Լետ Զեփլին
Լետ Զեփլին, անգլիական ռոք խումբ, կազմուած է 1968 թուականի Սեպտեմբերին, Լոնտոնի մէջ։ Ճանչցուած է որպէս ժամանակի լաւագոյն խումբերէն մեկը։ Ստեղծելով սեփական ոճը (որուն համար բնութագրական ծանրեցուած են կիթառային ծաղկումը, ռիթմ-հատուածի խլացնող ձայնը, ընդգծուած վոքալը), Լետ Զեփլինը դարձաւ հարտ ռոքի առաջին խումբերէն մէկը, Հեւի մեթըլի կազմաւորման յենակէտային խումբերէն[1]։ Անոնք հանգիստ կը մեկնաբանէին ազգա-դասական եւ պլուզ-դասական ոճը, հարստացնելով այլ երաժշտական ժանրերու տարրերով։ Նոյնինքն Լետ Զեփլինն է (ըստ Allmusic), որ հրաժարելով սինկլներու թողարկումէն, ստեղծած է «ալպոմային ռոք» հասկացողութիւնը։
Խումբի պատմութիւնը
Խմբագրել1967 թուականի Յունիս 7 ին՝ Ճեֆֆա Բեկայի երթալէն ութ ամիս յետոյ, հիմնովին խախտեցաւ Տը Եարտպըրտսը(The Yardbirds)… Ճիմմի Փեյճը, որուն մնացած էր խմբաւորողի անուանումը, ինչպես նաեւ համերգներու պատասխանատուութիւնը, սկսած մենեճր Փիթեր Կրանտը-ի աջակցութենէն, մինչ այդ աշխատելով Yardbirds–ին հետ, կը հաւաքէր նոր խումբ մը։ Առաջին հրաւիրուողը Ճոն Փոլ Ճոնսն էր՝ պաս կիթառիստ, ստեղնաշարային նուագող, գործիքաւորող, ինչպես նաեւ ունէր փորձ շատ յայտնի կատարողներու հետ։ Ան կարդաց յօդուած «Տիսկօ» ամսագրին մէջ եւ կնոջ խորհուրդով զանգահարեց Փեյճին։
Վոքալի առաջին թեկնածուն Թերրի Ռիտն էր, ան խորհուրդ տուաւ Փեյճին ուշադրութիւն դարձնել Ռոպերթ Բլանտին՝ բիրմինգեան վոքալիստին, որ յայտնի էր Band of Joy/ Obs-Tweedle–ին մէջ իր մասնակցութեամբ։ Կրանտը ը եւ Փեյճը ըլլալով Ուոլսընի համերգին, գացին երգիչին մօտ, որպէսզի անոր առաջարկեն միանալ նոր կազմուող խումբին եւ ստանան իր համաձայնութիւնը։ Կիթառիստին յատկապէս շատ զարմացուցած էր «Somebody to Love» երգի կատարումը Ռոպերթ Բլանտի կողմէ։ «Այդ այն ձայնն էր, զոր ես կը փնտռէի։ Ան արդէն քանի մը տարի երգած էր եւ փորձառութեան կողմէ դեռ անյայտ էր։ «Ինչպէս կրնար այդպիսի բան ըլլալ, մինչեւ հիմա չեմ կրնար հասկնալ», կը յիշէ ան։
Փեյճի եւ Բլանտի հանդիպումը տեղի կ'ունենար Թեմզայի ափին։ Պարզուեցաւ, որ Բլանտը խորապէս գիտէր ամերիկեան պլուզը։ Փեյճին վրայ այդ տպաւորութիւն ձգեց։ Ան կը նուագէր կիթառի վրայ «Babe I’m Gonna Leave You»–ն, եւ պատմեց, որ կը ցանկար անոր մէջ մտցնել լուսաւոր եւ մութ կողմեր՝ ստեղծելով լիովին նոր բնագիր մը։
Այս ամէնէն յետոյ, անոնք արդէն տան մէջ կ'ուսումնասիրէին իրար երաժշտական հակումները՝ լսելով սիրուած ձայնագրութիւններ։
