Իրլանտայի Հայերը
Հայերը Իրլանտայի ազգային փոքրամասնութիւն են, Իրլանտայի Հանրապետութեան մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԲրիտանական կղզիներուն մէջ հայերու ներկայութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը վերաբերին վաղնջական ժամանակներուն։ Անգլիոյ հնագոյն տարեգրութեան՝ 8-րդ դարու Անգլո-սաքսոնական յօդուածներուն մէջ գրուած է. «Կղզիի առաջին բնակիչները եղած են բրիտանացիները, ովքեր եկած են Արմենիայէն եւ սկսած են բնակիլ Բրիտանիոյ հարաւին մէջ»։ Թերեւս այդ իրողութեամբ կը բացատրուի հայ-գէլտական մշակութային նմանութիւնները, խաչքարերու առկայութիւնը Իրլանտայի մէջ։ Ուշագրաւ է, որ իրլանտական եկեղեցւոյ ծիսակարգը կը կատարուի հայերէն եւ արարողութեան ժամանակ Աստուծմէ բարօրութիւն կը խնդրեն նաեւ Հայաստանի համար։ Բացի այդ, Իրլանտան ու Հայաստանը ընդհանուր գիծեր ունին յատկապէս Սփիւռքունենալու փաստով. իրլանտական 80 միլիոննոց սփիւռքը, ինչպէս [[Հայասանգլերէն՝ տան]]ի պարագային, շուրջ 13 անգամ կը գերակշռէ Իրլանտայի մշտական բնակչութեանը։
Հայ-իրլանտական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան լոնտոնեան գրասենեակի տեսուչ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայ համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար, մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռ Մարթին Եսայեանը։ Ներկայիս Իրլանտայի հայերը կը կազմեն 300 մարդ, որոնք կը բնակին Տուպլինի եւ Քորքի մէջ։ 2009-ին Իրլանտայի Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ պատուոյ հիւպատոսի նախաձեռնութեամբ եւ հայ համայնքի ջանքերով բացուած է կիրակնօրեայ դպրոց։ Կը քննարկուի հայկական եկեղեցի, դպրոց եւ կազմակերպութիւն հիմնել Տուպլինի մէջ։ Դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Իրլանտայի միջեւ հաստատուած են 28 Յունիս 1966-ին։ Իրլանտայի մէջ բնակող հայերը կը փորձեն կազմակերպուած համայնք ձեւաւորել։
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Իռլանտահայկական կայք
- Սուրբ Հռիփսիմէ կիրակնօրեայ դպրոցի կայք Archived 2013-04-16 at the Wayback Machine.