Իգնատիոս Ա․ Քաքմաճեան
Իգնատիոս Ա․ Քաքմաճեան (Iknadios Kakmaciyan, 1827 Պոլիս - 1869 Պոլիս[1]), Կ․ Պոլսոյ հայոց պատրիարք:
Ընտրուած է Վանայ առաջնորդ։ Մկրտիչ Խրիմեանի առաջնորդութեամբ Վանի մօտակայ Վարագայ վանքը արեւելեան Վենետիկ դարձուցած է։ 1863-ին Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք առաջին շրջանի պատրիարքները եւ կարգ մը ամիրաներ տուժած էին նոր օրէնքէն։ Ազգային ժողովի նիստերը դադրած էին, այս պատճառով ժողովուրդը դառնացած էր Պատրիարքարանէն: Պատրիարքարանը նիւթական տագնապի մէջ ինկած էր, բայց ժողովուրդը անտարբեր էր։ Ժողովուրդը կը պահանջէ Պատրիարքին հրաժարականը եւ սահմանադրութեան գործադրութիւնը[2]։
Պուրսացի Պօղոս Պատրիարք կը ստիպուի հրաժարիլ։ Կայսր Ապտիւլ Ազիզ Ա.-ի Կառավարութիւնն ալ ամբոխը հանդարտեցնելու համար սահմանադրութեան գործադրութեան հրաման կու տայ։ Այսպիսով, երկար ատենէ ի վեր ցրուած Ընդահանուր Ժողովը կրկին կը սկսի նիստերուն եւ առաջին առիթով Պոլսեցի Իգնատիոս Ա․Քաքմաճեան 1869-ին կ'ընտրուի Թուրքիոյ Հայոց 70-րդ Պատրիարք։ Սակայն երկար չի տեւեր ընտրութեան ուրախութիւնը, որովհետեւ իր ընտրութեան հաստատումէն երեք օր ետք ան կը վախճանի։ Կը թաղուի Պէյօղլու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ[3] ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «arakelagan»։ arakelagan (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-08
- ↑ Արա Ակինեան,Հայրիկ հայրիկ, էջ 82
- ↑ «Surp Yerrortutyun Ermeni Kilisesi | 2. Bölge (Boğaz’ın Avrupa Yakası) | Türkiye Ermenileri Patrikliği |»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-13-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-07