Հարուածային գործիքներու համար թեկնածուներէն էին՝ Քլեմ Քաթթինի(Clem Cattini), Էյնսլի Տոնպար(Aynsley Dunbar), Պի Ճէյ Ուիլսոնը Procol Harum–էն, Ճենիֆեր Պեյքերը C ream–էն, ինչպէս նաեւ Բաուլ Ֆրանսիսը(Paul Francis)։ Ռոպերթ Պլանի խորհուրդով ցուցակին մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ Ռետիչա Ճոն Պոնեմը։ 1968 թուականի Յուլիսին Փեյճը եւ Կրանտը տպաւորուած էին Պոնեմի կատարմամբ՝ Խեմսթոտի մէջ տեղի ունեցած Տիմա Ռոուզի համերգի ժամանակ։ Պոնեմը կը համարէր որ The Yardbirds–ը «անցած ժամանակներու խումբ է, որ չունի ապագայ»։ Ասկէ զատ, ան արդէն ունէր առաջարկ Ճոն Կոկերի եւ Կրիս Ֆարլոյի կողմէ։ Բլանտը ստիպուած եղաւ ութ հեռագիր ուղարկել ուոլսոնեան «Three Men in a Boat» գինետուն, ուր Բոնեմը մշտական յաճախորդ էր։ Քառասուն հեռագիր այնտեղ ուղարկեց նաեւ Կրանտը։ Վերջնական որպէս արդիւնք, Բոնեմը ընդունեց առաջարկը, որոշելով, որ նոր երաժշտութիւնը որ աւելի հետաքրքիր կրնայ ըլլալ, քան այն ժամանակուան Կոկերի եւ Ֆարլուի կատարումները։
Անոնց առաջին փորձը եղաւ բնակարանի մը փոքր սենեակի մը մէջ։ Փեյճը առաջարկեց սկիզբի համար նուագել «Train Kept A-Rollin'»–ը՝ Yardbirds–ի Ճոնի Բեորտետայի յայտնի տարբերակէն։ Ճոն Փոլ Ճոնսը կը յիշէ, որ միասին անոնք կարճ ժամանակի մէջ դարձան մէկ ամբողջութիւն։ Kerrang ամսագիրը անոնց առաջին փորձին մասին այսպէս կը գրէ.-
The New Yardbirds
ԽմբագրելԱռաջին փորձէն երեք շաբաթ յետոյ, 1968 թուականի Սեպտեմբերի 7-ին, The New Yardbirds անուամբ տուաւ իր առաջին համերգը Gladsaxe Teen ակումբին մէջ։
Led Zeppelin
ԽմբագրելThe Who խումբի հարուածային գործիքներ նուագող Կիտ Մունը կը համարուի խումբի անուան ստեղծման ակամայ հեղինակ, որ «կապար» էր՝ ան յետագային վերանուանուեցաւ Փէյճի կողմէ Led Zeppelin։ Lead բառին «a» տառը ջնջուած է Փիթր Կրանտը-ի առաջարկով, որպէսզի «յիմար ամերիկացիները» խումբի անուանումը չկարդան Լիդ Զեփելին։
Համաձայնագիր Atlantic-ի հետ
Խմբագրել1968 թուականի Հոկտեմբերի 15 ին կու տայ իր առաջին համերգը Գիլֆորտի Սարյեր կոմսութեան համալսարանին մէջ, այս մէկուն համար ստանալով 150 ֆունտ սթեռլին։ 1968 թուականի Նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ Փիթեր Կրանտը-ը ստացաւ $200,000 աւանդ։ Ճիմի Փէյճը կը յայտնէ, որ Atlantic-ը կը ցանկար հրապուրել զիրենք։ Ան կ'ըսէր, որ Atlantic-ը շատոնց կը հետեւէր իրեն, դեռ Yardbirds-ի ժամանակէն, այդ պատճառով ալ իրենցմով մէկ անգամէն հետաքրքրուեցան։ Սակայն Փէյճը չէր փափաքեր Atlantic-ի առաջարկած խումբերուն միանալ, քանի որ ան կը ձգտէր ստեղծել աւելի դասական գործեր։
