ↑ Պարգեւատրում՝ Սամուէլ Իլանճեանի[permanent dead link]
Աղբիւրներ
ԽմբագրելArmenian Song Hayasdani Garmir Kinin Jeannette Ilandjian Kouyoumdjian[permanent dead link]
ՎԱՐԴՈՒՀԻ (ԻԼԱՆՃԵԱՆ) ԳԱՐԱՊԱՇ Archived 2017-07-12 at the Wayback Machine.