Իգնատիոս Անտիոքացի
Իգնատիոս Անտիոքացի, նաեւ՝ Իգնատիոս Աստուածազգեաց (յուն․՝ Ιγνάτιος ο Θεοφόρος), Անիտոքի եպիսկոպոս, առաքելական այր, քրիստոնեայ մարտիրոս, աստուածաբան, համաքրիստոնէական սուրբ։ Յովհաննէս առաքեալին աշակերտը։
Իգնատիոս Անտիոքացի յուն․՝ Ιγνάτιος ο Θεοφόρος | |
---|---|
| |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | svatý Ignác Bohonosec[1] եւ svatý Theophoros[1] |
Ծնած է | 35[2] |
Ծննդավայր | Սիրիա, Հին Հռոմ |
Մահացած է | 108 |
Մահուան վայր | Հռոմ, Հռոմէական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | աստուածաբան, Քրիստոնեայ հոգեւորական |
Վարած պաշտօններ | եպիսկոպոս եւ Անտիոքի պատրիարք? |
Գրած է բազմաթիւ նամակներ՝ ուղղուած քրիստոնէական տարբեր համայնքներու, որոնցմէ պահպանուած են 7-ը։ Այդ նամակներէն մէկը ուղղուած է Փոլիկարպոս Զմիւռնացիին, իսկ միւսները Եփեսոսի, Մագնեզիոյ, Տրալլայի, Ֆիլատելֆիոյ, Զմիւռնիոյ եւ Հռոմի եկեղեցիներուն։ Նշանաւոր է յատկապէս՝ քրիստոնեաներուն ուղղուած նամակը։ Լսելով, որ Հռոմի քրիստոնեաները կը ձեռնարկեն իր ազատագրման գործին, Իգնատիոս կը դիմէ անոնց եւ կը խնդրէ, որ թոյլատրեն իրեն մահանալու Քրիստոսի համար։
Հայ Եկեղեցին Իգնատիոս Անտիոքացին դասած է սուրբերու կարգին։
Նամակները
ԽմբագրելՊահպանուած են Իգնատիոսի նամակներու երեք տարբեր խմբագրութիւններ.
- Կարճ խմբագրութիւն՝ բաղկացած է վերոյիշյալ 7 նամակներէն եւ պահպանուած միայն յունարէնով։
- Երկար խմբագրութիւն բաղկացած է 13 նամակներէ եւ կը համարէ Դ. դարու խմբագրութիւն։ Պահպանուած է յունարէն բնագիրով, հայերէն եւ լատիներէն թարգմանութիւններով։
- Սիրիական խմբագրութիւն, բաղկացած է միայն երկու նամակներէ. Առ Հռոմէացիս եւ Առ Պոլիկարպոս։ Ճիշդը կը համարուի Ա. խմբագրութիւնը[3]։