Առաջին ամերիկեան շրջագայութիւնը
ԽմբագրելՓիթըր Կրանտըը որոշեց, որ խումբը անպայման պէտք էր ելոյթ ունենար Ամերիկայի մէջ։ Դեկտեմբեր 23-ին Կոուլը Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ խումբին հետ եւ որոշուեցաւ կազմակերպել համերգներ հանրայայտ ակումբներու մէջ։ Դեկտեմբեր 26-ին անոնք օրինական սկիզբ ունեցան ամերիկեան Տենվերէօ հարթակին վրայ՝ Գոլորատոյի մարզին մէջ։
1969-1980
ԽմբագրելԱշխատանքները սկզբնական ալպոմներու վրայ սկսան 1968 թուականին Olympic Studios սթուտիային մէջ, երբ խումբը դեռ The New Yardbirds կը կոչուէր։ Բլանտի համար այդ առաջին լուրջ ձայնագրումն էր։ The New Yardbirds-ի ալպոմին մէջ առկայ էին երկու ստեղծագործութիւններ ՝ «Dazed and Confused», «How Many More Times», «Babe I’m Gonna Leave You» առաջարկուած Բլանտի կողմէն։
Ալպոմը, որն ուղղակի կոչուեցաւ Led Zeppelin, հրապարակուած է 1969 թուականի Յունուար 17-ին ԱՄՆ-ի մէջ եւ Մարտի 28-ին Միացեալ Թագաւորութիւններուն մէջ։
{{քաղուածք|
Ոչ սկիզբը և ոչ ալ յետագային, ոչ-ոք կրնար համեմատուիլ Ջիմի Փէյճի հետ։ Այդ ան էր, որ ստիպեց Ջոնա Բոնեմին այդպէս հրաբխային նուագել, օգնեց Պլանտի վոգալի, որ կարծես դուրս կու գար Օլիմփիայէն։ Կարեւորն այն է, որ Փէյճը վիրտուոզ մանուպուիացիա կ'ընէր կիթառներու հնչողութիւնն այնպէս, որ անոնք կը փոխէին իրենց գոյները քամելիոնի պէս։ — Guitar World, 1993 |
Խումբի երաժշտական ուղեղը դարձաւ Ճիմի Փէյճը, որ արդէն Yardbirds-ի ժամանակէն ունէր հետաքրքրական միտքեր։ Փէյճը կը յիշէ, որ Yardbirds-ի ժամանակ բեմին վրայ նուագելու շատ միտքեր կ'առաջանային եւ ինքը անընդհատ կը ստեղծէր նոր միտքերու օրագիր, որոնք յետագային օգտագործուեցան Zeppelin-ի մէջ։ Սակայն հին միտքերուն հետ կ'առաջանային նորերը։ Կը ստեղծուէր երաժշտութիւն, ուր կը միաւորուէր բլիւզը, ռոքը, ծանր ռոքը եւ աքուստիկեան երաժշտութիւնը, որուն մէջ պիտի ըլլային բազմաթիւ գոյներ։ Փէյճը անընդհատ փորձարկումներ կ'ընէր երաժշտութեան հետ, ինքզինք դրսեւորելով որպէս խումբին արտադրիչը՝ ինքնուրոյն ստեղծելով Led Zeppelin-ի իւրայատուկ հնչողութիւնը, ստեղծելով եւ համալրելով կեանքը նորանոր սթուտիոյի էֆֆէքթներով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2009-02-21-ին։ արտագրուած է՝ 2009-02-21